Երեքշաբթի՝ 6 Փետրուարին, թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք Խաչերեան եւ Ազգային Վարչութեան պատուիրակութիւն մը, բաղկացած՝ ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեանէ, ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեանէ եւ անդամ պրն. Սերգօ Յարութիւնեանէ, պաշտօնական այցելութիւն տուին Յունաստանի խորհրդարան։ Խորհրդարանի նախագահութեան կողմէ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը եւ Ազգային Վարչութեան պատուիրակութիւնը պաշտօնապէս ընդունուեցան խորհրդարանի փոխ-նախագահ պրն. Նիքիթաս Քաքլամանիսի եւ շուրջ տասը տարբեր կուսակցութիւններու պատկանող երեսփոխաններու կողմէ։
Իր ընդունելութեան խօսքին մէջ, խորհրդարանի փոխ-նախագահը խորհրդարանի կողմէ բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ շնորհաւորեց զինք՝ գաղութի Առաջնորդի պաշտօնին ստանձման առթիւ։ Անդրադարձաւ յոյն եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր եղբայրական կապերուն։ Արտայայտեց յոյն ժողովուրդի եղբայրական զգացումները, յունահայ գաղութի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի հանդէպ։ Այս զգացումներու արտայայտութեան արդիւնքն էր նաեւ 1996 թուականին յունական խորհրդարանի միաձայնութեամբ օրէնքի քուէարկումով պաշտօնապէս ճանաչումը Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած եւ գործադրուած Հայոց Ցեղասպանութեան։ Յայտնեց, որ քաղաքական գետնի վրայ կապեր կան գաղութին հետ, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստան-Յունաստան միջ-պետական յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, փոխադարձ գործակցութեան եւ բարի կամեցողութեան մթնոլորտի մէջ, բոլոր մարզերէն ներս։ Փակելով իր ողջոյնի խօսքը՝ պրն. փոխ-նախագահը անգամ մը եւս շնորհաւորեց Սրբազան Հայրը իր պաշտօնի ստանձման առթիւ եւ անոր ներկայութիւնը միշտ ընդունելի նկատեց յունական իրականութենէն ներս։
Խօսք առնելով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական ընդունելութեան համար։ Ուրախութեամբ եւ յուզումով ստանձնեց թեմի առաջնորդի պաշտօնը, մանաւանդ որ ինք տարիներով պաշտօնավարած է իբր հոգեւոր հովիւ Թեսաղոնիկէի գաղութի մէջ, ինքզինք կը զգայ հարազատ մթնոլորտի մէջ՝ քանի հպարտ է, որ ունի յունական հպատակութիւն, վկայեալ է Արիսթոթէլիօ համալսարանի աստուածաբանական ճիւղէն եւ լայն ծանօթութիւններ ունի գաղութէն ներս։ Բարձր գոհունակութիւն կը զգայ՝ գտնուելով հանրապետութեան եւ քաղաքակրթութեան օրրան Յունաստանի մէջ։ Յունահայերը իբրեւ երկրի քաղաքացի լրիւ կը կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները եւ պարտաւորութիւնները։ Յունաստան պատմութեան ընթացքին խիստ կարեւոր եւ եղբայրական երկիր մը եղած է հայութեան համար։ Յունական եկեղեցւոյ եւ կղերականներու հետ գործակցւթիւնը առկայ է եւ կը զարգանայ փոխադարձ յարգանքի եւ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս յայտնեց, որ մենք զմեզ օտար չենք զգար Յունաստանի մէջ, այլ՝ կը զգանք իբրեւ երկրին անբաժանելի մասնիկը։
Յաջորդաբար խօսք առին յոյն երեսփոխանները, որոնք դրուատիքով անդրադարձան յունահայութեան հասցէին, իրենց անձնական ծանօթութիւններէն մեկնելով եւ ընդհանրապէս տեղեակ ըլլալով գաղութի գործունէութեան։ Յատկապէս յիշատակելի է Հայաստան-Յունաստան միջ-խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ տիկ Էլէնի Սթամաթաքին, որ անձնական ծանօթութիւններ ունի գաղութի ազգայիններու հետ եւ ներկայ գտնուած է «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս վարժարանի հանդիսութեան եւ ձեռնարկներու։
Ուղղափառ միջ-եկեղեցական յանձնախումբի նախագահ պրն Անտրէաս Միխայիլիտիս իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այցելած է Անթիլիաս եւ հիացումով անդրադարձաւ Անթիլիասի կառոյցին եւ Վեհափառի անձնաւորութեան մասին։
Աւարտին խօսք առնելով՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան բացատրեց թեմի երեսփոխանական ժողովի կառոյցը, թէ՝ թեմակալ առաջնորդի ընտրութիւնը կը կատարուի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին կողմէ եւ լաւագոյն ընտրութիւնը կատարուեցաւ յանձին Գեղամ Արքեպիսկոպոսի, որ յունական հպատակութիւն ունենալով՝ Յունաստանի եւ յունահայ գաղութի համար յարմարագոյն անձնաւորութիւն է, տրուած ըլլալով նաեւ, որ Կիլիկիոյ Միաբանութեան լաւագոյն կղերականներէն է։ Ան անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց պաշտօնական ընդնունելութեան համար՝ աւելցնելով, որ գործակցութիւնը յունական իրականութեան հետ բոլոր մակարդակներու վրայ լաւագոյն ձեւով կ՛ընթանայ։
Այցելութեան առթիւ, խորհրդարանի փոխ-նախագահ պրն. Քաքլամանիս խորհրդարանի նախագահութեան կողմէ Առաջնորդ Սրբազանին յանձնեց ձիթենիի ծառը պատկերող յուշանուէր մը։
Հանդիպումը Յունաստանի խորհրդարանի նախագահութեան հետ
Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Վարչութեան հանդիպումը Յունաստանի խորհրդարանի նախագահութեան հետ