Եր­կու­շաբ­թի 22 ­Յու­նուար 2018ին, նա­խօ­րօք ճշդո­ւած ժա­մադ­րու­թեամբ, Ռ.Ա.Կ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը այ­ցե­լեց Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէին, իր Ա­թէն­քի գրա­սե­նեա­կին մէջ։
Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով վեր­ջերս ընտրո­ւած Ռ.Ա.Կ.ի վար­չա­կան կազ­մը, հան­դի­պու­մը ծա­նօ­թաց­ման բնոյթ ու­նէր։
Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի կող­մէ բա­րի գալս­տեան եւ յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ ար­տա­յայ­տո­ւե­ցան, մաս­նա­ւո­րա­բար Ռ.Ա.Կ.ի նո­րըն­տիր Շրջ. ­Վար­չու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ծաւալ­ման եւ ամ­րապնդ­ման շրջա­գի­ծէն ներս, ի խնդիր յու­նա­հայ գա­ղու­թի հար­ցե­րու դի­մագ­րաւ­ման յա­ջո­ղու­թեան։
Իր կար­գին, Ռ.Ա.Կ.ի Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը իր գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նեց հան­դիպ­ման եւ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար։
Սի­րա­լիր եւ փո­խա­դարձ ըմբռնու­մի մթնո­լոր­տին մէջ կա­յա­ցած ­խօ­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին, ա­ռի­թը ե­ղաւ քննե­լու ազ­գա­յին հարցե­րուն հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ո­լոր­տը՝ գա­ղու­թա­յին մի­ջո­ցա­ռումնե­րու ծի­րէն ներս եւ յատ­կա­պէս հա­մա­հայ­կա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նեցող հար­ցե­րուն մա­սին։ ­Շեշ­տո­ւե­ցաւ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը՝ յա­ջոր­դա­կան հանդի­պում­նե­րու ճամ­բով զար­գաց­նե­լու­ եր­կու ա­ւան­դա­կան կու­սակ­ցու­թեանց ­մի­ջեւ գոր­ծակ­ցա­կան ո­գին, ինչ­պէս նաեւ հա­սա­րա­կաց խնդիր­ներ ու քննար­կու­մի ձե­ւա­ւոր­ման ճամ­բով, ծրա­գիր­ներ մշա­կե­լու անհ­րա­ժեշտու­թիւ­նը։