1 Նոյեմբեր 2017ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Սէուտական Արաբիոյ իշխանութեան ներկայացուցիչ եւ Վիեննայի մէջ հաստատուած՝ «Ապտալլա Բ. թագաւորի անուան կեդրոն»ի տնօրէն դոկտ. Ֆէյսալ Պըն Մուամմար, ընկերակցութեամբ՝ ութ անձերէ բաղկացած բարձրաստիճան պատուիրակութեան մը: Նշենք, որ դոկտ. Մուամմար նախապէս դիւանապետն էր Ապտալլա Բ. թագաւորին եւ ապա նշանակուեցաւ Վիեննայի մէջ թագաւորին կողմէ հինգ տարիներ առաջ հաստատուած «Կրօններու, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան միջազգային կեդրոն»ին: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առնչուած այժմէական հարցեր եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ կրօնական ղեկավարներու միջեւ երկխօսութեան ու գործակցութեան հոլովոյթներ ստեղծելու կարելիութիւնները: Դոկտ. Մուամմար, որ մօտէն ծանօթ է Վեհափառ Հայրապետին, բարձր գնահատեց Արամ Ա.ի բերած նպաստը շրջանին մէջ համակեցութիւնը ամրապնդող աշխատանքներուն: Արամ Ա. Կաթողիկոս, իր կարգին, դրուատեց կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ խաղաղ գոյակցութիւնը ամրապնդելու ձգտող կեդրոնին նախաձեռնութիւնները:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԼՈՒՐԵՐ Գաղութներ Հանդիպում՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչին միջեւ
Հանդիպում՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչին միջեւ
Հանդիպում՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ ներկայացուցիչին միջեւ