Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ, Կիրակի՝ 3 Հոկտեմբեր 2021-ին, Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վաղամերիկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական երկու վաստակաւոր եղբայրներու՝ Արմանտօ Թորգոմեանի եւ Գառնիկ Մկրտիչեանի հոգեհանգստեան պաշտօնը, որ կատարեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Պարետ քհնյ. Խաչերեան։
Մամուլէն եւ համացանցէն լոյս տեսած յայտարարութեան ընդառաջելով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղերու վարչականներ, սկաուտ խմբապետներ եւ անդամներ փութացին եկեղեցի յարգելու համար յիշատակը երկու անձնաւորութիւններուն, որոնք իրենց դրոշմը ձգեցին Միութեան գործունէութեան վրայ, որպէս հաւատաւոր եւ օրինակելի ղեկավարներ։ Ներկայ եղաւ նաեւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդր. կոմիտէի անդամ ընկ. Յարութիւն Սպարթալեան։
Եկեղեցւոյ մէջ, իր ներկայութիւնը զգալի դարձուց սկաուտական պատուոյ խումբը, գլխաւորութեամբ Գոքինիոյ մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Վիգէն Մինասեանի, որ կանգնած էր երկու եղբայրներու նկարներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշին առջեւ։ Արարողութեան աւարտին հանգուցեալ եղբայրներուն կեանքին ու գործունէութեան հակիրճ անդրադարձաւ Շրջանային վարչութեան անդամ քոյր Գոհար Ալէանաքեան, որուն խօսքը կը հրատարակենք ստորեւ։
«8 օր մահաքունի մէջ մնալէ ետք, Երեքշաբթի՝ 24 Օգոստոսին, Պուէնոս Այրէսի մէջ մահացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան։ Ծնած է 8 Մարտ 1967-ին, Արժանթին։ Աւարտած է Պուէնոս Այրէսի «Մխիթարեան» վարժարանը։
Փոքր տարիքէն ան Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցած է իբրեւ գայլիկ եւ մարզիկ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ձեռնագնդակի խումբին հետ ան հասած է մինչեւ ֆետերասիոնի առաջին մակարդակի ախոյեանութիւն։
Լռակեաց, համեստ ու աշխատասէր եղբ. Արմանտօ եղած է Պուէնոս Այրէսի երիտասարդական վարչութեան ատենապետ։ Ապա, մասնաճիւղի վարչական եւ այնուհետեւ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, միշտ եւ ամէնուր դրօշակիրը հանդիսանալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային արժէքներուն եւ բարոյական սկզբունքներու։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անդամակցութեան կողքին, եղբ. Արմանտօ Թորգոմեան եղած է հաւատաւոր դաշնակցական։ Խոնարհ ու «անկեղծ զինուոր» հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին։
Իբրեւ մարզիկ եւ պատասխանատու, եղբ. Արմանտօ մասնակցած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բազմաթիւ մարզախաղերու, խորհրդաժողովներու եւ հանդիպումներու՝ իր ողջմիտ կեցուածքներով եւ շրջահայեաց մօտեցումներով արժանանալով բոլորին գնահատանքին ու յարգանքին։ Ան իր մասնակցութիւնը բերած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տասներկու Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովներէն եօթին։ 11-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովին, 2015-ին, ան ընտրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ չորս տարի ետք՝ 2019-ին վերընտրուած է քառամեայ նոր շրջանի մը համար, մաս կազմելով Կեդրոնական վարչութեան մարզական եւ երիտասարդական յանձնախումբերուն։
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքին հետ իր առաջին ծանօթութիւնը եղած է 2019-ի Մայիսին երբ որպես Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Երիտասարդական Ա. Համագումարին: Եղբօր համեստ, ընկերասէր եւ եղբայրական մօտեցումը անմիջապես հրապուրած է շրջանիս քոյրերը եւ եղբայրները:
***
Արդէն 7 ամիս առանց եղբայր Գառնիկ Մկրտիչեանի։
Անակնկալ ու անժամանակ բաժանումը, այսօր նոյնիսկ տակաւին դժուար է ընդունիլ, որ Հ.Մ.Ը.Մ. այլեւս պիտի զրկուի եղբայր Գառնիկին ոգեշնչող խօսքէն ու գործէն։
Եղբ.Գառնիկին մուտքը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիք կը կատարուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին անդամակցութեամբ։ Ան կը գործէ մասնաճիւղին եւ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպական յանձնախումբին մէջ եւ 1999-ին, միութեան եօթներորդ Պատգամաւորական Ժողովին կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ։ Չորս տարի ետք ան կը վերընտրուի եւ կը ստանձնէ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետի պաշտօնը։ Ապա, քառամեակի մը ընդմիջումէ ետք, ան կը վերընտրուի երկու շրջան եւս՝ 2011-2019, միշտ վարելով ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը, իր ծառայութեան ամբողջ տեւողութեան մնալով աշխոյժ ու կորովի ղեկավար։
Արդարեւ, եղբ. Գառնիկ իր կեցուածքներով քաջարի պաշտպանը եղաւ իր սիրած Միութեան սկզբունքներուն, զանոնք փոխանցեց յաջորդական սերունդներու՝ միշտ հաւատալով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմակերպական յարկին տակ է, որ պիտի կազմաւորուին ազգին եւ հայրենիքին համար անսակարկ նուիրուելու պատրաստ հայորդիներ։
Իբրեւ միութենական, եղբ․ Գառնիկ ունէր իր առանձնայատուկ հմայքը։ Զինք ճանչցողները կը սիրէին եւ կը յարգէին զինք, նոյնիսկ եթէ կարգ մը նիւթերու շուրջ տարակարծիք ըլլային հետը։
Եղբայր Արմանտօ, եղբայր Գառնիկ՝ ձեր բացակայութիւնը շատ զգալի է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքէն ներս: Ձեր յիշատակը անմար պիտի մնայ մեր մտքերուն եւ սրտերուն մէջ:
Բիւր յարգանք ձեր անմոռաց յիշատակին»։
Եկեղեցական արարողութենէն յետոյ, ներկայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ կից գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան ժողովասրահը, ուր հոն եւս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ երկու հանգուցեալ ծառայողներու յիշատակին։
ԹՂԹԱԿԻՑ