Հայ ժողովուրդը ուրոյն տեղ եւ արժանաւո՛ր դիրք գրաւած է շարժանկարի արուեստի աշխարհին մէջ։ Հակառակ իրեն վիճակուած միջոցներու եւ հնարաւորութիւններու սահմանափակումին, խորհրդային ժամանակներէն իսկ, հայկական տաղանդը յաջողած է շարժանկարի մնայուն արժէքներ երկնել եւ մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած գեղարուեստական բարձրորակ ժապաւէններ նուաճել։
Նաեւ՝ միջազգային տարողութեամբ ու հռչակով հայկական տաղանդներ բարձունքի հասած են շարժանկարի աշխարհին մէջ։ Ունինք ոչ միայն աշխարհահռչակ դերասաններ, այլեւ՝ մեծանուն ու տաղանդաշատ բեմադրիչներ ու շարժանկարի արտադրիչներ։
Այս վերջիններու սակաւաթիւ փաղանգին մէջ իր մնայուն տեղն ու արժէքը հաստատած է աշխարհահռչակ հեղինակ, բեմադրիչ եւ շարժանկարի արտադրիչ Աշոտ Մալաքեան, որ Հանրի Վերնէոյ անունով փայլեցաւ նախ ֆրանսական, ապա եւ ամերիկեան ու միջազգային շարժանկարի աշխարհին մէջ։
Այսօր՝ Յունուար 11ին, կը լրանայ մահուան 15րդ տարելիցը շարժանկարի աշխարհին բազմատաղանդ հայ վարպետին, որ միշտ հպարտութեամբ տէր կանգնեցաւ հայու իր ինքնութեան ու պատկանելութեան։ Աւելի՛ն. իր ստեղծած շարժանկարի ժապաւէններուն մէջ ոչ միայն յաճախակի զգալի դարձուց ազգային իր արմատներն ու յիշողութիւնը, այլեւ՝ 1991ին պաստառ բարձրացուց «Մայրիկ» անուն իր ժապաւէնը (հիմնուած հայու եղերական ճակատագիրը ներկայացնող իր համանուն վէպին վրայ), աշխարհի չորս ծագերուն միլիոնաւորներու ուշադրութիւնը հրաւիրելով թրքական պետութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանական մեծ ոճիրին վրայ։
Աշոտ Մալաքեան հայ ծնողներու զաւակ էր եւ ծնած էր արեւելեան Թրակիոյ Ռոտոսթօ քաղաքը՝ 15 Հոկտեմբեր 1920ին։ Մալաքեան նորածին մանուկ էր, երբ քեմալական խժդժութիւններէն խոյս տալով՝ ծնողքը ապաստանեցաւ Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքը, ուր կազմաւորուեցաւ Աշոտ Մալաքեանի տարագիր հայու ներաշխարհը։
Մանկութեան այդ տարիներու եւ կեանքի դժուարութեանց յիշողութիւնը միշտ վառ մնաց արուեստի նկատմամբ մեծ սէր ունեցող, յատկապէս բեմական արուեստի շնորհներով օժտուած սփիւռքահայ առաջին սերունդի այս հարազատ ու արժանաւոր ներկայացուցիչին մէջ։ Մանկութեան այդ տարիներուն ներշնչումով գրեց իր «Մայրիկ» վէպը, որուն համանուն ժապաւէնը աշխարահռչակ դերասաններով 1991ին մեծ պաստառ բարձրացուց, իսկ տարի մը ետք պատկերասփիւռի լայն ժողովրդականութեան արժանացած 25 բաժիններով շարքի վերածեց «Մայրիկ»ը։
Մալաքեան սկզբնապէս ճարտարագիտութիւն ուսանեցաւ Էքս-Ան-Փրովանսի մէջ, 1943ին։ Ուսման աւարտին իր բախտը փորձեց լրագրութեան մէջ։ 1946ին շարժանկարի քննադատ դարձաւ Մարսէյլի ձայնասփիւռի կայանին մէջ։ Իսկ 1947ին յղացաւ շարժանկարի իր առաջին ժապաւէնին ծրագիրը, որուն իրագործման համար դիմեց հռչակաւոր կատակերգակ Ֆերնանտէլին։
Ֆրանսացի մեծ կատակերգակը խանդավառուեցաւ արդէն Հանրի Վերնէոյ անուանակոչուած հայ բեմադրիչին առաջարկով եւ, այդպէ՛ս, սկսաւ ոչ միայն Մալաքեանի շարժանկարային ասպարէզը, այլեւ՝ Հանրի Վերնէոյի երկարամեայ գործակցութիւնը Ֆերնանտէլի հետ։
Հանրի Վերնէոյի ժապաւէնները արագօրէն յաջորդեցին իրարու եւ գրաւեցին ֆրանսացի հանդիսատեսին ուշադրութիւնն ու լայն համակրանքը։
Վերնէոյի երկարամեայ ասպարէզին մէջ գլխաւոր ոստումի հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ 1950ականներուն, երբ միջազգային տարողութեամբ ֆրանսացի մեծ դերասան Ժան Կապէնի հետ Վերնէոյի գործակցութիւնը սկսաւ։ Կատակերգական թէ արկածախնդրական ժապաւէնները յաջորդեցին իրարու եւ շարժանկարի հայ վարպետը արժանացաւ տնտեսական շռնդալից յաջողութիւններու, որոնք Վերնէոյի առջեւ բացին թէ՛ ինքնադրսեւորման ու ինքնահաստատման լայն հորիզոններ, թէ՛ ամերիկեան եւ միջազգային շարժանկարի աշխարհ դուրս գալու հնարաւորութիւններ։
Աւելի քան յիսուն հանրածանօթ շարժանկարի ժապաւէններ ստեղծեց Վերնէոյ։ Մնայուն գործակցութիւն ունեցաւ նաեւ Ժան-Փօլ Պելմոնտոյի, Իվ Մոնթանի եւ Էնթընի Քուինի տարողութեամբ մեծ դերասաններու հետ։ Իր հռչակաւոր ժապաւէններուն սոսկ թւումը կը պահանջէ յուշատետրի առանձին էջ մը, բայց անպայման յիշատակութեան արժանի են իր գրած, բեմադրած ու արտադրած Le Fruit defendu, 1952ին, Le Mouton a cinq patte 1954ին, Maxime 1958ին, Melodie en sous-sol 1963ին, La Vingt-cinquieme heure 1967ին, La Bataille de San Sebastian 1968ին, Le Clan des Siciliens 1969ին, Le Serpent 1973ին, I comme Icare 1979ին եւ միւս ժապաւէնները։
Տասնամեակներու վրայ երկարած իր տաղանդաշատ աշխատանքին եւ ստեղծած արժէքաւոր գործերուն առ ի գնաhատանք, 1996ին, Աշոտ Մալաքեան արժանացաւ «Կեսար» Պատուոյ մրցանակին, որ հանդիսացաւ պսակումը առանձին ժապաւէններու առիթով իր ստացած եւրոպական, ամերիկեան թէ միջազգային բազում մրցանակներուն։
Բայց յատկապէս «Մայրիկ»ը հանդիսացաւ կարապի երգն ու միանգամայն պատգամը շարժանկարի աշխարհին հայ մեծ վարպետին՝ Հանրի Վերնէոյի բեղուն ժառանգութեան, որուն հիման վրայ Աշոտ Մալաքեան արժանաւորապէս իր անմահութիւնը նուաճեց հայոց սերունդներու յիշողութեան մէջ։
Խոնրահելով վաստակին առջեւ Հայկեան Տաղանդի աշխարհահռչակ շարժանկարի բեմադրիչին՝ ընթերցողին ուշադրութեան կը ներկայացնենք Վերնէոյի սրտէն բխած հայ մարդու սրտառուչ խոստովանութիւնն ու վկայութիւնը, որ միանգամայն կրնա եւ անոր պատգամը նկատուիլ.-
«Ջա՜ն: Ի՜նչ գեղեցիկ բառ է: Միթէ ես կարող եմ ասե՞լ «Բերգման ջան», «Միտերան ջան» կամ «Բելմոնդօ ջան»… Իսկ ահա Ազնաւուրին կարող եմ՝ Ազնաւուր ջա՜ն»:
«Հրաժարուել արմատներից՝ նշանակում է հրաժարուել ինքդ քեզնից»:
Հանրի Վերնէոյ
Հանրի Վերնէոյ (Աշոտ Մալաքեան, 1920-2002). Շարժանկարի աշխարհահռչակ հայ բեմադրիչը Ն.