24 ­Յու­նո­ւա­րին ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ ­Կա­րէն ­Կա­րա­պե­տեան պաշ­տօ­նա­պէս այ­ցե­լեց ­Ռու­սիա, ուր տե­սակ­ցե­ցաւ ­Ռու­սիոյ վար­չա­պետ Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տե­ւի հետ, ա­պա՝ կա­յա­ցաւ ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով հան­դի­պում, եր­կու եր­կիր­նե­րու պաշ­տօ­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թեամբ:
Քն­նար­կո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սիոյ հա­մար կա­րե­ւո­րու­թիւն ներ­կա­յաց­նող տար­բեր հար­ցեր:
­Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ւան­դա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն բա­ցի, կող­մե­րը քննար­կած են նոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայն­ման նոր թափ հա­ղոր­դե­լու, ռու­սա­կան դրա­մագ­լու­խը միա­ցեալ նա­խա­գի­ծե­րու մի­ջո­ցաւ հա­յաս­տա­նեան գոր­ծա­րա­րու­թեան մէջ ներգ­րա­ւե­լու հար­ցեր: Եր­կու եր­կիր­նե­րու կա­ռա­վա­րու­թեանց ղե­կա­վար­նե­րը, իբ­րեւ օ­րա­կար­գա­յին ա­ռանց­քա­յին կէ­տեր, ա­ռանձ­նա­ցու­ցած են միա­ցեալ ներդ­րու­մա­յին նա­խա­գի­ծե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը եւ Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թեան ձե­ւա­չա­փով ա­ռեւտրա­կան-տնտե­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ամ­րապն­դու­մը:Ընդ­լայ­նո­ւած ձե­ւա­չա­փով հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին յա­տուկ կեր­պով քննար­կո­ւած է հայ­կա­կան կող­մին ա­ռա­ջար­կը` հայ-ռու­սա­կան ներդ­րու­մա­յին հիմ­նադ­րամ հիմ­նե­լու վե­րա­բե­րեալ, ինչ որ կա­րե­լիու­թիւն պի­տի տայ տնտե­սա­ւո­րե­լու ­Հա­յաս­տա­նի հա­մար ա­ռաջ­նա­հերթ նկա­տուող տնտե­սա­կան ճիւ­ղե­րը: ­Ռու­սա­կան կող­մը ա­ռա­ջար­կը դրա­կան նկա­տած է: ­Կող­մե­րը անդ­րա­դար­ձած են նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ` Ի­րա­նի հետ սահ­մա­նա­կից հա­տո­ւա­ծին մէջ, ա­զատ տնտե­սա­կան գօ­տիի ստեղծ­ման եւ ա­նոր մէջ ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեան:
­Ռու­սիոյ վար­չա­պե­տը կա­րե­ւոր նկա­տած է ա­ռա­ջար­կը եւ կար­ծիք յայտ­նած, որ ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը այդ հար­ցին մէջ հե­տաքրք­րու­թիւն պի­տի դրսե­ւո­րեն:
­Հան­դիպ­ման ծի­րին մէջ անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւած է նաեւ վար­ձա­կա­լու­թեամբ կամ այլ հի­մունք­նե­րով ­Հա­յաս­տա­նին գիւ­ղատն­տե­սա­կան սար­քա­ւո­րում­ներ տրա­մադ­րե­լու հար­ցին, կա­րե­ւոր նկա­տո­ւած է նաեւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան մար­զին մէջ միա­ցեալ ձեռ­նար­կու­թիւն­նե­րու հիմ­նադ­րու­թեան գա­ղա­փա­րը: ­Պաշ­տօ­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն­նե­րու ընդ­լայ­նո­ւած կազ­մով հան­դիպ­ման ա­ւար­տին, ստո­րագ­րո­ւած են ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Ռու­սիոյ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման վե­րա­բե­րող փաս­տա­թուղ­թեր:
­Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տեւ հաս­տա­տած է, որ ­Ռու­սիա եւ ­Հա­յաս­տան պի­տի վեր­լու­ծեն ներդ­րու­մա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հիմ­նադ­րամ ստեղ­ծե­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը: «­Մենք քննար­կած ենք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շարք մը ուղ­ղու­թիւն­ներ, ի հար­կէ նաեւ ներդ­րու­մա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը: ­Կայ գա­ղա­փար այդ նպա­տակ­նե­րու ի­րա­կա­նաց­ման հա­մար ստեղ­ծե­լու հիմ­նադ­րամ մը: ­Մենք պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած ենք, որ­պէս­զի յանձ­նա­րա­րենք ճիւ­ղա­յին գե­րա­տես­չու­թիւն­նե­րուն՝ վեր­լու­ծե­լու նման հիմ­նադ­րա­մի ստեղծ­ման կա­րե­լիու­թիւ­նը ներդ­րու­մա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ եւ, վստա­հա­բար, տնտե­սա­ւոր­ման աղ­բիւր­նե­րու հայ­թայթ­ման»,- յայ­տա­րա­րած է Հ.Հ. վար­չա­պե­տը:

­Հա­յաս­տան եւ­ Ռու­սիաստորագ­րած են միջ-կա­ռա­վա­րա­կան չորս փաս­տա­թուղթ

Այս ծի­րին մէջ ստո­րագ­րո­ւած է երկ­կողմ չորս փաս­տա­թուղթ, ո­րոնց կար­գին` քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ա­ռանց այ­ցա­գի­րի փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու դրու­թիւն որ­դեգ­րե­լու մա­սին: Աս­կէ ետք ­Ռու­սիոյ եւ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պի­տի կա­րե­նան փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­ներ կա­տա­րել քա­ղա­քա­ցիա­կանն անձ­նա­գիր­նե­րով: ­Ռու­սիոյ վար­չա­պետ Տ­միթ­րի ­Մետ­վե­տեւ այս առն­չու­թեամբ ը­սած է.- «­Շատ կա­րե­ւոր է երկ­կողմ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան մար­դա­սի­րա­կան տո­ւեա­լը, մեր քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ու­ղիղ կա­պե­րու ընդ­լայ­նու­մը: Այ­ցե­լու­թեան ծի­րին մէջ հա­մա­ձայ­նե­ցանք, որ մեր երկ­րի քա­ղա­քա­ցի­նե­րը պի­տի կա­րե­նան ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լել ներ­քին անձ­նա­գիր­նե­րով, ո­րուն առն­չու­թեամբ փաս­տա­թուղթ ստո­րագ­րո­ւե­ցաւ: Ա­տի­կա պի­տի ամ­րապն­դէ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­ւոր մար­զե­րու մէջ»:
­Բա­ցի ատ­կէ, ­Ռու­սիոյ ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան եւ ա­ռեւ­տու­րի ու ­Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան զար­գաց­ման եւ ներդ­րում­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեանց մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած են հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր եւ 2016-2021 թո­ւա­կան­նե­րու միջ-շրջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գիր: ­Հա­յաս­տա­նի ու­ժա­նիւ­թի են­թա­կա­ռու­ցո­ւածք­նե­րու եւ բնա­կան պա­շար­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան եւ «­Ռո­սա­թոմ»ի մի­ջեւ ստո­րագ­րո­ւած է հիւ­լէա­կան անվ­տան­գու­թեան մար­զին մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան բարձ­րաց­ման եւ տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան փո­խա­նակ­ման մա­սին ար­ձա­նագ­րու­թիւն:
­Մամ­լոյ միա­ցեալ ա­սու­լի­սի մը ըն­թաց­քին ­Ռու­սիոյ վար­չա­պե­տը հաս­տա­տած է, որ քննար­կում­նե­րը, ինչ­պէս միշտ, ե­ղած են կա­ռու­ցո­ղա­կան, յա­գե­ցած եւ բա­րե­կա­մա­կան, ինչ որ պի­տի օգ­նէ լու­ծե­լու բա­զում խնդիր­ներ, մա­նա­ւանդ որ այս տա­րի կ­՛ամ­բող­ջա­նայ եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու 25ա­մեա­կը: Ըստ ա­նոր, ­Ռու­սիան ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին տնտե­սա­կան հիմ­նա­կան գոր­ծըն­կերն է, հա­կա­ռակ տար­բեր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եւ վե­րի­վայ­րում­նե­րուն, փո­խա­դարձ ա­ռեւտ­րա­կան շրջա­նա­ռու­թեան ցու­ցա­նիշ­նե­րը բա­ւա­կան լաւ կը մնան:
­Նա­խորդ տա­րի այդ թի­ւը ա­ւե­լի քան 1 մի­լիառ տո­լար էր: Ան անդ­րա­դար­ձած է այն հան­գա­ման­քին, որ նա­խորդ տա­րի շատ ա­ւել­ցած է ­Հա­յաս­տա­նէն սննդամ­թեր­քի նե­րա­ծու­մը, ինչ որ կա­պո­ւած է ­Հա­յաս­տա­նի Եւ­րա­սիա­կան Տն­տե­սա­կան ­Միու­թիւն մտնե­լուն: «­Խօ­սե­լով գիւ­ղատն­տե­սութեան մա­սին, պէտք է ը­սեմ, որ հոն կայ զար­գաց­ման շատ լաւ նե­րուժ` ո՛չ միայն ապ­րանք­նե­րու կամ գիւ­ղատն­տե­սա­կան հա­մա­կար­գե­րու փո­խա­դարձ գնման, այլ նաեւ միա­ցեալ ար­տադ­րու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման տե­սան­կիւ­նէն: Այժմ կան բազ­մա­թիւ նա­խա­գի­ծեր: ­Մեր շու­կան մեծ է եւ, կը կար­ծեմ, պէտք է իբ­րեւ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն կեդ­րո­նա­նալ նաեւ այս ուղ­ղու­թեամբ:
­Մենք քննար­կած ենք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան շարք մը այլ ուղ­ղու­թիւն­ներ, նաեւ ներդ­րու­մա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը եւ այդ նպա­տա­կով յա­տուկ հիմ­նադ­րամ ստեղ­ծե­լու գա­ղա­փա­րը»,- ը­սած է վար­չա­պե­տը:
­Մետ­վե­տեւ անդ­րա­դար­ձած է կնքո­ւած հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րուն` դի­տել տա­լով, որ ա­նոնց հի­ման վրայ կա­րե­լի է կա­ռու­ցել տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը մօ­տա­կայ տա­րի­նե­րուն հա­մար:
Իր խօս­քը եզ­րա­փա­կե­լով` ան յայ­տա­րա­րած է, որ շատ գոհ է ե­ղած բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րէն, ա­նոնց ար­դիւնք­նե­րէն ու յանձ­նա­րա­րա­կան­նե­րէն, ո­րոնք տրուած են հա­մա­պա­տաս­խան կող­մե­րուն հե­տա­գայ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ա­ռի­թով` դի­տել տա­լով, որ թէեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը բա­ւա­կան լաւ մա­կար­դա­կի վրայ է, սա­կայն տա­կա­ւին զայն զար­գաց­նե­լու նե­րուժ գո­յու­թիւն ու­նի:
­Վար­չա­պետ ­Կա­րա­պե­տեան իր ռուս պաշ­տօ­նա­կի­ցին հետ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը գնա­հա­տած է կա­ռու­ցո­ղա­կան եւ բեղմ­նա­ւոր: Ըստ ա­նոր՝ կող­մե­րը քննար­կած են շարք մը ուղ­ղու­թիւն­ներ, թէ ի՛նչ ըն­թաց­քով կրնան ըն­թա­նալ ռուս-հայ­կա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ու­ղեն­շած զար­գաց­ման մար­զերն ու յստակ քայ­լե­րը:
Անդ­րա­դառ­նա­լով ստո­րագ­րո­ւած փաս­տա­թուղ­թե­րուն` ­Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պե­տը նշած է, որ ա­նոնք մեծ թափ պի­տի հա­ղոր­դեն մշա­կու­թա­յին, մար­դա­սի­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: