Հայ-ֆ­­րան­սա­կան հ­­նա­գի­տա­կան ար­շա­ւա­խում­բը պե­ղած է Ե­րե­ւա­նի ա­մէ­նէն ­հին ­փո­ղո­ցը

Ար­դէն 8րդ ­տա­րին է, Է­րե­բու­նի ամ­րո­ցին մէջ, յատ­կա­պէս ­­Խալ­դի տա­ճա­րի շրջա­կայ­քը պե­ղում­ներ ի­րա­կա­նաց­նող հայ-ֆրան­սա­կան հնա­գի­տա­կան ար­շա­ւա­խում­բը պե­ղած է Ե­րե­ւա­նի ա­մէ­նէն հին փո­ղո­ցը:

Ար­շա­ւախմ­բի հայ­կա­կան կող­մի ղե­կա­վար, «Է­րե­բու­նի» թան­գա­րա­նի գի­տաշ­խա­տող ­­Մի­քա­յէլ ­­Բա­դա­լեան լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նշեց, որ պե­ղում­նե­րու հիմ­նա­կան նպա­տա­կը տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քումն է ու­րար­տա­կա­նէն դէ­պի յե­տ­-ու­րար­տա­կան ան­ցու­մա­յին շրջա­նի մա­սին:

«­­Քա­նի մը օր ե­ղաւ, որ սկսած ենք աշ­խա­տե­լու, փո­ղո­ցը կը մաք­րենք: Ու­շագ­րա­ւը այն է, որ հաս­տա­տո­ւած են ընդ­հուպ երկ­րա­շար­ժի հետ­քեր: Մեր ֆրան­սա­ցի գոր­ծըն­կեր­նե­րը այդ հա­տո­ւա­ծին մէջ պէտք է աշ­խա­տին, որ­պէս­զի ա­ւե­լի լաւ պատ­կե­րա­ցում ու­նե­նանք թէ՛ Ն.Ք. 7րդ ­դա­րու ա­ռա­ջին կի­սուն թո­ւագ­րո­ւող երկ­րա­շար­ժի, թէ՛ ընդ­հա­նուր պատ­կե­րի մա­սին:

Փո­ղո­ցը շատ հե­տաքրք­րա­կան խճա­յա­տա­կով պա­տո­ւած փո­ղոց է: Այս­պի­սի փո­ղոց ու­րար­տա­կան այլ յու­շար­ձան­նե­րու մէջ կար­ծես թէ մենք տա­կա­ւին չենք պե­ղած: Ե­թէ Է­րե­բու­նին կը հա­մա­րենք Ե­րե­ւա­նի օր­րա­նը, ա­պա գործ ու­նինք հին Ե­րե­ւա­նի ա­մէ­նէն հին փո­ղո­ցին հետ»,- նշեց ան: «Այս աշ­խա­տան­քը շատ կա­րե­ւոր փուլ է մեր պատ­մու­թեան, հնա­գի­տու­թեան հա­մար: ­­Վեր­ջին 2 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին սկսած ենք բա­նալ ու­րար­տա­կան փո­ղոց` հե­տաքրք­րա­կան խճա­յա­տա­կով:

Իսկ երկ­րա­շար­ժը կա­րե­լի է, որ մե­զի ո­րո­շա­կի բա­ցատ­րու­թիւն տայ, թէ ին­չո՛ւ կա­ռու­ցո­ւած է ու­րար­տա­կան ­­Թէյ­շե­բաի­նի կամ ­­Կար­միր բլուր քա­ղա­քը, ո­րով­հե­տեւ ինչ­պէս գի­տենք, շատ ի­րեր Է­րե­բու­նիէն տե­ղա­փո­խո­ւած են ­­Կար­միր բլուր եւ թե­րեւս ճիշդ այդ երկ­րա­շարժն էր պատ­ճա­ռը»,- ը­սաւ ­­Մի­քա­յէլ ­­Բա­դա­լեա­ն:

Գի­տաշ­խա­տո­ղը տե­ղե­կա­ցուց, որ այս տա­րո­ւան աշ­խա­տանք­նե­րը տա­կա­ւին նախ­նա­կան փու­լի մէջ են, քա­նի մը օ­րէն կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ ա­ւե­լի յստակ տո­ւեալ­ներ հա­ղոր­դել: