Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութիւնը գեղեցիկ յղացումը ունեցաւ, այս տարի հրապարակային կերպով նշելու «Հայ Սկաուտի Օր»ը, ինչպէս նաեւ կատարելու հոգեհանգստեան պաշտօն Միութեան անդարձ մեկնած անդամներուն յիշատակին։ Նախապէս դասաւորուած ծրագիրով, սոյն նշումը միաժամանակ կատարուեցաւ Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, հաւաքելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ական արի-արենուշներ, վարչականներ եւ անդամներ, որոնք իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին եւ միաժամանակ նշեցին «Հայ Սկաուտի Օր»ը։
ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ
Գոքինիոյ «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց Պարէտ քհնյ. Խաչերեան եւ քարոզեց Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որուն հովանաւորութիւնը կը կրէր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նախաձեռնութիւնը։ Ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն. Թագւոր Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ՝ ընկ. Տիգրան Չիչէքեան, Հ.Կ.Խաչի եւ Համազգայինի Շրջ. վարչութեանց ներկայացուցիչները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան, Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղերու վարչականներն ու անդամները, ինչպէս նաեւ սկաուտ երեցներու ու աստիճանաւորներու պատուիրակութիւն մը, որոնք շարքով կանգնած էին եկեղեցւոյ մէջ որպէս պատուոյ խումբ։
Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան հայրը նախ անդրադարձաւ Վարդանանց հերոսամարտի խորհուրդին, ապա զայն կապեց «Հայ Սկաուտի Օր»ուան հետ։ Սրբազան հայրը մասնաւորապէս նշեց։
«Սրբոց Վարդանանց Զօրաւարաց տօնը յայտարարուած է «Հայ Սկաուտի Օր»։ Ինչո՞ւ արդեօք այս տօնը եւ ոչ ուրիշ մը։ Եթէ նկատի ունենանք հայ սկաուտին կատարած խոստումը որ կ’ըսէ՝ «կը խոստանամ ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ եւ ծառայել ազգիս ու հայրենիքիս¸ միշտ օգնել ուրիշին եւ գործել իբրեւ պարտականութեան գիտակից¸ արի եւ վեհանձն մարդ, հնազանդիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակաուտական դաւանանքին»¸ պիտի տեսնենք որ Վարդանանց հերոսամարտի խորհուրդն ու ոգին ներկայ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ականին մէջ՝ պահել ու պաշտպանել հայու հաւատքն¸ լեզուն ու մշակոյթը։ Առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ սկաուտական համաշխարհային շարժումին կարգախօսին վրայ¸ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը աւելցուց նաեւ ազնիւ հոգի։ Հետեւաբար, իւրաքանչիւր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարմնով առողջ ու չարքաշ¸ մտքով ողջախոհ եւ արդար եւ հոգիով վեհ ու ազնիւ հաւասարակշռուած անձն է։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական գայլիկին¸ սկաուտին ու արիին կարգախօսները՝ լաւագոյն¸ պատրաստ¸ օգնող¸ սոսկ բառեր չեն¸ այլ՝ պատուի եւ արժանապատուութեան զգացումներով նկարագիր ու ապրելակերպ»։
Սրբազան հայրը նաեւ անդրադարձաւ ծառայած ու մեկնած անդամներուն, վեր առնելով անոնց ծառայասիրութեան ոգին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաքելութեան տէր կանգնելու անոնց անշահախնդիր մատուցումը։
Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ սկաուտական մասնաճիւղի խմբապետ եղբ. Վիգէն Մինասեան, որ յայտնեց հետեւեալները։
«Խօսքիս բացումը կ’ուզեմ ընել բանաստեղծ Կոստան Զարեանի խօսքով՝ «Հայ ըլլալը կը պահանջէ մեծ ճիգ, հոգեկան կեդրոնացում, զոհաբերութեան ոգի, խոր հաւատք, եւ առաքելական մոլեռանդութիւն (այսինքն հայրենիքիդ նուիրումի համոզում): Փետրուար ամիսը իւրայատուկ է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն համար որովհետեւ կը տօնենք համաշխարային «Սկաուտի Օր»ը: Սուրբ Գէորգը նկատի առնուած է որպէս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պահապանը: Սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները, ըլլալով աւանդապահ եւ գիտակից, «Սկաուտի Օրուան» տուած են հայեցի դիմագիծ մը, եւ Սուրբ Գէորգը փոխարինուած է Սուրբ Վարդանով, վառ պահելու համար հայրենիքի եւ կրօնքի սէրը Հ.Մ.Ը.Մ.-ական պատանիի հոգիին մէջ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սկաուտութեան նպատակն է պատրաստել տիպար եւ բարոյական վեհ սկզբունքներով անձեր, որ Վարդան Մամիկոնեանի նման հաւատարիմ պիտի մնան քրիստոնէական եւ հայրենասիրական հաւատքին: Վարդան Մամիկոնեան 26 Մայիս 451 թուականին Աւարայրի դաշտը առաջնորդեց իրեն հետեւող զինուորները, եւ առանց որեւէ վախի, պատերազմեցաւ որպէսզի մեր քրիստոնէութիւնն ու հայութիւնը պահպանուի: Պատերազմեցաւ գիտնալով որ պիտի զոհուի, պատերազմեցաւ գիտնալով որ իր կողքին թիկունք կանգնող զինուորներն անգամ պատրաստ էին իրեն հետ զոհուելու: Նոյնպէս ալ Սկաուտական Խմբապետները: Միշտ պատրաստ են Սկաուտութեան համար, այս դժուար օրերուն կը դիմանան, կը բարձրանան ու կը բարձրացնեն իրենց յաջորդները: Երագոյն փողկապը իրենց վիզին հաքուած նոր սերունդներ կը դաստիարակեն: Այո, վստահ տարիները փոխուած էն, հետաքրքրութիւններն ալ նոյնպէս, բայց ահա հոս ենք, նուիրուած ենք այս հսկայ միութեան, վառ պահելով մեր հայրենասիրութիւնն ու ազգասիրութիւնը:
Հայ Սկաուտի օրուան արիթով կ’ուզեմ շնորհաւորել բոլոր քոյրերս եւ եղբայրներս, եւ կը հրաւիրեմ բոլոր ծնողները միանալու այս մեծ ընտանիքին՝ իրենց փոքրիկներուն հետ: Այս ընտանիքին, որ հաւատքն ու յոյսը կը ներշնչէ մեր ազգի եւ լեզուի գոյատեւման համար»։
ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ
Կիրակի, 27 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։30-ին, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. եւ անմահ պատարագ։ Ս. պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան։ Քարոզի պահուն, հայր սուրբը անդրադարձաւ Ս. Վարդանանց զօրավարներու պատգամին եւ անոնց թողած կտակին եւ համեմատութիւն մը ընելով այսօրուան Հայ մարզիկին, Հայ սկաուտին, Հայ միութենականին, Հայ քրոջ եւ եղբօր՝ կապեց զայն առյաւէտ մեկնած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք իրենց ամուր հաւատքով, ազնիւ ոգիով ու անխախտ յանձնառութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ջահը վառ պահեցին։
Պատարագի աւարտին, ներկայութեամբ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին եւ Տիկնանց միութեան, Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղի վարչութեան, շրջանէն ներս գործող ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ բազմութեան, տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց զօրավարներու նուիրուած նախատօնակ, ինչպէս նաեւ «Հայ Սկաուտի Օր»ուան նշում եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ ննջեցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու եւ յարգանքի տուրք մատուցելու ծառայած ու անդարձ մեկնած Միութեան անդամներուն, մարզիկներուն, սկաուտներուն, վարչականներուն եւ բոլոր սատարողներու յիշատակին։
Արարողութենէն ետք, Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան անունով, իր խօսքը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Գէորգ Պօղոսեան, ուր անդրադարձաւ Հայ սկաուտի եւ Հայ մարզիկի ու մանաւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի համար կարեւորագոյն արժէքներէն մէկուն՝ հայօրէն շնչելու, հայօրէն ապրելու եւ ապրեցնելու ոգին փոխանցել մեր նոր սերունդի զաւակներուն։
Ապա, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ սուրճի հիւրասիրութիւն։
Նախորդ օրը, Շաբաթ երեկոյեան ժամը 6։00-ին, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ նաեւ Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան եւ մարզիկներուն գաթայի կտրումը, ուր մետաղադրամը յայտնուեցաւ եղբ. Արմէն Ղուլեանի մօտ եւ ան ստացաւ վարչութեան կողմէ իր նուէրը։ Հաւաքոյթի ընթացքին, խօսք առին մասնաճիւղի ատենապետուհի քոյր Փեփի Անսուրեան, Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Գէորգ Պօղոսեան եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, որոնք բարեմաղթութիւններ կատարեցին։
Նշենք, որ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան անդամները եւ տեղական վարչութիւնը հանդիպեցան նաեւ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբի անդամներուն հետ, որոնց հետ քննուեցան սկաուտական կորիզի մը ստեղծումի հնարաւորութիւնները, որ պիտի նպաստէ շրջանի հայ երիտասարդներու առաւել աշխուժութեան Միութեան լայնածաւալ գործունէութեան մէջ։