Հինգշաբթի՝ 23 Սեպտեմբերին, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած է հայեւյունական միջխորհրդարանական հանդիպում մը, գլխաւոր նիւթ ունենալով Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի կապերու եւ գործակցութեան ոլորտը։ Ծանօթ է, որ Հայաստան ստորագրած է Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան համաձայնագիրը (Հ.Ը.Գ.Հ.) որ վաւերացուած է արդէն անդամ-երկիրներու խորհրդարաններուն կողմէ, որոնց կարգին՝ նաեւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ։
Հայկական կողմէն ներկայ եղած են Հայաստանի Ազգային ժողովի Եւրոպական ամբողջացման յանձնախումբի նախագահ Արման Եղոյեան եւ Հայաստանի Առողջապահութեան նախկին նախարար Արսէն Թորոսեան։ Յունաստանի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի հետ խորհրդանական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ Տիմիթիրս Մաքրոփուլոս, նախկին նախարարներ Մարիէթա Եանաքու եւ Եաննիս Լովերտոս, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Մանուսոս Վոլուտաքիս։
Համաձայնագիրը կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի արդիականացման համար, մասնաւորապէս` երկրի օրէնսդրական շրջանակը Ե.Մ. դրոյթներուն հետ զարգացնելու ուղղութեամբ։ Այն կը ներառնէ բարեփոխումներ օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի ոլորտներէն ներս, յատկապէս` անկախ, արդիւնաւէտ եւ հաշուետու արդարադատութեան համակարգի ներդրումով, ինչպէս նաեւ նկատի առած է պետական հաստատութիւններու պատասխանատուութեան ու արդիւնաւէտութեան զօրացման եւ կայուն, ներառական զարգացման նպաստող պայմաններու ստեղծման համար անհրաժեշտ բարեփոխումները:
Համաձայնագիրի նպատակն է նաեւ՝ քաղաքական, տնտեսական, առեւտուրի ոլորտային ուղղութիւններով նպաստել Հայաստանի բարեփոխումներու օրակարգին հետ կապուած մարտահրաւէրներու յաղթահարումին եւ մարդոց կեանքին մէջ մտցնել դրական փոփոխութիւններ։
Նշենք, որ Յունաստան կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործակցութեան ընդլայնման ջերմ պաշտպան։