Հայ մշակոյթին սրբութիւնը

0
104
ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մին
«Որք զօ­րու­թեամբ ­Հօր ի­մաս­տու­թեան էին ա­նե­ղի հաս­տա­տե­ցին զԱ­թոռ Սր­բոյն Գ­րի­գո­րի թարգ­մա­նու­թեամբ նշա­նագ­րու­թեան¸ եր­գով քաղց­րու­թեան հնչմամբ զԱս­տո­ւած օրհ­նես­ցուք»
Սր­բոց թարգ­ման­չաց շա­րա­կան
­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նա­ցոյ­ցին մէջ իւ­րա­յա­տուկ շեշտ եւ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի ­Հոկ­տեմ­բեր ամ­սո­ւան մէջ յի­շա­տա­կո­ւող ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑՆ ՄԵՐՈՑ՝ ՄԵՍՐՈՊԱՅ¸ ԵՂԻՇԷԻ¸ ՄՈՎՍԷՍԻ ՔԵՐԹՈՂԱՀՕՐՆ¸ ԴԱՒԹԻ ԱՆՅԱՂԹ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅԻ¸ ԳՐԻԳՈՐԻ ՆԱՐԵԿԱՑՈՒՈՅՆ ԵՒ ՆԵՐՍԷՍԻ ԿԼԱՅԵՑՈՒՈՅՆ տօ­նը։ Այս տօ­նը կը վե­րա­բե­րի Ս. ­Սա­հա­կի եւ Ս. ­Մես­րո­պի ա­շա­կերտ­նե­րուն¸ ո­րոնք ե­ղան ա­ռա­ջին­նե­րը¸ որ սկիզբ դրին հա­յե­րէն գրա­ւոր գրա­կա­նու­թեան ժա­ռան­գու­թեան։ Ա­նոնց­մէ վեր­ջին եր­կու­քը՝ Ս. Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցին եւ Ս. ­Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լին կը պատ­կա­նին ա­ւե­լի ուշ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի։  Ինչ որ կ’են­թադ­րէ¸ թէ  մեր ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը յե­տա­գա­յին այդ ա­նուն­նե­րը նե­րա­ռե­ցին տօ­նե­լի­նե­րու ցան­կին վրայ¸ տօ­նին ամ­բող­ջու­թեամբ մշա­կու­թա­յին նկա­րա­գիր մը տա­լու¸ հայ գրա­կու­թեան ոս­կե­դա­րու եւ ար­ծա­թէ դա­րու տի­տան­նե­րը ի մի խմբե­լով։
Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը գե­րար­զան­ցա­պէս ազ­գա­յին տօն է։ Ան էա­պէս առն­չո­ւած է հայ ժո­ղո­վուր­դի լի­նե­լու­թեան հետ¸ իր մէջ խտաց­նե­լով հայ ժո­ղո­վուր­դի միտքն ու հո­գին¸ հայ մշա­կոյ­թին եւ ա­նոր վաս­տա­կա­ւոր­նե­րուն տա­լով սրբու­թեան հան­գա­մանք։
Այս տօ­նին մէջ կայ ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան եւ ինք­նու­թեան ան­ժա­ման­ցե­լի պատ­գամ եւ խոր­հուրդ։ Ո­րով­հե­տեւ¸ Սր­բոց ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը կը պատ­կա­նի հա­յոց պատ­մու­թեան ար­ձա­նագրած այն դէպ­քե­րուն¸ ո­րոնք պատ­մա­կան դէպք մը ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի՝ շար­ժում են։ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ Ս. ­Թա­դէոս եւ ­Բար­թու­ղի­մէոս Ա­ռա­քեալ­նե­րու քա­րո­զու­թեամբ հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գի­նե­րուն մէջ սեր­մա­նո­ւած Ք­րիս­տո­սի լոյս հա­ւատ­քը¸  Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րի­չի եւ Տր­դատ թա­գա­ւո­րի ճգնու­թեամբ եւ ա­ջակ­ցու­թեամբ պե­տա­կա­նա­ցաւ¸ եւ  Ս. ­Սա­հա­կի եւ Ս. ­Մես­րո­պի ճգնո­ղա­կան ջան­քե­րով ամ­բող­ջու­թեամբ հա­յա­ցաւ։ Ք­րիս­տո­նու­թեան պե­տա­կա­նա­ցու­մով սկսած հա­յոց պատ­մու­թեան ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին ըն­թաց­քը¸ հայ գի­րե­րու գիւ­տով իր հաս­տատ ուղ­ղու­թեան մէջ մտաւ։
­Թարգ­ման­չաց շար­ժու­մը պա­հու մը ծնուն­դը չէր։  Ն­կա­տի ու­նե­նա­լով Ս. ­Սա­հա­կի եւ Ս. ­Մես­րո­պի կեան­քի եւ  ու­սում­նա­ռու­թեան հանգ­րո­ւան­նե­րը¸ ի յայտ կու գայ¸ թէ հայ մտքի ա­պա­գա­յա­տե­սիլ եր­կու լու­սա­ւո­րիչ­նե­րը ար­դէն 4-րդ ­դա­րէն սկսեալ¸ ի­րենց մտա­սե­ւե­ռու­մը կեդ­րո­նա­ցու­ցած էին հայ ժո­ղո­վուր­դի գո­յու­թեան եւ ինք­նու­թեան պահ­պան­ման հա­մար հաս­տատ եւ ան­խոր­տա­կե­լի կռո­ւան­ներ ա­պա­հո­վե­լու վրայ։ Այս մտա­սե­ւեռ­ման եւ հայ ազ­գի ա­պա­գա­յի հո­գը բառ­նա­լուն գլխա­ւոր դրդա­պատ­ճառ­ներն կա­րե­լի է նկա­տել հե­տե­ւեալ պա­րա­գա­նե­րը։
Ս. ­Սա­հակ ­Պար­թեւ¸ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մեծ բա­րե­կար­գիչ՝ ­Մեծն ­Ներ­սէս կա­թո­ղի­կո­սի որ­դին էր։ Ա­նոր շուն­չին եւ հսկո­ղու­թեան տակ դաս­տիա­րա­կո­ւե­ցաւ¸ քա­ջահ­մուտ դառ­նա­լով յու­նա­րէն¸ ա­սո­րե­րէն եւ պարս­կե­րէն լե­զու­նե­րու։ ­Հո­գե­ւո­րա­կան իր կեան­քի կո­չու­մին մէջ¸ նախ քան կա­թո­ղի­կո­սա­կան գահ բարձ­րա­նա­լը¸ իր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ միա­սին  գլխա­ւո­րա­բար զբա­ղե­ցաւ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րով¸ եւ ժո­ղո­վուր­դին քա­րոզ­չա­կան ա­ռա­քե­լու­թեամբ։   Ս. ­Սա­հա­կի հա­մար¸ հայ­կա­կան գի­րե­րու պա­կա­սի պատ­ճա­ռով¸ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քի աղ­բիւր­նե­րու՝ ի­մա օ­տա­րա­լե­զու Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը¸ եւ հե­տե­ւա­բար ոչ հա­յազ­գի հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ ազ­դե­ցու­թիւ­նը հայ հա­ւա­տա­ցեա­լին վրայ խորթ կը թո­ւէր։
Իսկ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տոց¸ ար­քու­նի պա­լա­տին մէջ զի­նո­ւո­րա­կան ծա­ռա­յու­թիւն կը վա­րէր¸ ար­քու­նի քար­տու­ղա­րի հան­գա­ման­քով։ ­Հայ ար­քու­նի­քէն ներս ու­նե­ցած իր պաշ­տօ­նին բե­րու­մով¸ քա­ջա­ծա­նօթ էր երկ­րին ներ­քին թէ ար­տա­քին  քա­ղա­քա­կան ան­ցու­դար­ձե­րուն՝ պարս­կա­կան եւ բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թեանց հա­կա­մարտ  տի­րա­պե­տու­թեանց տակ¸ ­Հա­յաս­տա­նի ներ­քին երկ­պա­ռա­կու­թիւն­նե­րուն¸ ­Հա­յաս­տա­նի քա­ղա­քա­կան ինք­նիշ­խա­նու­թեան ե­ռե­րուն վի­ճա­կին¸ նոյ­նիսկ ա­նոր գո­յու­թեան սաառ­նա­ցող վտան­գին։    Այս բո­լո­րը խոր մտա­հո­գու­թեան կը մատ­նէին զինք¸ ո­րով յստա­կօ­րէն կը նա­խա­տե­սէր այդ տխուր ե­րե­ւոյթ­նե­րուն վատ հե­տե­ւանք­նե­րը։ Ան ըմբռնած էր¸ թէ այս կա­ցու­թեան դար­մա­նը ոչ զի­նո­ւո­րա­կան¸ ոչ ալ քա­ղա­քա­կան ոյ­ժը կրնար ըլ­լալ։ Անհրա­ժեշտ էր այ­լա­պէս զրա­հա­ւո­րել հա­յու­թեան հո­գին¸ ստեղ­ծել տար­բեր կեր­պով ապ­րեց­նող ու ապ­րող ար­ժէք­ներ։ ԻՆՔՈՐՈՅՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՇԱՐԺՈՒՄն էր այդ մէ­կը։ Ա­հա այս էր զինք ո­գե­ւո­րող մեծ ե­րա­զը։ Ս. ­Մես­րոպ զի­նո­ւո­րա­կան աս­պա­րէ­զէն հրա­ժե­րով հո­գե­ւո­րա­կան կը դառ­նայ¸ ամ­բող­ջու­թեամբ նո­ւի­րո­ւե­լով իր մեծ ե­րա­զին ի­րա­կա­նաց­ման։
­Հո­գե­ւոր կեան­քը¸ հայ ազ­գի հո­գեմ­տա­ւոր ան­կա­խու­թեան եւ գո­յու­թեան մտա­տան­չող վտանգ­նե­րը¸  ճա­կա­տագ­րո­րոշ մտեր­մու­թեան մէջ կը բե­րեն Ս. ­Սա­հակն ու Ս. ­Մես­րո­պը։ ­Հա­յե­րէն այ­բու­բէ­նի գիւ­տի ի­րա­կա­նաց­ման մեծ ե­րա­զին կը միա­նայ օ­րո­ւան Վ­ռամ­շա­պուհ թա­գա­ւո­րը¸ որ ար­քու­նի գան­ձի բո­լոր հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կը տրա­մադ­րէ ­Մես­րո­պին¸ եւ ­Սա­հակ ­Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ  կ’ի­րա­կա­նա­նայ այդ մեծ ե­րա­զը
­Հայ ազ­գի այս եր­կու սուրբ հան­ճար­նե­րը՝ Ս. ­Սա­հակ եւ Ս.­Մես­րոպ¸ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը հա­յաց­նե­լու հա­մար¸ հայ­կա­կան գրա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան հիմ­նա­քա­րը դրին Աս­տո­ւա­ծա­շուն­դի հայ­րե­րէ­նի թարգ­մա­նու­թիւ­նը։ Այ­նու­հե­տեւ Աս­տո­ւած սկսաւ հա­յե­րէն խօ­սիլ հայ ժո­ղո­վուր­դին հետ։ ­Հա­յաս­տա­նի բո­լոր տա­րած­քին բա­ցո­ւե­ցան դպրոց­ներ¸ զարկ տրո­ւե­ցաւ ժա­մա­նա­կի օ­տար գրա­կա­նու­թեանց ե­կե­ղե­ցա­կան թէ փի­լի­սո­փա­յա­կան կա­րե­ւոր եր­կե­րու թարգ­մա­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ս­կիզբ ա­ռաւ  հա­յե­րէն սե­փա­կան լե­զո­ւով գիր գրա­կա­նու­թիւ­նը¸  պատ­մագ­րու­թիւ­նը
­Հայ ժո­ղո­վուր­դի լու­սա­վառ հո­գիին իբ­րեւ ար­տա­յա­տու­թիւն¸ ­Հայ Ե­կե­ղե­ցին սրբա­ցու­ցած է Ս. ­Սա­հա­կի Եւ Ս. ­Մես­րո­պի ա­շա­կերտ­նե­րը¸ ոչ միայն ի­րենց հո­գե­կիրթ եւ ա­ռա­քի­նի վար­քով շա­հած բա­րի յի­շա­տա­կին¸ այ­լեւ՝ հայ ինք­նո­րոյն մշա­կոյ­թի ա­խո­յեան­ներն ըլ­լա­լուն հա­մար։
Սր­բոց թարգ­ման­չաց վար­դա­պե­տաց մե­րոց բա­ցած ու­ղին¸  հա­յու­թեան ինք­նու­թիւ­նը զրա­հա­ւո­րե­լու¸ ապ­րեց­նող ու ապ­րող ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րը պահ­պա­նե­լու մշա­կու­թա­յին յա­րա­տեւ շար­ժու­մը ե­ղաւ։
­Թարգ­ման­չաց վար­դա­պետ­նե­րու սրբաց­ման ե­րե­ւոյ­թը¸ հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ իւ­րա­յատ­կու­թիւն­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ։ ­Հայ մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման պատ­մու­թիւ­նը ինք­նին կը բա­ցա­յայ­տէ¸ թէ ին­չու հա­մար հայ ազ­գը իր մշա­կոյ­թը սրբու­թեան աս­տի­ճա­նի հաս­ցու­ցած է։
­Հե­տաքրք­րա­կան է ի­մա­նալ¸ թէ ար­դեօք կա՞ն ազ­գեր¸ ո­րոնք ի­րենց սե­փա­կան այ­բու­բէ­նը պաշ­տա­մուն­քի ա­ռար­կայ դար­ձու­ցած են¸ այ­բու­բէ­նը իր տա­ռե­րով ա­րո­ւես­տի գոր­ծի վե­րա­ծած են¸ ու ա­նով ոչ միայն կրթա­կան յար­կե­րը¸ այ­լեւ՝ ի­րենց տու­ներն ու սրահ­նե­րը զար­դա­րած։ Ո՞ր ազ­գի գրա­կա­նու­թեան մէջ¸ այդ­քան գո­վեր­գանք¸ ձօն¸ ներ­բող­ներ կան հիւ­սո­ւած մայ­րե­նի լե­զո­ւին նուի­րո­ւած։ հայ գրա­կա­նու­թեան մէջ գլուխ գոր­ծոց բազ­մա­թիւ գրու­թիւն­նե­րը եւ քեր­թո­ւած­նե­րը Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցին ձօ­նո­ւած¸ բա­ւա­րար են ցոյց տա­լու¸ թէ հա­յու ազ­գա­յին խոր գի­տակ­ցու­թեան մէջ¸  ինչ հիաս­քանչ յար­գանք եւ ար­ժե­ւո­րում կայ։
Սր­բոց թարգ­ման­չաց տօ­նը կը տա­րե­բե­րի այլ տօ­նե­րու յի­շա­տա­կու­թե­նէն։ Այս տօ­նը ան­ձի մը¸ դէպ­քի մը անդ­րա­դառ­նա­լէ ա­ւե­լի¸ ամ­բողջ հա­յու­թեան ազ­գա­յին լի­նե­լու­թեան¸ պատ­կա­նե­լիու­թեան ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ ազ­գա­յին բազ­մա­դա­րեան մշա­կոյ­թի հարս­տու­թեան տէր ըլ­լա­լու անդ­րա­դարձ է։
Այ­սօր¸ հա­յե­րէն գի­րե­րու գիւ­տէն 16 դա­րեր ետք¸ որ­քան ժա­մա­նա­կա­կից¸ այժ­մէա­կան եւ ան­ժա­ման­ցե­լի անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն կը մնայ Ս. ­Մես­րո­պի ազ­գա­յին անվ­տան­գու­թեան ա­պա­գա­յա­տե­սիլ ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը։
Այ­սօր¸ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն սփռո­ւած հա­յու­թեան հա­մար¸ որ­քան կեն­սա­կան է Ս. ­Մես­րո­պի մե­ծաս­քանչ լե­զուն։
Ե­րա­նե­լի է այն մար­դը¸ որ իր գլխուն վե­րեւ սե­փա­կան եր­դիք մը ու­նի։
­Թար­ման­չաց սուր­բե­րը բար­բա­ռե­ցան բա­նաստեղծ ­Մու­շեղ իշ­խա­նի լե­զո­ւով¸ որ յի­րա­ւի ար­ձա­նագ­րեց՝
­Հայ լե­զուն տունն է հա­յուն¸ աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն։
Ուր կը մտնէ ա­մէն հայ¸ իբ­րեւ տան­տէր հա­րա­զատ։
Սր­բոց ­Թագր­ման­չաց վար­դա­պետ­ներ¸ ձեր փառ­քը¸ մեր ազ­գա­յին գի­տակ­ցու­թեան պարտքն է։