­Մոս­կո­ւա­յի մօ­տա­կայ­քը գտնո­ւող «Ա­լա­պի­նօ» ռազ­մա­փոր­ձա­րա­նի մի­ջազ­գա­յին բա­նա­կա­յին խա­ղե­րու ծի­րէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցած է հրա­սայ­լա­յին եր­կա­մար­տի ա­ռա­ջին մրցար­շա­ւը:
Հ­րա­սայ­լա­յին եր­կա­մար­տի չոր­րոդ մրցաշր­ջա­նին մրցած են ­Հա­յաս­տա­նի, ­Վե­նե­զո­ւե­լա­յի, Հնդ­կաս­տա­նի ու ­Նի­քա­րա­կո­ւա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:
Ա­ռա­ջի­նը վերջ­նա­գի­ծին հա­սած են հնդիկ հրա­սայ­լորդ­նե­րը, երկ­րոր­դը` հա­յե­րը, իսկ եր­րոր­դը` ­Վե­նե­զո­ւե­լա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը: ­Նի­քա­րա­կո­ւա­յի հրա­սայ­լը ե­ղած է վեր­ջի­նը: Ա­սի­կա մրցաշր­ջա­նի նախ­նա­կան ար­դիւնք­ներն են ա­ւար­տին դա­տա­ւոր­նե­րը պի­տի հա­շո­ւեն ժա­մա­նա­կը` հա­շո­ւի առ­նե­լով տու­գա­նա­յին պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը, լրա­ցու­ցիչ շրջան­ներն ու կան­գառ­նե­րը:
­Հա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րը ներ­կա­յա­ցաւ անձ­նա­կազ­մով մը, ո­րուն հրա­մա­նա­տարն էր կրտսեր սպայ Ար­մէն Ա­ռուս­տա­մեան: ­Հայ­կա­կան խում­բի բո­լոր ան­դամ­նե­րը ժամ­կէ­տա­յին ծա­ռա­յող զի­նո­ւոր­ներ ու սպա­ներ են:
Մր­ցում­նե­րը կը կա­յա­նան ե­րեք փու­լով: Ա­ռա­ջին փու­լին` ան­հա­տա­կան մրցար­շա­ւին, կը մաս­նակ­ցին բո­լոր խում­բե­րը: ­Կի­սաեզ­րա­փա­կիչ պի­տի անց­նի 12 խումբ, իսկ եզ­րա­փա­կի­չով պի­տի հան­դի­պին չորս լա­ւա­գոյն հա­ւա­քա­կան­նե­րը: ­Բո­լոր փու­լե­րուն հրա­սայ­լոր­դե­րը պէտք է կրա­կեն թի­րախ­նե­րուն` տե­ղէն եւ ըն­թաց­քի մէջ, եւ յաղ­թա­հա­րեն տար­բեր խո­չըն­դոտ­ներ: