­Կի­րա­կի, 4 ­Սեպ­տեմ­բեր 2022-ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 1։00-ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բին, «­Տէր ­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ ան­զու­գա­կան հայ հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին ե­րաժշ­տու­թեան հա­մերգ՝ «­Ճա­նա­պարհ, յի­շա­տա­կի ու­ղի» ե­ռեա­կին կող­մէ, ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ Ս­տե­փա­նոս ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի, ­Տիկ­նանց միու­թեան, ­Հայ դա­տի ան­դամ-ան­դա­մու­հի­նե­րու, ազգ. կա­ռոյց­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ եւ մշա­կու­թա­սէր ներ­կա­ներ։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ հայր սուր­բը, ներ­կա­յաց­նե­լով հիւ­րե­րը, ինչ­պէս նաեւ բա­րի գա­լուստ ու բա­րի կե­ցու­թիւն մաղ­թե­լով ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն ներս։ ­Սոյն ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին, լսո­ւե­ցան հայ հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին ու ժո­ղովր­դա­կան եր­գե­րու ու հա­ւա­քա­ծո­նե­րու ե­րաժշ­տու­թիւ­նը՝ ե­րեք տար­բեր գոր­ծիք­նե­րով՝ տու­տուկ, քլա­րի­նէթ, գա­լա­րա­փող։ ­Ներ­կա­նե­րը հիաց­մուն­քով եւ յու­զում­նա­խառն տե­սա­րա­նով ըմ­բոշխ­նե­ցին օ­րո­ւան գե­ղե­ցիկ եւ ան­զու­գա­կան հա­մեր­գը, որ ներ­կա­նե­րուն կող­մէ եւս գնա­հա­տան­քի ար­ժա­նա­ցաւ։
­Մէջ ընդ մէջ, սոյն ծրագ­րի պա­տաս­խա­նա­տու եւ հե­ղի­նակ՝ ­Մի­քա­յէլ ­Վէ­մեան, բա­ցատ­րու­թիւն­ներ եւ լու­սա­բա­նու­թիւն­ներ տո­ւաւ մշա­կու­թա­սէր ներ­կա­նե­րուն, թէ ինչ­պէ՞ս այս­պի­սի ծրա­գիր մը յա­ջո­ղե­ցանք կա­տա­րել եւ ի՞նչ քայ­լե­րով հա­սանք մին­չեւ ­Սե­լա­նիկ եւ յա­ջոր­դա­բար ինչ­պէ՞ս պի­տի շա­րու­նա­կենք։
Ա­ւար­տին, փակ­ման խօս­քով հայր սուր­բը շնոր­հա­ւո­րեց, գնա­հա­տեց հիւ­րե­րը՝ այս­պի­սի նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար եւ մաղ­թեց ա­մե­նա­լաւն ու ա­մե­նա­բա­րին, ի­րենց կա­տա­րած հա­յա­պահ­պան­ման ծրագ­րին մէջ։ ­Ներ­կա­նե­րը նաեւ ծա­փող­ջոյն­նե­րով ի­րենց սէրն ու գնա­հա­տան­քը յայտ­նե­ցին այս կա­պակ­ցու­թեամբ։
Ի վեր­ջոյ, «­Հա­մազ­գա­յին» ­Հայ կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը՝ 2-3 հայ­կա­կան-ա­ւան­դա­կան պա­րե­րով ճո­խա­ցուց սոյն ցե­րե­կոյ­թը։ ­Տե­ղի ու­նե­ցան նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ ընթ­րի­քի հիւ­րա­սի­րու­թիւն։
­Յայտ­նենք, որ սոյն ծրա­գի­րը մշա­կու­թա­յին, մարմ­նա­մար­զա­կան եւ յի­շա­տա­կի ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն մըն է, որ սկիզբ ա­ռած է Ֆ­րան­սա­յի ­Մար­սէյլ քա­ղա­քէն 29 ­Մա­յիս 2022-ին։ ­Մայր­սէյ­լը Ե­րե­ւա­նին կա­պող այս ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը կը խորհր­դան­շէ ­Հա­յոց գաղ­թի ճա­նա­պար­հը, սա­կայն հա­կա­ռակ ուղ­ղու­թեամբ՝ անց­նե­լով Ֆ­րան­սա­յէն, Ի­տա­լիա­յէն, ­Յու­նաս­տա­նէն, ­Պուլ­կա­րիա­յէն, Վ­րաս­տա­նէն մին­չեւ ­Հա­յաս­տան։ Այս ծրա­գի­րը ու­նի նաեւ հան­րա­յին ընդգր­կում. այլ խօս­քով՝ ա­մէն մարդ կրնայ մաս­նակ­ցիլ քայ­լար­շա­ւին՝ խա­ղա­ղու­թեան եւ յի­շա­տա­կի ու­ղերձ յղե­լով նմա­նա­տիպ ձե­ւե­րով։
­Քայ­լար­շա­ւին կը մաս­նակ­ցի ե­րաժշ­տա­կան ե­ռեակ գոր­ծիք­ներ (տու­տուկ, քլա­րի­նէթ եւ գա­լա­րա­փող), ո­րոնք անվ­ճար հա­մերգ­ներ կ’ու­նե­նան ճա­նա­պար­հոր­դու­թեան ըն­թաց­քին մեծ քա­ղաք­նե­րուն մէջ, տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով ­Հայ ազ­գա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան ե­րաժշ­տու­թեան գան­ձե­րէն հա­ւա­քա­ծո­ներ։