ՀԱՅԿԱՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Երկու շաբաթ առաջ, ուրախութեամբ ստացայ «Հայ կինը մշակութային եւ հասարակական կեանքի մէջ. 100 կին կեանք» գիրքը, Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի տիկին Սիլվա Գոյումճեանէն։ Արդէն խորագիրը ինքը հետաքրքրութիւնս գրաւեց. ոչ մէկ, ոչ երկու, ոչ տասը, այլ հարիւր հայ կիներ, որոնց ներդրումը մեր աւանդական մշակութային ու հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ պարագաներու՝ միջազգային համայնքին մէջ, եզակի եղած է։
Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի ձեռնարկ մըն է, արդիւնք՝ հաւաքական, խմբային աշխատանքի դպրոցին երկրորդական բաժնի աշակերտներուն, ուսուցիչներուն եւ շրջանաւարտներուն միջեւ։ Նիւթն է Հայ կինը, իր կարգավիճակը հասարակական կեանքին մէջ, եւ կամ ինչպէս կը նշէ իր յառաջաբանին մէջ՝ ուղղուած ընթերցողին, տնօրէնուհի Սիլվա Գոյումճեան.- «Դպրոցական հանդիսութենէ մը անդին համայնքիս ընդհանուրին ուղղեալ մեր աւանդականացած մշակութային ձեռնարկներուն այս անգամուան նիւթն է՝ Հայ կինը։ Անուրանալի իրողութիւն մըն է, թէ այսօր եւս համայն աշխարհի վրայ կինը կը պարտաւորուի պայքար մղել այր մարդուն հետ հաւասար իրաւունք ունենալու համար, աշխատանքային, հասարակական կեանքէն ներս…»։ Յարգելի տնօրէնուհին կը փակէ իր գիրը տալով ձեռնարկին նպատակը.- «Անցեալի օրինակներով խրախուսել ներկայ ուսանողը, Հայ կինը, առիթ մը ստեղծել հարցաքննելու իր կարգավիճակը հասարակական կեանքէն ներս…»։
Գիրքը չորս գլուխներու բաժնուած է։
ա. «Ակնարկ մը Պոլսահայ մերօրեայ Կնոջական շարժման», հանդէս կու գան յաջորդական յօդուածներով՝ «Մրջիւններուն վերջալոյսը եւ Գրասէր տիկիններու», Գրասէր տիկիններու խմբակը (Սիրվարդ Գարամանուկ, Արաքսի Ուղուրլեան, Անայիս Եալտըճեան եւ Սիլվա Կոմիկեան), ինչպէս նաեւ Մելիսա Պիլալ` «Զարմանահրաշ հայ կիներ», Լեռնա Էքմէքճիօղլու` «Զարուհի Պահիրիի հետքերով», Գայուշ Չալըքման Կավրիլօֆ` «Հայ կին» եւ Անի Փայլան «Մեր ֆէմինիստ պայքարը» յօդուածներով։
բ. «Դիցուհիներէ Թագուհիներու…» տիտղոսով, նուիրիուած է դիցուհիներուն եւ հայ թագուհիներուն։
գ. «Աղջկանց վարժարաններ… կնոջական միութիւններ…», հակիրճ ակնարկ մըն է Աղջկանց վարժարաններու եւ Կրթասիրաց եւ կամ Ողբախնամ ընկերութիւններուն։
դ. «Կինը… հոգեւորական, դաստիարակ, արուեստագէտ, գրող-լրագրող-խմբագիր, գիտնական-ակադեմական, քաղաքական-հասարակական գործիչ» խորագիրով կը ներկայացնէ հայ կիներ (Ե. դարասկիզբէն – Ի.դար), որոնք իւրայատուկ ներդրում ունեցած են ազգային, մշակութային եւ կամ հասարակական զանազան բնագաւառներուն մէջ։
Իսկապէս գնահատելի աշխատանք մըն է, ամբողջական գործ մը իր ընտրած նիւթին մէջ։ Շնորհաւորութիւններ բոլորին, որոնք իրենց լուման դրին ձեռնարկին հրատարակութեան յաջողութեան։ Իսկապէս, իրենց հպարտութիւնն է այս հանդէսը։