­Շա­բաթ, 30 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի 84-րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­Սա­րա­ճեան-­Զա­գա­րեան» սրահ­նե­րէն ներս։
2021-2023 նստաշր­ջա­նի ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զա Ա­ւա­գեան ժո­ղո­վի բա­ցու­մը յայ­տա­րա­րե­լով, հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը մէկ վայր­կեա­նի յոտնկայս լրու­թեամբ յար­գե­լու Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան զո­հե­րու յի­շա­տա­կը: Ա­պա՝ ըն­կե­րու­հին յայտ­նեց, թէ հա­կա­ռակ Ար­ցա­խի մէջ տի­րող կա­ցու­թեան ստեղ­ծած ծանր մթնո­լոր­տին, միու­թիւ­նը պէտք է շա­րու­նա­կէ իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը, օգ­տա­կար հան­դի­սա­նա­լով հայ ժո­ղո­վուր­դին:
Ներկայութեան ստուգումէն ետք յայտնի եղաւ թէ ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան 22 պատ­գա­մա­ւոր­ներ Հ.Կ.­Խա­չի 5 մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն կող­մէ, խորհրդակ­ցա­կան ձայ­նով ըն­կե­րու­հի­ներ եւ հիւ­րեր։ ­Ներ­կայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ. ­Կեդ­րո­նա­կան կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ-կապ ըն­կե­րը։
­­Ժո­ղո­վին ներ­կայ ե­ղան նաեւ՝ Հ.Կ.­Խա­չի վար­ժա­րան­նե­րու տնօ­րէն­նե­րը, ո­րոնք զե­կու­ցե­ցին վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւին, վար­ժա­րան­նե­րու դի­մագ­րա­ւած ա­ռօ­րեայ հար­ցե­րուն եւ գոր­ծադ­րո­ւող ծրա­գիր­նե­րուն շուրջ։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան ա­նու­նով ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղեց ­Տէր ­Պա­րետ քհն. ­Խա­չե­րեան։
Գ­րա­ւոր ող­ջոյ­նի խօս­ք­ ուղ­ղե­ց Հ.Գթ. ­­Խա­չի ­­Մա­կե­տո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ Շրջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը:
­Ժո­ղո­վին հե­ռա­վար կա­պով մաս­նակ­ցե­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան կող­մէ ըն­կե­րու­հի ­Թա­լին Մկր­տի­չեան։
Ըն­կե­րու­հին յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թե­լէ ետք ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն, զե­կու­ցեց Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի տե­ղա­հան դառ­նա­լու ի­րա­վի­ճա­կի մա­սին, տե­ղե­կա­ցուց, թէ ար­դէն Կ. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­տե­տու­հին կը գտնո­ւի ­Հա­յաս­տան, մօ­տէն ի­րա­զեկ դառ­նա­լու հա­մար կա­ցու­թեան եւ շեշ­տեց, թէ բո­լոր միա­ւոր­ներն ու ան­դա­մու­հի­նե­րը պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ ամ­գամ մը եւս կո­չո­ւած են ի­րենց կա­րե­լին ը­նե­լու՝ զօ­րակ­ցե­լու հա­մար Ար­ցա­խի ըն­տա­նիք­նե­րուն եւ օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու։
Հ.Կ.­Խա­չի ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վը իր ցաւն ու տագ­նա­պը յայտ­նեց Ար­ցա­խի վեր­ջին ե­ղե­լու­թիւն­նե­րու մա­սին, վճռա­կա­նու­թեամբ շեշ­տե­լով, թէ մեր միու­թիւ­նը պատ­րաստ է կրկին մեր ժո­ղո­վուր­դի կա­րիք­նե­րուն թի­կունք հաս­նե­լու, «ժո­ղո­վուր­դէս՝ ժո­ղո­վուր­դիս եւ ժո­ղո­վուր­դիս հետ, ժո­ղո­վուր­դիս հա­մար» նշա­նա­բա­նով։
­Ժո­ղո­վը ո­րո­շեց յա­տուկ խօս­քով հան­դէս գալ յու­նա­հայ գա­ղու­թին, այս հար­ցով։
Շր­ջա­նա­ւարտ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց իր նիւ­թա­բա­րո­յա­կան տե­ղե­կա­գի­րը, ա­պա տե­ղի ու­նե­ցաւ գոր­ծու­նէու­թեան քննար­կու­մը, ո­րու ար­դիւն­քին ժո­ղո­վը բարձր գնա­հա­տեց տա­րո­ւած աշ­խա­տան­քը։ ­Նաեւ, մատ­նանշեց այն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը ո­րոնց առ­ջեւ կը գտնո­ւի միու­թիւ­նը։
Օ­րա­կար­գե­րու երկ­րորդ բաժ­նով, յա­ջոր­դեց կար­ծիք­նե­րու փո­խա­նա­կում եւ ե­ղան ա­ռա­ջարկ­ներ եւ բա­նա­ձե­ւո­ւե­ցան ո­րո­շում­ներ յա­ջորդ տա­րեշր­ջա­նին հա­մար։
Յաջորդաբար, ժո­ղո­վը ընտ­րեց 2023-2025 նստաշր­ջա­նի 9 ան­դամ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­ջու­թիւ­նը: Այս­պէս, ընտ­րո­ւե­ցան հե­տե­ւեալ ըն­կե­րու­հի­նե­րը.- ­
Լի­զա Ա­ւա­գեան, ­Նո­րա ­Քիւր­տօղ­լեան, ­Զա­րու­հի ­Ման­կո­յեան, Ա­լիս ­Յա­րու­թիւ­նեան, Ատ­րի­նէ Գ­նու­նի, Ան­նա ­Գա­զան­ճեան, ­Ճու­լիա ­Ճա­նի­կեան, ­Նո­յե­մի Ե­զե­կիէ­լեան, ­Շո­ղիկ ­Պա­պօղ­լեան:
­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թեանց եւ բո­լոր գոր­ծօն ան­դա­մու­հի­նե­րուն։
­Յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ, ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն բո­լո­րիս՝ յա­ռա­ջի­կայ տա­րեշր­ջա­նի գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար։

Հ.Կ.­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւն