­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի 84-րդ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ­Ժո­ղո­վը, որ գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Շա­բաթ, 30 ­Սեպ­տեմ­բեր 2023-ին Ա­թէն­քի մէջ, ըմբռ­նե­լով տխրու­թեան զգա­ցում­ներն ու ցա­սու­մը որ, բո­լո­րիս պատ­ճա­ռած են Ար­ցա­խի մէջ վեր­ջին դա­ժան եւ օր­հա­սա­կան ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը, կը հաս­տա­տէ թէ, հարկ է մեր­ժել հիաս­թա­փու­թեան մթնո­լոր­տը:
­Մեր ժո­ղո­վուր­դը պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին միշտ կա­րո­ղա­ցած է մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւել եւ իր ու­ժե­րը վե­րա­կանգ­նել:
­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չը կը վե­րա­հաս­տա­տէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին կող­քին կանգ­նե­լու իր յանձ­նա­ռու­թիւ­նը: Ինչ­պէս մին­չեւ օրս, նաեւ յե­տայ­սու մեր կա­րե­լին պի­տի ը­նենք, աշ­խար­հաս­փիւռ քոյր միա­ւոր­նե­րուն հետ գոր­ծակ­ցա­բար, ա­ջակ­ցե­լու հա­մար տե­ղա­հան դար­ձած Ար­ցա­խա­հա­յու­թեան կա­րիք­նե­րուն օգ­նու­թեան ձեռք եր­կա­րե­լու գոր­ծին:
­Մեծ ցա­ւե­րը ա­մո­քե­լու միակ ձե­ւը՝ ի­րար օգ­նել եւ զի­րար զօ­րակ­ցիլն է: ­Պայ­քա­րի վե­րա­նո­րոգ կամ­քով՝ նո­րը կա­ռու­ցելն է:
­Կոչ կ­՛ուղ­ղենք մեր գա­ղու­թի բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն որ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն ա­ջակ­ցին ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չին, իր այս յանձ­նա­ռու­թիւ­նը ի­րա­գոր­ծե­լու աշ­խա­տան­քին մէջ: Ե­րախ­տա­գի­տու­թեամբ շնոր­հա­կալ ենք բո­լո­րին, ո­րոնք միշտ կ­՛ըն­դա­ռա­ջեն մեր կո­չե­րուն, որ­պէս­զի կա­րե­նանք ծա­ռա­յել ազ­գին ու հայ­րե­նի­քին:
Ար­ցա­խը այ­սօր մռայլ եւ բռնագ­րա­ւո­ւած է, բայց Ար­ցա­խը հայ­կա­կան է եւ մենք պի­տի վե­րա­դառ­նա՛նք Ար­ցախ:
­Միաս­նա­կան ճի­քե­րով կրկի՛ն ոտ­քի պի­տի կանգ­նի հպարտ Ար­ցա­խա­հա­յու­թիւ­նը:
­Յար­գան­քով կը խո­նար­հինք մեր հե­րոս նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին: