Շաբաթ՝ 14 Դեկտեմբեր 2019ին, երեկոյեան ժամը 4էն սկսեալ, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբը իր դռները բացաւ ընդունելու համար հոծ թիւով մեր հայրենակիցներուն, որոնք եկած էին այցելելու Հ. Կ. Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած տօնական պազարը:
Վերջին օրերու աննպաստ օդը եւ Շաբաթ կէսօրուան տեղատարափ անձրեւը անհանգստութեան մը զգացումը կը յառաջացնէր, յուսալով եւ մաղթելով՝ արգելք չի հանդիսանայ պազարը այցելողներուն: Բարեբախտաբար, անձրեւը դադրեցաւ եւ մեր հայ եւ յոյն այցելուները, ինչպէս ամէն տարի, այցելեցին մեր պազարը, քաջալերելով միութեան գործունէութիւնը:
Սեղանները լեցուած էին հայկանան ճաշերով, անուշեղէններով, խմորեղէններով, հայկական գինիներով, չոր միրքերով եւ շոքոլաներով՝ տրամադրուած Հ. Կ. Խաչի ընկերուհիներուն եւ համակիրներուն կողմէ, որոնք ամէն տարի, առանց նոյնիսկ իրենց դիմելու, կը լեցնեն պազարի սեղանները որակաւոր, համեղ աղանդերներով:
Վարչութիւնը սեղան տրամադրած էր շրջանի մէջ գործող միութիւններուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ յարգեցին եւ ճոխացուցին «Ռուբինա» մասնաճիւղի պազարը՝ «Ա. եւ Ժ. Ճէնազեան» միջնակարգ վարժարանի Ծնողական միութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի մասնաճիւղի սկաուտները եւ գայլիկները, Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբը, «Համազգային»ի Ատիկէի «Սօս-Վանի» մասնաճիւղը, որոնք իրենց պատրաստած իրերը կը ծախէին՝ հասոյթ ապահովելով միութիւններուն:
Շատ մեծ խանդավառութիւն եւ եռանդ կը տիրէր սրահէն ներս: Տարբեր տարիքի այցելուներու ներկայութիւնը սրահէն ներս յաւելեալ ոգեւորութիւն եւ աշխուժութիւն կը ներշնչէ ու ցոյց կուտայ, թէ մեր հայրենակիցները եւ նա մանաւանդ մեր երիտասարդութիւնը Հ. Կ. Խաչին մօտ կը գտնուին եւ բոլոր միութիւնները գործակցութեամբ կրնան աշխատիլ եւ լաւագոյն արդիւնքներու հասնիլ:
Սրահէն դուրս, սեղաններու շուրջ համախմբուած պազարի այցելուները, սուրճով եւ անուշեղէններով կը հիւրասիրուէին ու հաճելի ընկերային ժամեր կ՚անցնէին:
Պազարը հասութաբեր ձեռնարկ մըն է, որմէ գոյացած գումարներով մասնաճիւղը կարելիութիւն կ՚ունենայ կատարելու իր գործունէութիւնը՝ խնամատարական, բարեսիրական մարզերէն ներս, նոյն պահուն օժանդակելով ակումբի մատակարարման ծախսերուն:
Պազարի նախապատրաստական աշխատանքները կը կատարուին Հ. Կ. Խաչի ընկերուհիներու կամաւոր մասնակցութեամբ, որոնք ամէն տարի իրենց օգնութեան ձեռքը կ’երկարեն միութեան գործունէութեան:
Հոս պէտք է նշել, թէ աշխատանքներու մեծ մասը կը կատարուի մեր վաստակաւոր ընկերուհիներուն կողմէ եւ առանց իրենց օգնութեան եւ փորձառութեան, կարելի պիտի չըլլար աշխատանքները յաջող աւարտին հասցնելու: Անոնց կողքին կան նաեւ երիտասարդ ընկերուհիներ, որոնք կը քաղեն այդ փորձառութիւնը, որպէսզի այս աշխատանքը իր շարունակութիւնը ունենայ եւ բացի հասութաբեր ձեռնարկ մը ըլլալէ անդին պահպանէ աւանդութիւնը եւ անիկա հաղորդէ յաջորդող սերունդներուն:
Սրտագին շնորհակալութիւն եւ վարձքը կատար բոլոր աշխատող ընկերուհիներուն եւ օժանդակող հայրենակիցներուն, որոնք իրենց նուիրումով աշխատեցան պազարի յաջողութեան համար:
Նաեւ՝ շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք այցելեցին պազարը, սպառեցին ծախուած ապրանքները եւ անգամ մը եւս քաջալերեցին միութեան գործունէութիւնը:
Հ.Կ.Խաչի Ֆիքսի «Ռուբինա»
մասնաճիւղի վարչութիւն