­­Հայ ­­Կա­պոյտ ­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թիւ­նը գու­մա­րեց միջ­վար­չա­կան ժո­ղով ­­Չո­րեք­շաբ­թի, 8 ­­Յու­նիս 2022-ին, ­­Գո­քի­նիոյ «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի «­­Զա­քա­րեան-­­Սա­րա­ճեան» զոյգ սրահ­նե­րէն ներս:
­­Ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­ցան Հ.Կ.­­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը, մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը, յանձ­նա­խում­բե­րու, ինչ­պէս նաեւ «­­Սի­րոյ ­­Պա­զար»ին աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցած ըն­կե­րու­հի­նե­րը:
­­Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը եւ Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը զե­կոյց­ներ տո­ւին ի­րենց ի­րա­գոր­ծած ու ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րուն շուրջ:
Ա­պա, ժո­ղո­վի օ­րա­կարգ դար­ձաւ «­­Սի­րոյ ­­Պա­զար»ը, որ հա­մա­վա­րա­կի պատ­ճա­ռով եր­կու վեր­ջին տա­րի­նե­րուն տե­ղի չու­նե­ցաւ:
Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց՝ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը, որ դի­մագրա­ւեց կազ­մա­կերպ­չա­կան գետ­նի վրայ, նկա­տի առ­նե­լով, որ տար­բեր էր նա­խորդ տա­րի­նե­րէն, նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու ըն­թաց­քը եւ ձեռ­նար­կի ար­դիւն­քը, ո­րը շատ յա­ջող գնա­հա­տեց:
­­Յա­ջոր­դա­բար, ըն­կե­րու­հի­նե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց կար­ծի­քը ու զա­նա­զան շա­հա­բեր նշում­ներ ը­րին օ­րա­կար­գին շուրջ:
­­Ժո­ղո­վը եզ­րա­կա­ցուց, թէ այս տա­րի եւս, հա­կա­ռակ «­­Սի­րոյ ­­Պա­զար»ի կազ­մա­կերպ­ման ո­րո­շու­մին նախ­նա­կան վե­րա­պա­հու­թեան՝ հա­մա­վա­րա­կի ան­կա­յուն ըն­թաց­քին պատ­ճա­ռով «­­Սի­րոյ ­­Պա­զար»ը շատ յա­ջող ան­ցաւ եւ հա­սաւ իր նպա­տա­կին:
­­Ժո­ղո­վի ա­ւար­տին, «­­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի տա­նի­քը Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թիւ­նը հիւ­րա­սի­րեց պա­զա­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցող ըն­կե­րու­հի­նե­րուն:
Ե­րե­կոն իր ա­ւար­տին հա­սաւ ըն­կե­րա­յին ու զո­ւարթ մթնո­լոր­տի մէջ: