«Թումանեան, Կոմիտաս ու Արամ Մանուկեան թող
ըլլան ապագայ հայ մարդու ձեր կեանքի ուղեցոյցը»
Ստորեւ կու տանք Յունիս 13ին տեղի ունեցած՝ Հայ Կապոյտ Խաչի «Լ. եւ Ս. Յակոբեան» ազգ. վարժարանի ամավերջի հանդէսի ընթացքին դպրոցի տնօրէնին արտասանած խօսքը.-
Յարգելի հիւրեր, ծնողներ, սիրելի շրջանաւարտներ,
Երկու խօսք, նախ ձեզի:
Ամավերջի հանդէսը խառն զգացումներու պահ է, ուրախութեան եւ յուզումի՝ բոլորիս համար անխտիր:
Մանաւանդ ձեզի համար, որ այս յարկին տակ նախակրթութեան ութը երկար տարիներ ամբողջացնելէ ետք, ձեր ուսուցիչներուն եւ ձեր ծնողներուն ներկայութեամբ, պաշտօնապէս կը լրացնէք ձեր ուսումնական կեանքի առաջին կարեւոր հանգրուանը եւ պատրաստ էք անցնելու Միջնակարգ վարժարան:
ինչպէս արտայայտեցիք բացման ձեր խօսքին մէջ, այս տարի ձեր վկայականի հանդիսութիւնը կը զուգադիպի Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակի տօնին: Այդ իսկ պատճառով, ձեր թատերական ներկայացումը նուիրեցիք ամենայն հայոց բանաստեղծի յիշատակին: Բայց պէտք է գիտնաք, թէ այս տարի նոյնպէ՛ս կը յիշենք մեր մեծ երգահան ու երաժշտագէտ՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150ամեակը ու Հայաստանի անկախ հանրապետութեան հիմնադիր՝ ազգային հերոս Արամ Մանուկեանի մահուան 100ամեակը:
Սիրելի շրջանաւարտներ,
«Հայրենիքիս հետ» բանաստեղծութիւնը Թումանեանը գրեց Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն. անոր իւրաքանչիւր տունը մեր պատմութեան խտացումն է։ Առաջին տողերուն մէջ «Զարկուած ու զրկուած, ողբի ու որբի հայրենիքի» պատկերներուն կը հետեւին վերջին տողերուն՝ «Լոյսի եւ յոյսի, նոր ու հզօր հայրենիք» տեսլականի նկարագրումը։
Այսօր մեր մանկապարտէզի փոքրիկները եւ դուք, ձեր պարով, երգով ու թատերական ներկայացումով, պատմական այս թուականին նուիրուած ամավերջի հանդիսութեամբ, անգամ մը եւս եկաք հաստատելու, թէ «Լոյսի եւ յոյսի, նոր ու հզօր հայրենիք»ով օժտուած մեր ժողովուրդի կրտսէր զաւակները, Թումանեանի ստեղծած հարուստ մշակոյթի արժանի հետեւորդներն են` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին:
Նոյնպէս, եկաք ապացուցելու, թէ յունահայ գաղութի կռուաններէն՝ Հայ Կապոյտ Խաչի «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» ազգային վարժարանը կանգուն կը մնայ եւ կը շարունակէ հայեցի դաստիարակութեամբ սերունդ հասցնելու 57ամեայ իր առաքելութիւնը՝ հակառակ ընկերային-տնտեսական տագնապին ստեղծած դժուար պայմաններուն:
Դուք բախտը ունեցաք ստանալու վարժարանիս երկարամեայ հոգատարութիւնը: Երկրորդականի նոր կեանքի սեմին, կարեւոր է գիտնաք, որ հայկական վարժարան յաճախելը բախտաւորութիւն մըն է եւ փաստը բազմաթիւ զոհողութիւններու, թէ՛ ձեր ծնողներուն եւ թէ՛ ընդհանուր համայնքին կողմէ: Սակայն այս բախտաւորութեան հետ ալ կու գայ պատասխանատուութիւն մը, ձեր ծնողներուն, ձեր դպրոցին եւ անոր թիկունք կանգնող մարմիններուն հանդէպ: Պատասխանատուութիւն մը՝ ձեր կեանքի ընթացքին միշտ վառ պահելու հայկական ոգին ու մեր ժողովուրդի արդար դատի պահանջատիրութիւնը: Թումանեան, Կոմիտաս ու Արամ Մանուկեան թող ըլլան ապագայ հայ մարդու ձեր կեանքի ուղեցոյցը:
Սիրելի նախակրթարանի շրջանաւարտներ,
Շնորհաւոր ըլլայ ձեր 6րդ կարգի վկայականը: Հպարտ ենք ձեզմով եւ գուրգուրանքով ու անհամբեր կը սպասենք ձեր վերադարձին քանզի գրէթէ լրիւ կազմով, ձեր ուսումը պիտի շարունակէք Ճէնազեան միջնակարգ վարժարան:
Յետ այսու, ձեր առջեւ կը բացուի երկրորդական կրթութեան եւ ապագային՝ բարձրագոյն ուսումի երկար շրջան մը: Վստահ ենք, թէ մեր բոլոր շրջանաւարտներուն նման, դուք ալ պիտի յաջողիք եւ պիտի արժանանաք բարձր վկայականներու: Բայց վստահ ենք նաեւ, թէ հպարտութեամբ միշտ պիտի յիշէք, թէ ձեր հիմնական կրթութիւնը ստացաք այս յարկին տակ, թէ եղաք «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի 2019ի շրջանաւարտները:
Ապրիք եւ բարի երթ բոլորիդ:
Շնորհակալիք
Տարեփակի մեր շնորհակալական խօսքը թեմիս առաջնորդ՝ Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանին իր հայրական հոգատարութեան համար, նոյնպէս՝ շրջանիս հոգեւոր հովիւ Տ.. Նարեկ քահանային, վարժարանի մեծ ընտանիքին՝ Ազգային Վարչութեան, Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային խորհուրդներուն, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային եւ տեղական վարչութիններուն, որոնք նուիրումով կը ծառայեն ու ամեն ջանք կը թափեն մեր դպրոցներու բարօրութեան ու յառաջդիմութեան համար: Նոյնպէս` ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները վստահած են մեր վարժարանին:
Յատուկ շնորհակալական խօսք Կիւլպէնկեան հաստատութեան՝ կրթական, նիւթական եւ բարոյական իր մնայուն աջակցութեան համար ինչպէս նաեւ՝ Ա.Մ.Ն-ի Յունահայերու միութեան:
Վարձքը կատար վարժարանիս մանկապարտէզի ու նախակրթարանի ուսուցչական կազմին, տիկիններ Վիքի Մաղաքեանին, Արշալոյս Սափրիչեանին, Մանիա Ճանապեանին եւ Ալինա Տէր Գէորգեանին, որոնք տարեշրջանի ընթացքին ամէն ճիգ թափեցին աշակերտութեան լաւագոյն հայեցի դաստիարակութեան համար եւ յատկապէս՝ մեր ամավերջի հանդիսութեան պատրաստութեան համար:
Με τη λήξη του σχολικού έτους, θέλω να ευχαριστήσω θερμά το σύλλογο διδασκόντων, τη νηπιαγωγό Παναγιώτα Φραγκούλη, της δασκάλες Αιμιλία Κουτρομάνου, Άννα Λιόντου, Κατερίνα Σαρρή, της καθηγήτριες αγγλικών και γαλλικών Ναζίκ Τζαμουζιάν και Ναυσικά Παπαηλία, τους δασκάλους Άγγελο Ντόζε, Γιάννη Τσιγκούνη, Σωτήρη Δελή, τον καθηγητή πληροφορικής Αργύρη Σταματάκι και τον γυμναστή μας Παναγιώτη Φερεντίνο, για την άψογη συνεργασία τους στην διάρκεια της σχολικής χρονιάς, για τη συνέπεια στο παιδαγωγικό και διδακτικό τους έργο, όπως και για την προετοιμασία της σημερινής γιορτής.
Ευχαριστούμε το Υπουργείου Παιδείας, την Α’ Διεύθυνση ΠΕ Αθήνας και τον Κύριο Πέτρο Χαβιάρι, Σχολικός Συντονιστής του 1 ΠΕΚΕΣ Αττικής, για την συνεχή υποστήριξη τους.
Τέλος, ευχαριστούμε όλους τους γονείς, που για άλλη μια χρονιά –σε οικονομικά δύσκολες συνθήκες- μας εμπιστεύτηκαν τα παιδιά τους.
Վարձքը կատար դպրոցի Ծնողական միութեան, որ տարուան ընթացքին ամէն ջանք թափեց աշակերտութեան կարիքները հոգալու ինչպէս նաեւ նախակրթարանի ու մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն այսօր յանձնուելիք նուէրներուն համար։
Շնորհակալութիւն «Ազատ Օր»ին, որ իր էջերը լայն բացաւ մեր վարժարաններուն առջեւ եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթին, մեր շրջանաւարտներուն Հայոց պատմութեան մանկական գիրքի նուէրին համար:
Շնորհակալութիւն այն բոլոր ծնողներուն ու կրթասէր ազգայիններուն, որոնք նուիրատուութիւններու կամ այլ տեսակի օժանդակութիններու ճամբով, թիկունք կանգնեցան մեր դպրոցին, յատկապէս պրն. Կարօ Պարտաքճեանին, Յովհաննէս Թերզեանին, Գարլօ Աքսարլեանին եւ Արմէն Փախանեանին իրենց մնայուն աջակցութեան համար: Նոյնպէս նախկին աշակերտուհի Էլիզապէթ Պարտաքճեանին՝ հայկական պարերու ուսուցման համար:
Վերջապէս, մեր երախտագիտական խօսքը դպրոցին մէջ թէ դպրոցական ինքնաշարժներուն մէջ գործող լրիւ անձնակազմին, տիկ. Անիին, ընկերակցող տիկիններուն՝ տիկ. Օսանին, տիկ. Վէրժինին, տիկ. Եաննային, տիկ. Զուարթին եւ բոլոր մեր վարորդներուն:
Մեր սրտագին շնորհաւորութիւնները «Ծաղիկ» դասարանի եւ Զ. Դասարանի շրջանաւարտներու ծնողներուն ու ազգականներուն:
Բոլորին կը մաղթենք լաւագոյնը եւ նոր նուաճումներ:
Ռիքարտօ Երկանեան
«Լ. Եւ Ս. Յակոբեա»ն ազգ.
վարժարանի տնօրէն
Հայ Կապոյտ Խաչի մրցանակ
Զ. դասարանի հայերէնի դասերուն մէջ յատուկ ճիգ թափած եւ լաւագոյն արդիւնքները բերած աշակերտը, Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի՝ Պատանեկան միութեան ամառնային բանակումին մասնակցութեան մրցանակով: Նկատի ունենալով, թէ այս տարի եւս համահաւասար ճիգերով ու գերազանց նիշերով մէկէ աւելի աշակերտներ արժանի են այդ մրցանակին, ստիպուած եղանք հարցը վիճակահանութեամբ լուծելու ուսուցչական կազմի մեր վերջին ժողովին: Մրցանակին արժանի աշակերտներուն անունները-. Տամատեան Ռոզինա, Մկրտիչեան Արմինէ, Տայեան Անի, Պեքերէճեան Անայիս, Կարինեան Երազ, Ասատրեան Գոհար, Քաւլաքեան Արշակ, Օհանեան Արման, Չիլինկիրեան Կարի եւ Մուրատեան Ստեփան: Վիճակահանութեան արդիւնքի համաձայն, մրցանակին արժանացաւ Պեքերէճեան Անայիս: