­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թիւ­նը նոր տա­րո­ւան իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը սկսաւ ըն­կե­րա­յին հան­դի­պում-թէ­յա­սե­ղա­նի մը կազ­մա­կեր­պու­մով, Եր­կու­շաբ­թի՝ 13 ­Յու­նո­ւար 2020ի ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն:
­Սոյն թէ­յա­սե­ղա­նի ըն­թաց­քին, Հ. Կ. ­Խա­չի մօ­տա­ւո­րա­պէս 140 ըն­կե­րու­հի­ներ հա­մախմ­բո­ւե­ցան Ա­թէն­քի «Athens Avenue» հիւ­րա­նո­ցի սրա­հէն ներս, նոր տա­րո­ւան շնոր­հա­ւո­րանք­ներ փո­խա­նա­կե­լով եւ ու­րախ ու ըն­կե­րա­յին ժա­մեր անց­նե­լով տօ­նա­կան օ­րե­րէն ետք:
Հ. Կ. ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի ընկ. ­Լի­զէթ ­Գի­րա­զեան, բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ներ­կա­նե­րուն եւ նոր տա­րո­ւան ու Ս. Ծ­նուն­դի ա­ռի­թով իր բա­րե­մաղ­թանք­նե­րը փո­խան­ցեց:
­Հա­ւա­քոյ­թի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան ըն­թաց­քին, սի­րո­ւած ե­րա­ժիշտ պրն. ­Կա­րօ ­Պար­տաք­ճեան իր ե­րաժշ­տու­թեամբ, ծա­նօթ եր­գե­րով, հա­րուստ եւ ճոխ եր­գա­ցան­կով, ինչ­պէս միշտ խան­դա­վառ մթնո­լորտ ստեղ­ծեց եւ զո­ւար­ճա­ցուց ներ­կա­նե­րը: ­Կա­րօ ­Պար­տաք­ճեա­նին՝ քա­նի մը եր­գե­րով եւ իր ա­նուշ ձայ­նով ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ նաեւ տիկ. ­Սո­նա ­Յա­րու­թիւ­նեան:
Ա­պա, ընկ. ա­տե­նա­պե­տու­հին հրա­ւի­րեց միու­թեան մաս­նա­ճիւ­ղե­րու հինգ ա­տե­նա­պե­տու­հի­նե­րը ա­մա­նո­րի գա­թան կտրե­լու հա­մար, ո­րը բաժ­նո­ւե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն: Օ­րո­ւան բախ­տա­ւո­րը ստա­ցաւ գե­ղե­ցիկ գիրք մը՝ Ե­ղի­շէ ­Չա­րեն­ցի «Ես իմ ա­նուշ ­Հա­յաս­տա­նի» բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը, թարգ­մա­նո­ւած 35 լե­զու­նե­րու:
­Յա­ջոր­դեց վի­ճա­կա­հա­նու­թիւն, ո­րու բախ­տա­ւո­րը ստա­ցաւ Հ.Օ.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կող­մէ վա­ճառ­քի դրո­ւած յատ­կան­շա­կան պնա­կը՝ պատ­րաս­տո­ւած ­Մայքլ Ա­րա­մի կող­մէ:
Ե­րե­կոն շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ու իր ա­ւար­տին հա­սաւ ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ:
Հ. Կ. ­Խա­չը ամ­բողջ տա­րո­ւան ըն­թաց­քին աշ­խուժ ներ­կա­յու­թիւն մըն է: Իր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը բա­րե­սի­րա­կան ու հա­յակր­թա­կան մար­զե­րէն ներս ե­րե­ւե­լի եւ գնա­հա­տե­լի է: Ար­դէն ծրագ­րո­ւած են յա­ջորդ ձեռ­նարկ­նե­րը: ­Փետ­րո­ւար 1ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հա­ւա­քոյթ մը, ո­րու ըն­թաց­քին Ա­խու­րեա­նի «­Մօր ու ման­կան» կեդ­րո­նի տնօ­րէն՝ պրն. ­Սե­ւակ Ա­ւա­գեան պի­տի ներ­կա­յաց­նէ բժկշա­կան ծրա­գիր մը (ման­րա­մասն­թիւն­նե­րը յա­ջոր­դիւ):
­Յա­ջոր­դա­բար Ապ­րիլ 5ին տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ տա­րի­նե­րու ա­ւան­դու­թիւն դար­ձած՝ «­Սի­րոյ ­Պա­զար»ը: ­Յա­ջո­ղու­թիւն կը մաղ­թենք Հ. Կ. ­Խա­չին եւ ուժ եւ կա­րո­ղու­թիւն իր յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծու­նէու­թեան հա­մար: