Կին դէմքեր

Ֆ­րան­սա­հայ ­Սո­նիա Ուն­ճեան «­Թի­ւի մը խոս­տու­մը»
մե­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ Ե­րե­ւա­նի եւ ­Գիւմ­րիի մէջ

Հռիփսիմէ Յարութիւնեան

Ֆ­րան­սա­հայ ե­րի­տա­սարդ դե­րա­սա­նու­հի ­Սո­նիա Ուն­ճեան ար­դէն եր­կու տա­րի է, որ իր հե­ղի­նա­կած «­Թի­ւի մը խոս­տու­մը» մե­նա­ներ­կա­յա­ցու­մը՝ ­Փա­րի­զի մէջ մի քա­նի ա­ռիթ­նե­րով բե­մադ­րած ու ներ­կա­յա­ցու­ցած է։
­Զուտ հայ­կա­կան ըն­տա­նի­քի մը զա­ւակ, ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած, նա­խա­պէս ­Յու­նաս­տան ա­պաս­տա­նած, ա­պա Ֆ­րան­սա փո­խադ­րո­ւած իր մեծ մօր՝ Աս­լի­նի պատ­մո­ւածք­նե­րով մեծ­ցած ու հա­սակ նե­տած ­Սո­նիան կը պատ­մէ Ս­փիւռ­քի մէջ ապ­րող ե­րի­տա­սարդ հա­յու­հիի մը ա­ռօ­րեա­յին ու փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րուն մա­սին։ Ազ­գին «բե­ռը», ըն­տա­նե­կան պա­հե­րը, ա­րե­ւե­լեան սո­վո­րու­թիւն­նե­րով, բայց եւ­րո­պա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րով մեծ­նա­լու եր­կընտ­րան­քի մը պայ­ման­նե­րը բե­մի վրայ կը բե­րեն կեն­դա­նի պատ­մու­թիւն մը, որ քիչ թէ շատ կը բնո­րո­շէ Ս­փիւռ­քի մէջ հայ զա­ւակ մեծց­նող բո­լոր հայ ըն­տա­նիք­նե­րը։
Ին­պէ՞ս հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով այս փոք­րիկ աղջ­նա­կը իր «հայ­կա­կան բար­դոյ­թը» կը փո­խա­կեր­պէ ֆի­զի­քա­կան բար­դոյ­թի։
Ինչ­պէ՞ս կ’ապ­րի «ցե­ղաս­պա­նո­ւած» ու ար­տա­գաղ­թած, ան­հայ­րե­նիք ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թեան մը ժա­ռան­գորդ փոք­րիկ աղջ­նա­կը, որ ­Փա­րիզ կը ծնի 1975ին։
­Պատ­մու­թիւն­նե­րու եւ ման­կու­թեան յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու մի­ջո­ցով, ­Սո­նիա Ուն­ճեան կը պատ­մէ իր անձ­նա­կան պա­հե­րը՝ իր վե­րած­նուն­դի եւ նոր կեանք մը կեր­տե­լու դժո­ւար ա­ռօ­րեա­յով։
­Հիւ­մու­րով եւ զգա­յուն պա­հե­րով լե­ցուն այս մե­նա­ներ­կա­յա­ցու­մը, գրա­ւեց ֆրան­սա­հա­յու­թեան ու ֆրան­սա­ցի հան­դի­սա­տես­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը, ­Փա­րի­զի ներ­կա­յա­ցում­նե­րուն ժա­մա­նակ։ Ա­հա՛, պա­հը հա­սած է հայ­րե­նի­քի մէջ ներ­կա­յա­ցու­մը կա­տա­րե­լու։
­Սո­նիա Ուն­ճեան՝ հրա­ւէր ստա­ցած ըլ­լա­լով ­Հա­յաս­տա­նէն, «­Թի­ւի խոս­տու­մը» թատ­րո­նը կը ներ­կա­յաց­նէ Ե­րե­ւան եւ ­Գիւմ­րի, 26 եւ 29 Ապ­րիլ 2019ին, յա­ջոր­դա­կան ե­լոյթ­նե­րով։
­Սո­նիա Ուն­ճեան խոստմնա­լից ե­րի­տա­սարդ դե­րա­սա­նու­հի մըն է, որ սի­րո­ղա­կան թատ­րո­նով կը զբա­ղի ար­դէն 20 տա­րիէ ի վեր։
«2015ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին, ես կորսն­ցու­ցի մայ­րա­կան կող­մէ 102ա­մեայ մեծ մայրս՝ Աս­լի­նը, որ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած մեր ըն­տա­նի­քի վեր­ջին ան­դամն էր։ Այս կո­րուս­տը ո­րո­շիչ ե­ղաւ ին­ծի հա­մար՝ բեմ բարձ­րա­նա­լու։
Ան մշտա­պէս ներ­կայ է իմ մե­նա­ներ­կա­յաց­ման մէջ, ինչ­պէս նաեւ իմ ծնող­նե­րը՝ ­Կար­պիս եւ Ք­րիս­տին Ուն­ճեան­նե­րը։ Ես կը խա­ղամ բո­լոր դե­րե­րը, հիւ­մու­րով եւ զգաց­մուն­քա­յին տար­բեր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։
Երբ սկսայ գրել «­Թի­ւի խոս­տու­մը», դեռ ո­չինչ չկար իմ մտքիս մէջ, քան բու­ժել իմ ցա­ւե­րը եւ գրել ա­նոնց մա­սին։ Աս­տի­ճա­նա­բար փա­փաք ու­նե­ցայ պատ­մե­լու ու վե­րապ­րե­լու այդ պատ­մու­թիւ­նը, որ զիս կը բնո­րո­շէր իմ ման­կու­թեան տա­րի­նե­րէն։ Ես չեմ ու­զեր այն դար­ձնել հա­մայն­քա­յին պատ­մու­թիւն մը, այլ կը ձգտիմ ցոյց տալ հար­ցին հա­մա­մարդ­կա­յին բնոյ­թը։
­Մենք բո­լորս կա­պո­ւած ենք մեր ար­մատ­նե­րուն։ ­Մենք բո­լորս կ’ապ­րինք բար­դոյթ­նե­րով։ Ո՞րն է կա­պը այս եր­կու­քին մի­ջեւ։ Եւ յատ­կա­պէս, ինչ­պէ՞ս ապ­րիլ, ինչ­պէ՞ս ան­կէ խու­սա­փիլ՝ ա­ռանց հեր­քե­լու սե­փա­կան ըն­տա­նի­քի պատ­մու­թիւ­նը»։

­Խա­չու­հիի մը յու­շե­րէն

Դէ­պի հայ­րե­նիք

­Մա­նու­շակ Սլտ­րեան — ­Ցու­քա­լա

­Թէեւ եր­կար տա­րի­ներ ան­ցած են այդ թո­ւա­կա­նէն, երբ ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով այ­ցե­լե­ցի ­Հա­յաս­տան՝ իմ հայ­րենիքս, իմ եր­կիրս, սա­կայն այդ օ­րե­րու ան­փո­խա­րի­նե­լի յի­շա­տակ­նե­րը այն­քան վառ եւ պայ­ծառ ու յստակ են մտքիս մէջ, որ ներ­քին մղու­մով մը կ­‘ու­զեմ բաժ­նեմ զա­տոնք իմ ըն­կե­րու­հի­նե­րուս հետ, հե­տե­ւեալ ամ­փոփ տո­ղե­րով.
1974ին, ու­զե­ցի ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լել մօրս հետ, ո­րով­հե­տեւ մայրս հի­ւանդ էր կա­թո­ւա­ծով. իր քոյ­րը ­Հա­յաս­տան մեկ­նած էր 1946 թո­ւա­կա­նին — ան ալ նոյն հի­ւան­դու­թե­նէն կը տա­ռա­պէր: Կ’ու­զէի որ եր­կու քոյ­րե­րը հան­դի­պին եւ ի­րենց կա­րօ­տը առ­նեն: Երբ հա­սանք ­Հա­յաս­տան, մնա­ցինք «Ար­մե­նիա» հիւ­րա­նո­ցը. այդ թո­ւա­կա­նին ար­դէն եր­կու կամ ե­րեք պան­դոկ­ներ կա­յին միայն: ­Յա­ջորդ օ­րը, ա­ռա­ւօ­տուն, բո­լոր ազ­գա­կան­ներս հիւ­րա­նոց ե­կան մեզ տես­նե­լու: ­Լուր տո­ւին, թէ մեզ կը սպա­սեն դրան առ­ջեւ: ­Պա­տաս­խա­նե­ցի՝ թող անց­նին սրահ եւ կու­գանք: ­Պա­տաս­խա­նը ի՞նչ էր, անս­պա­սե­լի՜: Ոչ՝ չի կա­րե­լի: ­Չեն կր­նար պան­դոկ մտնել, ար­գի­լո­ւած է տե­ղա­ցի­նե­րուն հա­մար…: Այդ վայր­կեա­նին չէք կրնար ե­րե­ւա­կա­յել իմ յու­սա­խա­բու­թիւնս: ­Հայ­րե­նիքս ե­կած եմ եւ իմ հա­րա­զատ­ներս չե՞ն կրնար պան­դոկ մտնել. «զար­մա­նա­լի բան» խոր­հե­ցայ ես, փոր­ձե­ցի ը­սել, որ մայրս տկար է, չի կրնար դուրս ել­լել, կը մսի եւ այն օ­րը անձ­րե­ւոտ օր մըն էր: ­Բար­կա­ցայ, տնօ­րէ­նին հետ խօ­սե­ցայ, որ ար­տօ­նու­թիւն տայ, բայց ան­կա­րե­լի ե­ղաւ:
Ի վեր­ջոյ, մայրս ա­ռի եւ մօ­րաք­րոջս տու­նը տա­րի: ­Բայց ես ա­մէն օր պան­դոկ կու­գա­յի, որ­պէս­զի սե­նեա­կը ու­րի­շի չի տան:
­Վեր­ջա­պէս ի՞նչ էր եզ­րա­կա­ցու­թիւ­նը: ­Յու­զումս, ու­րա­խու­թիւնս, որ զգա­ցի հայ­րե­նիք հաս­նե­լով, ոչն­չա­ցան:
Երբ կը մտնէի, հար­ցու­ցին իմ տպա­ւո­րու­թիւնս. պա­տաս­խա­նս ե­ղաւ՝ «ու­րիշ ան­գամ չեմ գար հայ­րե­նիք, բայց ե­թէ օր մը ան­կա­խու­թիւն ըլ­լայ, այն ա­տեն խօսք կու­տամ՝ տա­րին եր­կու ան­գամ հայ­րե­նիքս այ­ցե­լե­լու, ո­րով­հե­տեւ այն ա­տեն իմ հայ­րե­նիքս պի­տի ըլ­լայ»: Խն­դա­ցին. «շատ մեծ ե­րազ­ներ ու­նիս»,- ը­սին, «այդ ան­կա­րե­լի է»:
­Բայց «ան­կա­րե­լին» կա­րե­լի ե­ղաւ, երբ 90ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ան­կա­խու­թիւն ու­նե­ցանք:
Այ­լեւս խոս­տում կու­տամ եւ տա­րին եր­կու ան­գամ կը ջա­նամ ­Հա­յաս­տան եր­թալ, ո­րով­հե­տեւ հայ­րե­նի­քը իմ տունս է. ես կը զգամ, որ տունս կ­‘եր­թամ. կը սի­րեմ զայն, ինչ­պէս որ է. իր գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րով եւ իր դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րով:
Ա­ռա­ջին ան­գամ երբ ­Հա­յաս­տան էի, չկրցայ վա­յե­լել, բայց այ­լեւս երբ հոն եմ՝ ինք­զինքս լաւ կը զգամ, ա­ռողջ եւ հան­գիստ: Ե­րե­ւի ճիշդ էր մեծ մայրս, որ կ­‘ը­սէր՝ «հա­յուն եր­թա­լիք տե­ղը ­Հա­յաս­տանն է»:

Ճատ­րա­կ

­Ճատ­րա­կը մեր կեան­քում,
կամ ին­չո՞ւ է ճատ­րա­կը նման
հայ­կա­կան մտա­ծե­լա­ձե­ւին

­Ռու­զան Մ­խի­թա­րեան-Օ­հա­նեան

­Մեր ազ­գի կեան­քը շատ բարդ է ե­ղել, մենք միշտ կա­րո­ղա­ցել ենք գո­յա­տե­ւել եւ յաղ­թել մտքի շնոր­հիւ: ­Ճատ­րա­կը դրա դրսե­ւո­րում­նե­րից մէկն է: Այն զար­գաց­նում է հա­ղոր­դակ­ցու­մը, կա­մա­յին յատ­կա­նիշ­նե­րը, մար­զում ու­շադ­րու­թիւ­նը եւ մրցակ­ցա­յին ո­գին: ­Յա­ջո­ղու­թիւն, սպորտ, հա­ճոյք. սրանք մէկ­տեղ­ւում են մէկ գա­ղա­փա­րում: ­Բո­լո­րին է յայտ­նի, որ այս խա­ղի ըն­թաց­քում ա­մե­նա­փոքր սխա­լը կա­րող է ո­րո­շիչ, նոյ­նիսկ ճա­կա­տագ­րա­կան լի­նել:
­Ճատ­րա­կը մարդ­կանց սո­վո­րեց­նում է նաեւ կեան­քում ո­րո­շում ըն­դու­նել, ինք­նու­րոյն լի­նել, այ­սինքն՝ այդ մի­ջո­ցով զար­գա­նում են այն բո­լոր հո­գե­բա­նա­կան յատ­կու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք մար­դուն պէտք են կեան­քում:
Այս պատ­ճա­ռով մենք ծնող­ներս պէտք է ա­ջակ­ցենք մեր ե­րե­խա­նե­րին որ­պէս­զի յա­ճա­խեն այս խմբա­կը, զար­գաց­նե­լով ճատ­րակ խա­ղա­ցո­ղի մտա­ծե­լա­կեպ՝ այ­սինքն ի­մա­նան ար­դար յաղ­թել եւ ար­դար պար­տո­ւել:
­Դի­մե­լով Հ­րա­չեայ Ա­ճա­ռեա­նի «­Հա­յե­րէն ար­մա­տա­կան բա­ռա­րան»ին՝ կը ստու­գենք, թէ «ՃԱՏՐԱԿ» բա­ռը՝ «սատ­րանջ, շախ­մատ խաղն է: Այս խա­ղի հնա­րու­մը տրւում է հնդիկ­նե­րին: Հնդ­կաց թա­գա­ւո­րի մա­հով՝ եր­կու որ­դի­նե­րի (­Գավ և ­Թահ­լենդ) միջեւ գա­հա­կա­լա­կան կռիւ սկսո­ւեց. կրտսե­րը` ­Թահ­լեն­դը մե­ռաւ պա­տե­րազ­մի մէջ. մայ­րը ա­նի­ծեց ­Գա­վին, իբ­րեւ եղ­բայ­րաս­պան: ­Գա­վը հա­ւա­քեց հնդկաց ի­մաս­տուն­նե­րին, ո­րոնք հնա­րե­ցին ճատ­րա­կը, իբրև պատ­կեր պա­տե­րազ­մի, եւ ցոյց տո­ւին մօ­րը` թէ որ­դին չմե­ռաւ եղ­բօր ձեռ­քով, այլ ա­մէն կող­մից պա­շա­րո­ւած` յոգ­նու­թիւ­նից եւ ծա­րա­ւից»:
Այս խա­ղի ա­ւար­տին պար­տո­ւող թա­գա­ւո­րը յայտն­ւում է ծու­ղա­կում, ոչ մի կողմ քայլ ա­նել չի կա­րո­ղա­նում եւ ի­րեն պար­տո­ւած է ճա­նա­չում: