Հայ Կապոյտ Խաչի էջի յանձնախումբը, դիմեց սննդաբան Փոլ Ֆարաճեանին,
օգտակար խորհուրդներ եւ թելադրանքներ խնդրելով՝
մեծ պահքի շրջանին համար։
Վիկտորիա Մաղաքեան
Մեծ պահքի շրջանը կը բնութագրուի կենդանական սննդամթերքի սպառման զրկումով եւ յաւելեալ բուսական սնունդի ու ծովային կենդանիներու (ինչպէս խեցեմորթի եւ կակղամորթի) սպառումով։ Այսինքն, մեր սննդակարգէն պէտք է հեռացնել սննդամթերքի մեծ խումբեր, ինչպէս կաթնեղէն, հաւկիթ ու միս։
Պահքի օգուտները
Կրետէի համալսարանի հետազօտութեան համաձայն, պահքի հետեւողները մեծ օգուտներ կը ստանան, ինչպէս՝
-Արեան մէջ իւղի (լիբիտների) մակարդակի նուազում
-Միզային թթուի մակարդակի նուազում, կենդանական սպիտի ցած սպառման պաճառով
-Աւելի լաւ ու հաւասարակշռուած սննդայնութեան սովորութիւն՝ պտուղի, բանջարեղէնի, ընդեղէնի եւ ծովային կենդանիներու յաւելեալ սպառումի պատճառով
-Արեան շաքարի մակարդակի աւելի լաւ կարգաւորում, քանի որ պարզ բնածխաջրատները (մանաւանդ յառաջ եկած անուշեղէններէ եւ պտղային հիւթերէ) յարմար չափով կը սպառուին
-Արեան ճնշման աւելի լաւ կարգաւորում, բարձր քալիոմի (պտուղ, բանջարեղէն, ընդեղէն) եւ ցած նատրիոնի ընդունման պատճառով, քանի որ վերամշակուած ուտեստեղէն աւելի կը սպառուի
-Աղիքի աւելի նպաստաւոր գործունէութիւն, կապուած մանրաթելերու բարձր սպառման հետ
-Շատ antioxidant բաղադրիչներ, հակաքաղցկեղային յատկութիւններով
-Ընկճումի նուազած դէպքեր, քանզի պահքը կը նուազեցնէ վատ տրամադրութիւնը՝ antioxidant բաղադրիչներու շնորհիւ։
Ինչ կը վերաբերի մարմնի ծանրութեան վերահսկումին, ուսումնասիրութեան արդիւնքները խառն են։ Միսի եւ կաթնեղէնի պակասը անօթութեան զգացումը եւ շարունակաբար ուտելու միտումը օրուան ընթացքին կը բարձրացնեն։ Սակայն, եթէ մէկը սպառէ շատ պտուղ ու բանջարեղէն, կարելի է հաւասարակշռել այդ զգացումը։
Պահքի հնարաւոր թերութիւններ
Երկարատեւ պահքը կարելի է ստեղծել սննդային պակասութիւններ, ինչպէս՝ կրածինի, երկաթի եւ D ու B12 կենսանիւթերու, եթէ սննդեղէնի զուգակցութեան որոշ գործնական կանոններ չպահուին։
Գործնական խորհուրդներ
Որպէսզի պահքի ընթացքին անձը կարենայ ապահովել բաւարար սննդանիւթներ եւ իր մարմինին կողմէ ընդունուին ու ներքաշուին, պէտք է հետեւիլ որոշ գործնական խորհուրդներու։
Կրածինի լաւ աղբիւր են սոյայի, նուշի կամ կաղինի ըմպելիներ, ձկնականջ, պրոքոլի, կանաչ տերեւային բանջարեղէն, չոր միրգեր (յատկապէս թուզ), ընդեղէն, շուշմայ եւ թահին։ Սակայն, որպէսզի կրածինի ներքաշումը մեր մարմինէն աւելի արդիւնաբեր ըլլայ, կարեւոր է խուսափիլ նոյն ճաշին մէջ շոմին, նեխուր, ճակնդեղ, խոտ, տուրմ, թէյ, գինի կամ չոր միրգեր սպառելէ։
D կենսանիւթի լաւ աղբիւրներ են նուշի եւ սոյայի ըմպելիներ, սունկը, արմտիքը եւ կարագը։
Երկաթի լաւ աղբիւրներ են ընդեղէնը, սոյան, չոր միրգերը եւ ոստրէն։ Սակայն, որպէսզի արդիւնաբեր ըլլայ սնունդի ներքաշումը, պէտք է միաժամանակ սպառել ուտեստեղէն, որ հարուստ է C կենսանիւթով (ինչպէս նարինջ, լիմոն, ելակ, պրոքոլի, կարմիր պղպեղ) եւ խուսափիլ գինի, թէյ, խոտ եւ բուսական մանրաթելերէ։
Ինչ կը վերաբերի կենդանական սպիտի հեռացման մեր սննդակարգէն, ան չի կրնար ազդել առողջ մարմինի մը հաւասարակշռութեան, երբ երկարատեւ չէ։ Որպէսզի բաւարարուի մեր մամինի կարիքը սպիտի նիւթերով, շատ կարեւոր է սպիտի աղբիւրներու զուգակցութիւնը, օրինակ՝
լուբիա եւ եգիպտացորեն,
ոսպ կամ սիսեռ եւ ձաւար կամ բրինձ,
լուբիա եւ գետնախնձոր։