­Խօ­սում է քա­րը

Ման­նիկ ­Պէօ­րէք­ճեան – Աշ­րեան

«Ես հնու­թիւն եմ, ինձ լաւ նա­յիր
տա­րեգ­րու­թիւն եմ ու ո­գու կեանք, կան­խա­տե­սում
ա­պա­գա­յի ե՛ւ քո ան­ցեա­լը, եւ քո ներ­կան»

­Հայ­րե­նի «Ս. ­Գա­յեա­նէ» տա­ճա­րի մուտ­քին փո­րագ­րո­ւած վե­րոն­շեալ տո­ղե­րու կան­չը յան­կարծ ու­ժեղ հնչեց ա­կանջ­նե­րուս, երբ ո­րո­շե­ցի ըն­դա­ռա­ջել խա­չու­հի ըն­կե­րու­հի­նե­րուս ա­ռա­ջար­կին՝ յու­շար­ձան­նե­րու ի­մաստն ու կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւս նե­րառ­նե­լու այս տա­րո­ւան ապ­րի­լեան պատ­գամ­նե­րուն շարքին:
Հ.Կ.­Խա­չի դի­պուկ այս մտա­ծու­մը զիս տա­րաւ 21 տա­րի­ներ ետ, 1998ի Հ.Օ.Մ.ի հա­յաս­տա­նեան խորհր­դա­ժո­ղո­վի ան­մո­ռա­նա­լի օ­րե­րուն: Իւ­րա­յա­տուկ ապ­րում­նե­րով լից­քա­ւո­րո­ւած պա­հեր էին: ­Մեր մտքե­րուն մէջ անջն­ջե­լի հետ­քեր թո­ղուց ­Թուր­քիոյ սահ­մա­նագ­ծին վրայ մեր փա­ռա­պանծ ան­ցեա­լի վկայ՝ Ա­նիի ա­ւե­րակ­նե­րուն կեն­դա­նի պատ­կե­րա­ցու­մը: ­Յու­զու­մի ա­լիք­ներ բարձ­րա­ցուց «­Սօ­սէ ­Մայ­րիկ»ի ա­ճիւն­նե­րուն թա­ղու­մը Ե­ռաբ­լու­րի հե­րո­սա­կան սրբա­վայ­րին մէջ: ­Բազ­մա­թիւ ա­ռիթ­ներ ու­նե­ցանք ամ­րապն­դե­լու մեր ազ­գա­յին ո­գին՝ խո­նար­հե­լով յու­շար­ձան­նե­րու ա­ռաջ հայ­րե­նի­քէն ներս, թէ Ար­ցա­խի տա­կա­ւին վէր­քե­րով լի, բայց ա­զա­տագ­րո­ւած հո­ղին վրայ, ա­ռա­ջին «­Սօ­սէ» ման­կա­պար­տէ­զի բաց­ման յու­զիչ ա­ռի­թով:
­Խօ­սում է քա­րը…
­Կը խօ­սի իս­կա­պէս քա­րը ու մե­զի կը փո­խան­ցէ ան­ժա­ման­ցե­լի իր պատ­գա­մը՝ «Ես ո­գու կեանք եմ, ե՛ւ քո ան­ցեա­լը, ե՛ւ քո ներ­կան»:
Ի­րօք յու­շա­կո­թող­նե­րը ի­րենց լռու­թեան մէջ ա­մէ­նէն պեր­ճա­խօս վկա­ներն են մեր հի­նա­ւուրց ազ­գի ո­գեշն­չող պատ­մա­կան պա­տո­ւա­բեր ան­ցեա­լին, հա­յուն բարձր մշա­կոյ­թը, ստեղ­ծա­գործ ո­գին ու պող­պա­տեայ կամ­քը խորհրդան­շող թան­կա­գին քա­րեր, որ ի­րենց ամ­րա­կուռ ներ­կա­յու­թեամբ կը գօ­տեպն­դեն մեր ներ­կան ու հա­յա­վա­յել ա­պա­գա­յի մը յոյ­սը կը ներշն­չեն:
­Պա­տա­հա­կան չէ, որ ազ­գի մը բնաջն­ջու­մը ծրագ­րող ա­մէն թշնա­մի, մարդ­կա­յին զո­հե­րէն ան­դին, կը ջա­նայ փճաց­նել նաեւ յու­շա­կո­թող­նե­րը, միան­գա­մընդ­միշտ ջնջե­լու հա­մար ա­նոր հետ­քե­րը: Այս­պէս, մեր ազ­գի ցե­ղաս­պա­նու­թեան պա­րա­գա­յին եւս 1.500.000 նա­հա­տակ­նե­րու կող­քին, մեր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րը դար­ձան նաեւ ա­ւե­լի քան 1700 յու­շա­կո­թող­նե­րու լռե­լեան ա­ղա­ղա­կող գե­րեզ­մա­նը:
­Մենք, սա­կայն, մեր մի­լիո­նա­ւոր ան­թաղ մե­ռել­նե­րու յի­շա­տա­կը յա­ւեր­ժաց­նող ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դին ա­ռաջ խո­նար­հե­լով, կը լսենք ա­նոնց կան­չը եւ ան­մար բո­ցին խոր­հուր­դը մեր հո­գի­նե­րուն մէջ պա­հե­լով կ­’ուխ­տենք, մեր ինք­նու­թեան հա­ւա­տա­րիմ՝ ծա­ռա­յել մեր ար­դար դա­տին մին­չեւ վերջ­նա­կան յաղ­թա­նակ: ­Հայ­րե­նի­քէն թէ հե­րո­սա­կան Ար­ցա­խէն ներս եւ սփիւռ­քի տա­րած­քին, ան­հա­մար յու­շա­կո­թող­ներ, ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հե­րոս­նե­րու յի­շա­տա­կին նո­ւի­րո­ւած, ա­մէն հա­յու կը փո­խան­ցեն ազ­գա­յին ու­ղիղ ճա­նա­պար­հի հե­տե­ւե­լու սրբա­զան պատ­գա­մը:
Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ, նրբա­ճա­շակ մեր խաչ­քա­րե­րը հիա­ցում կ’առ­թեն նոյ­նիսկ օ­տար­նե­րուն, իբ­րեւ մեր ազ­գի բարձ­րո­րակ մա­կար­դա­կին ու քրիս­տո­նէա­կան խոր հա­ւատ­քին յատ­կան­շա­կան նմոյշ­ներ: Դժ­բախ­տա­բար, թշնա­մին տա­կա­ւին իր բար­բա­րո­սու­թեան թի­րախ կը դարձ­նէ զա­նոնք, ուր որ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նի, թէ­կուզ եղ­բայ­րա­կից ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ձեռ­քով:
­Նա­հա­տա­կաց պատ­գա­մա­բեր յու­շա­դամ­բան­նե­րէն ան­դին, սա­կայն, մենք իբր յա­րու­ցեալ ազգ, ­Սարդա­րա­պա­տի յաղ­թա­կան ո­գիով կը զի­նո­ւինք, յու­շա­հա­մա­լիր, ­Բաշ-Ա­պա­րան, ­Ղա­րա­քի­լի­սէ այ­ցե­լե­լով եւ նո­րո­գե­լով մեր ազ­գա­յին ուխ­տը նո­րա­գոյն մեր պատ­մու­թեան հե­րոս­նե­րու յու­շար­ձան­նե­րուն ա­ռաջ Ե­ռաբ­լու­րի թէ Ար­ցա­խի մէջ:
­Խօ­սում է քա­րը…
­Կը խօ­սի քա­րը ու կը վկա­յէ մեր հո­ղե­րուն հայ­կա­կա­նու­թիւ­նը, կը պատ­մէ իր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րէն ար­մա­տա­խիլ ե­ղած հա­յուն վիշտն ու ար­ցուն­քը, վէրքն ու եր­գը, ա­պա­գա­յի յոյսն ու տես­լա­կա­նը, հա­յօ­րէն տո­կա­լու իր կամ­քը:
Այս­պէս կը խօ­սի նաեւ ­Նէա Զ­միռ­նիի մեր յու­շա­կո­թող զան­գա­կը:
Այն­տեղ կը ղօ­ղան­ջեն մեր բո­լոր սրբա­տե­ղի­նե­րու զան­գակ­նե­րը՝ Ս. Էջ­միած­նայ թէ Ան­թի­լիա­սի, մեր բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հնչող թէ լռած զան­գակ­նե­րը, մին­չեւ Աղ­թա­մա­րայ «Ս. ­Խա­չը» եւ Ա­նիի մայր տա­ճա­րի ա­ւե­րակ­նե­րը:
­Յու­շը՝ մո­ռա­ցու­թեան դէմ:
Աշ­խար­հի որ ան­կիւնն ալ գտնո­ւինք, ա­կանջ տալ այդ ղօ­ղան­ջին, անլ­ռե­լի մեր զան­գա­կա­տուն­նե­րու ա­ղա­ղա­կող կան­չին, մեր յու­շա­կո­թող­նե­րու խօ­սող քա­րե­րու պատ­գա­մին, մեր հո­գու պարտքն է:
­Խօ­սում է քա­րը՝ «ես քո ան­ցեալն եմ եւ քո ներ­կան»:
­Թէ մեր ան­ցեալն է ան, բո­լորս հպար­տու­թեամբ կը նշենք:
Ե­թէ, սա­կայն, տագ­նա­պա­լից այս դա­րուն, ազ­գա­յին մեր հա­ւա­տոյ հան­գա­նա­կը մեր ներ­կան չէ այ­լեւս, զան­գակ­նե­րու ղօ­ղան­ջը ու քա­րե­րու կան­չը մեր ներ­կան դարձ­նե­լը, պա­հե­լով մեր ինք­նու­թիւնն ու ար­ժէք­նե­րը, այդ ալ մեր հո­գու պարտքն է, ե­թէ կ­’ու­զենք «վառ յոյ­սե­րով նա­յիլ դէ­պի հա­յոց ա­պա­գան», ե­թէ կ­’ու­զենք «մեր եր­գը ըլ­լայ միշտ յաղ­թու­թիւն»: