Հայ Օգ­նու­թեան Միու­թիւ­նը 5-12 Հոկ­տեմ­բերին, Գա­նա­տա­յի Մոնթ­րէալ քա­ղա­քին մէջ կը գու­մա­րէ 72րդ Հա­մա­հայ­կա­կան ժո­ղո­վը:
40 պատ­գա­մա­ւոր­ներ եւ 180 ունկն­դիր­ներ ամ­բողջ աշ­խար­հէն հա­մախմ­բո­ւե­ցան մաս­նակ­ցե­լու հա­մար սոյն ժո­ղո­վին:
Հ.Օ.Մ.ի հա­մա­հայ­կա­կան ժո­ղո­վը կը քննար­կէ նա­խորդ նստաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին իր տա­րած գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ կազ­մա­կերպ­չա­կան, խնա­մա­տա­րա­կան, գրա­ւոր եւ բա­նա­ւոր քա­րոզ­չու­թեան, յա­րա­բե­րա­կան, հա­յակր­թու­թեան մար­զե­րէն ներս, ինչ­պէս նաեւ Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ Ջա­ւախ­քի նկատ­մամբ իր տա­րած աշ­խա­տան­քներուն լայն ծիրը:
Ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին պի­տի լսո­ւին շրջաններու տե­ղե­կագ­իրնե­րը, ինչպէս նաեւ աշխարհի տար-բեր երկիրներու մէջ գործող Հ.Օ.Մ.ա­կան­նե­րուն գա­ղա­փար­նե­րը եւ ա­ռա­ջարկ­նե­րը:
Պի­տի ներ­կա­յա­ցո­ւին ի­րենց գոր­ծու­նէու­թեան ար­դիւնք­նե­րը ու պի­տի ճշդո­ւին նոր ծրա­գիր­ներ միու­թեան ազ­գա­յին ծա­ռա­յու­թեան ծի­րէն ներս:
Յու­նաս­տա­նի Հայ Կա­պոյտ Խա­չը եւ Հիւ­սի­սա­յին Յու­նաս­տա­նի Հայ Գ­թու­թեան Խա­չը ի­րենց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով, ո­րոնք ընտ­րո­ւե­ցան գու­մա­րո­ւած Բա­ցա­ռիկ Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին, կը մաս­նակ­ցին սոյն ժո­ղո­վին:
Յու­նաս­տա­նի Հ. Կ. Խա­չը կը ներ­կա­յաց­նեն ընտրուած պատգամաւորներ՝ Լի­զէթ Գի­րա­զեան եւ Մա­րի-­Ռոզ Գէոր­գեան, իսկ Հ. Գթ. Խա­չը՝ ըն­կե­րու­հի­ներ՝ Գար­մէն Վա­հեւ­նու­նի եւ Մա­րի Գա­լայ­ճեան: