2020-2021 դպրոցական տարեշրջանը իր աւարտին հասաւ։ Արտասովոր տարի մը. թագավարակին պատճառով դպրոցը մօտաւորապէս 5 ամիս փակ մնաց։ Այսուհանդերձ, անխոնջ շարունակեցինք մեր աշխատանքները, լիուլի օգտագործելով առցանց դաստիարակութեան բնագաւառին օժտած միջոցները։ Երկրորդ տարին ըլլալով որ այս անյաճոյ կացութեան առջեւ գտնուեցանք, սակայն նախորդ տարուան փորձառութիւնը բոլորիս օգնեց եւ յաջողեցանք բոլորել բեղուն եւ արդիւնաւէտ կրթական տարեշրջան մը։
Դպրոցին մէջ աշակերտ եւ ուսուցիչ միասին ապրեցանք հայրենիքին անցուցած ճգնաժամային օրերը, հարազատներու կորուստը։ Թարգմանչացին Օրը զուգատիպեցաւ այդ սարսափելի օրերուն, ուր աշակերտ-ուսուցիչ մէկ բռունցքի նման «տօնեցինք» մեր մշակոյթը եւ զօրավիգ կանգնեցանք Արցախի ժողովուրդին մեր համեստ միջոցներով։ Եւ մինչեւ դպրոցին վերջին օրերը անթիւ եղան խօսակցութիւնները, միտքերու փոխանակումը Հայաստանին ու Արցախին մասին։
Առցանց տօնեցինք Նոր Տարին, առցանց դիմաւորեցինք եւ վայելեցինք ձիւնը, որ տարիներ ետք մեր քաղաքը այցելեց, Վարդանանցի հերոսներուն յիշատակը, Բարեկենդանը, Յունաստանի Յեղափոխութեան 200-ամեակը, Ցեղասպանութեան 116-ամեակը. մանկապարտէզէն մինչեւ 6-րդ բոլոր աշակերտները, գրաւոր թէ բանաւոր եւ կամ ձեռային աշխատանքներով արտայայտեցին իրենց զգացումներն ու մտածումները։
Եւ անշուշտ, Մայիսին դպրոց վերադարձը խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ, քանի՝ որեւէ հեռակայ, թէ հեռավար, կամ առցանց ուսուցում դպրոցին աննման առօրեան չի փոխարիներ։
Այս անմար խանդավառութիւնը ռումբի նման ժայթքեցաւ եւ արտայայտուեցաւ երբ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան ստեղծումը տօնեցինք դասարան առ դասարան՝ ըստ արտակարգ պայմաններուն։
Մայիս 28-ի տօնին նախօրեակին, դպրոցը մէկ շաբաթ թնդաց երգերով, պարերով, գծագրութիւններով, ձեռային աշխատանքներով եւ մարզական խաղերով։
Շնորհիւ ուսուցչական կազմին յաջող ծրագրումին, իւրաքանչիւր դասարան յաջողեցաւ այս երկու ամսուան մէջ կատարել դաստիարակչական այցելութիւններ՝ Ռազմական թանգարանը, Բուսաբանական պարտէզը, Աքրոփոլիս, Հին Շուկային հնագիտական վայրը, Աթէնքի Ազգային պուրակն ու Սինտաղմա հրապարակին մեթրոյին ցուցադրման վայրը, Զողրաֆոյին համալսարանական համալիրը։
Վկայականներու բաշխման հանդիսութիւններ
«Զաւարեան» նաւով նախակրթարանի աւարտականներուն ճամբորդութիւնը վերջ գտաւ 23 Յունիսին, վկայականներու բաշխման հանդիսութեան օրը։ Արտառոց հանդիսութիւն մը, ուր ներկայ եղան միայն աշակերտները, անոնց ծնողները, Ուսուցչական Կազմը եւ գաղութիս կողմէն՝ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հայր՝ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ Հ.Կ.Խ. Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի տիկին Լիզէթ Գիրազեան-Շանկայեան։
Դպրոցին վերջին օրը, դպրոցի աշակերտութիւնը, դասարան առ դասարան, աւարտականներուն իր հրաժէշտը տուաւ անոնց ձօնելով յատուկ երգեր եւ ձեռային աշխատանքներ։
Իսկ մանկապարտէզի աւարտականներուն վկայականներու բաշխման հանդիսութիւնը, վերոնշեալ արտակարգ պայմաններով, տեղի ունեցաւ 16 Յունիսին։
Մրցանակներ
Հ.Կ.Խ.ը ամէն տարի Հ.Յ.Դ Պատանեկան միութեան բանակումին մասնակցութեամբ կը գնահատէ հայերէն լեզուի լաւագոյն աշակերտին։
Այս տարի սոյն մրցանակին կ՚արժանանայ Քրիս Մուշոյեան։
Տիկին Մէրի Փափազեան եւ պարոն Ռոպերթ Արշակունի իրենց ծնողած՝ Յակոբ եւ Մերիլին Արշակունիներուն յիշատակին 200 եւրոյով կը պարգեւատրեն հայոց պատմութեան լաւագոյն աշակերտին։ Սոյն մրցաշարքին կ’արժանանայ Խարիս Մելաս։
Այս տարի «Μαθηματικά Πυθαγόρας» մրցաշարքին, հակառակ որ այն առցանց տեղի ունեցաւ, մասնակցողներու թիւը բաւական լաւ էր։ Դպրոցի աշակերտներէն շատեր մրցանակին արժանացան։ Աւարտական դասարանէն 3 հոգի մասնակցեցան, բոլորը գնահատանքի արժանացան, իսկ մրցանակին արժանացաւ Կարօ Գասարճեան։
Շնորհակալութիւն՝
Թեմիս Առաջնորդ Սրբազան հօր, Ազգային վարչութեան, Հ.Կ.Խ.-ի Շրջ. վարչութեան, «Ս. Յակոբ» եկեղեցւոյ հոգեւոր հօր, Թաղային եւ Տիկնանց մարմիններուն, Ուսումնական, Տնտեսական եւ Կալուածային խորհուրդներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ին, «Զաւարեան» կեդրոնի խորհուրդին, Հ.Կ.Խ. Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղին, Ամերիկայի Յունահայերու միութեան, «Ազատ Օր» օրաթերթի ու «Արմենիքա» պարբերաթերթի խմբագրութեանց եւ վարժարանիս Ծնողական միութեան, որ այս տարի ստանցնեց մանկապարտէզի «Ծաղիկ» դասարանի շրջանաւարտներուն նուէրները ։
Տիկիններ Անուշ Ճրագեանին, Պերճուհի Ունճեանին, տէր եւ տիկին Արամ եւ Իոաննա Գասարճեաններ զոյգին եւ մեր բոլոր նուիրատուներուն։
Վարձքը կատար՝
Մեր սիրելի աշակերտներուն, որոնք իրենց ամենօրեայ պարտականութիւններուն կողքին, գուրգուրացին իրենց վարժարանին վրայ:
Մանկապարտէզի ու նախակրթարանի բոլոր ուսուցիչներուն, որոնց հասկացողութեան եւ անկեղծ գործակցութեան շնորհիւ, մեր վարժարանը կը զարգանայ, կը բարգաւաճի կիրթ ու անկեղծ մթնոլորտի, ջերմ ու հաղորդական միջավայրի մէջ։ Բոլորը իրենց կարողութիւնները գերազանցելով, կարողացան թագավարակի պատճառով դպրոցին փակման երկարատեւ շրջանին աշակերտներուն եւ ծնողներուն հետ կապը սերտօրէն վառ պահել եւ միաժամանակ, աշակերտներուն բանաւոր ու գրաւոր աշխատանքին զուգահեռ հայթայթել նաե՛ւ հոգեկան ամէն քաջալերանք եւ հոգատարութիւն։
Վարժարանիս (մանկապարտէզ եւ նախակրթարան), աշխուժ, ստեղծագործ եւ նորարար գաղափարներով հայ ուսուցչական կազմին։ Անոնց շնորհիւ հայերէնը, հայ երգը, կատակախաղերն ու թատերախաղերն անպակաս եղան աշակերտներուն կեանքէն ու մեր ականջները լեցուցին դպրոցի առօրեային ընթացքին, նոյնիսկ՝ առցանց դասապահերուն, այս դժուար եւ անսովոր տարուան մէջ։
2020-21 դպրոցական տարեշրջանի աւարտական դասարանի ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն վկայականներու բաշխման հանդիսութեան ուրախ օրը բաժնուեցան վարժարանիս ուսուցչական կազմին հետ, բոլորիս հիւրասիրով «Զաւարեան»ի դալար տանիքը։
Հայկանուշ Մինասեան
տնօրէնուհի
Հ.Կ.Խ.-ի Գոքինիոյ «Զաւարեան»
ազգային վարժարանին