Տեղեկագիր՝ ներկայացուած վարժարանի տնօրէն պրն. ԲԱԲԳԷՆ ԳԱՍԱՊԵԱՆի կողմէ
Մեր ազգի դարաւոր պատմութեան մէջ իրագործուած երեք փայլուն յաղթանակներու յոբելեանն է, զոր կը տօնենք այս տարի։ Առաջինը՝ Երեւան քաղաքի հիմնադրման 2800րդ տարեդարձն է. մեր սիրելի քաղաքը իր այդ ապրած կեանքով, սրտաբաց ապաւէն տուած է, եւ կը շարունակէ տալ, իւրաքանչիւր հայրենասէր հայու։ Միշտ լուռ ու անտրտունջ՝ մասնակից դարձած է մեր վիշտերուն ու ցաւերուն. իսկ մեր յաջողութիւնները գրկած է՝ ցնծութեամբ ու ջերմութեամբ։
Երկրորդը՝ 600 տարիներ ետք վերականգնուած մեր պետականութեան հարիւրամեակն է, զոր կը տօնենք։ Յանձին Արամ Մանուկեանի եւ իրեն նման վեհանձն, առաքինի ու վճռական հայերու, ինչպէս նաեւ ամբողջ հայ ժողովուրդի՝ միասնակամ ուժով կերտուած մեր անկախ պետականութեամբ հիմը դրուեցաւ նոր օրերու, միջազգային նոր օրէնքներով ճանչցուած պետութեան մը։
Երրորդը՝ Արցախի ազատագրական պայքարին 30րդ տարեդարձն է։ Այսպիսով ամբողջ աշխարհին կ՛ապացուցենք, թէ հազարաւոր տարիներու խորքէն եկող մեր ազգը կ՛ապրի ու կը գոյատեւէ՝ ազատ ու անկախ ապրելու իր կամքին, տենչանքին ու պայքարին շնորհիւ իսկ միասնութեան պարագային՝ հրաշքներ կը գործէ։ Մեր սիրելի աշակերտները մեր փառքերուն արժանի կրողներն են, ուստի արժանաբար կարելի է անուանել զանոնք ԱՐԱՄ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆի սերունդ։
Գնահատելով իւրաքանչիւր աշակերտի աշխատանքը, մանաւանդ դպրոցէն ներս անոնց պահ-ւածքը՝ վարքն ու բարքը, ինչի շնորհիւ արժանի դարձան սիրոյ եւ յագանքի, կ՛ուզեմ շնորհաւորել զիրենք, ինչպէս նաեւ իրենց ծնողները։
Գերազանց աշակերտներ
Սիրելիներ, դպրոցիս տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ ու հպարտանքով կ’ուզէ յայտարարել 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանի գերազանց աշակերտներուն անունները.-
Ա. Դասարան
I. Թերզեան Վարդան 19 05/13
II. Բարսեղեան Անահիտ 19 03/13
Բ. Դասարան
I.Պարտագճեան Յովհաննէս–Ժան 19 05/14
II.Չինարեան Սարգիս 19 04/14
Գ. Դասարան
I.Նաճարեան Ալեքսան 19 11/14
II.Հիթեան Արտեմիս 19 07/14
III. Քերոբեան Անի 19 01/14
Սրտանց կը շնորհաւորենք մեր գերազանց աշակերտները՝ մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ:
Մրցանակներ
Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը, տնօրէնութեանս հետ համախորհուրդ, հաստատած է մրցանակ մը` հայերէնի մէջ լաւագոյն ճիգը ցուցաբերած եւ համապատասխան արդիւնքի հասած աւարտական դասարանի աշակերտին համար: Մրցանակը Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան ամառնային բանակումին անվճար մասնակցութիւն է` Շրջանային Վարչութեան հոգատարութեամբ: Այս տարի մրցանակը կը շնորհենք Քերոբեան Անիին:
«Ազատ Օր»ի տնօրէնութիւնը, քաջալերելով սփիւռքի մէջ հայ աշակերտի հայեցի դաստիարակման եւ հայերէնով լուրերու տեղեկացման գործառոյթը՝ կը նուիրէ «Ազատ Օր» ելեկտրոնային թերթի մէկ տարուան անվճար բաժանորդագրութիւն, հայերէնի մէջ լաւագոյն ճիգը ցուցաբերող եւ համապատասխան արդիւնքի հասնող աշակերտին: Այս մրցանակը կը շնորհենք Հիթեան Արտեմիսին:
Նաեւ՝ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ հայրենասէր, յարգարժան պարոն Յարութիւն Չինարեան 500 եւրօ գումար մը կը նուիրէ աւարտական դասարանի այն աշակերտին, որ միջնակարգի երեք տարիներու ընթացքին իւրայատուկ հետաքրքրութիւն եւ սէր ցուցաբերած է հայոց լեզուի եւ պատմութեան նկատմամբ: Առաւել եւս ժիր ու աշխոյժ մասնակցութիւն բերած է ու կը բերէ Պատանեկան Միութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան եւ կամ «Համազգային»ի որեւէ մէկ բաժինէն ներս: Այս տարի մրցանակը կը շնորհենք Ալեքսան Նաճարեանին:
Ուսուցչական Խորհուրդի որոշումով՝ յատուկ գովասանքի կ՛արժանանայ իր դասերուն մէջ անձնական ջանքերով նկատելի առաջընթաց արձանագրող աշակերտուհի Միրաքեան Էլինան:
Կը շնորհաւորենք եւ մեծապէս կը գնահատենք նմանօրինակ քայլեր, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան մեր աշակերտութեան` աւելի լաւ սորվելու եւ ամրապնդելու հայոց լեզուի եւ պատմութեան վերաբերեալ իրենց ունեցած գիտելիքները:
Շնորհակալիք
Շնորհակալութիւն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Վարչութեան, յարակից եւ պատկան մարմիններուն, Ուսումնական եւ Տնտեսական Խորհուրդներուն՝ իրենց կատարած անխոնջ աշխատանքին համար:
Խորին շնորհակալութիւն Հ.Կ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան՝ իր նուիրական ու անսակարկ նիւթաբարոյական օժանդակութեան համար: Հրապարակային շնորհակալութիւն կ’ուղղենք Հ.Օ.Մ.ին, «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան, «Կիւլպէնկեան» եւ «Աւետիքեան» հիմնարկութիւններուն, կրթասէր ազգայիններու եւ ծնողներու մեր վարժարանին հանդէպ իրենց ցուցաբերած բարեացակամ վերաբերմունքին համար:
Շնորհակալութիւն շրջանիս ծխատէր Նարեկ Քահանայ Շահինեանին:
Մեր խորին շնորհակալութիւնը նաեւ կրթական նախարարութեան, նոյնպէս «Տեֆթերօ վաթմիա Էքբէտեվսի Ալֆա Աթինա»յի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին, որոնք մեծապէս օժանդակեցին մեր վարժարանի անխափան գործունէութեան եւ գոյատեւման:
Շնորհակալութիւն նաեւ «Ազատ Օր»ի խմբագրութեան, որ որեւէ ճիգ չի խնայեր օգտակար դառնալու համար մեր դպրոցի աշխատանքներուն:
Շնորհակալութիւն դպրոցիս Ծնողական Միութեան անդամներուն, որոնք ամբողջ տարին եղան մեր կողքին, ինչպէս նաեւ՝ շրջանաւարտներուն համար պատրաստեցին գեղեցիկ նուէրներ:
Շնորհակալութիւն «Համազգային»ի Շրջանային Վարչութեան եւ անոր ատենապետ ընկ. Յովսէփ Պարազեանին, աւարտական աշակերտներուն, «Պատմական Հայաստանի աւանդներու հետքերով» գրքոյկի նուիրման համար:
Շնորհակալութիւն պարոն Փոլ Ֆարաճեանին, որ աննախադէպ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ մեր աշակերտներուն բացատրեց սնունդի եւ ճիշդ ձեւով սնուելու կարեւորութեան մասին:
Շնորհակալութիւն տիկ. Սարա Միսաքեանին, ինչպէս նաեւ՝ պրն. Յակոբ Պարսամեանին, որոնք սիրայօժար յանձն առին՝ գեղարուեստական բարձր ճաշակով բեմադրելու մեր հանդէսը:
Շնորհակալութիւն տիկին Գոլցիտա Վիքիին, որուն կը պարտինք այսօրուան յունական թատերականի ներկայացումը:
Շնորհակալութիւն տիկին Փափաիլիա Նաւսիքային, որուն շնորհիւ ճաշակեցինք հոյակապ երգեր մեր աշակերտներուն կատարողութեամբ:
Շնորհակալութիւն կը յայտնենք պրն. Մինասեան Խաչիկին, որ ծնողականին միջոցաւ պատրաստուած աշակերտներու նուէրներուն վրայ փորագրեց դպրոցին անունն ու իւրաքանչիւր աշակերտի անունը:
Շնորհակալութիւն պրն. Պէքէրէճեան Արամին, մեր դպրոցի սքանչելի խորհրդանշանը պաստառի վրայ տպելուն համար:
Շնորհակալութիւն պրն. Կարօ Պարտագճեանին՝ ձայնային սարքերու դասաւորման եւ կարգաւորման համար:
Շնորհակալութիւն մեր վարժարանի յարակից պաշտօնէութեան` բոլոր վարորդներուն՝ պրն. Անտոնիին, պրն. Նիկոլասին եւ պրն. Յովիկին: Ընկերակցող տիկիններուն՝ տիկ. Վերժինին, տիկ. Ովսաննային, տիկ. Զուարթին եւ տիկ. Եուաննային, ինչպէս նաեւ տիկին Անիին, որոնք իրենց նպաստը բերին մեր աշխատանքներու յաջողութեան:
Վերջապէս սրտագին շնորհակալութիւն իմ բոլոր պաշտօնակիցներուս` տիկ. Գոլցիտա Ալեքսանտրային, տիկ. Փափաիլիա Նաւսիքային, տիկ. Փիփերիտու Էլէնիին, տիկ. Վլախօփուլու Նիքիին, տիկ. Ճամուզեան Նազիկին, պրն. Մանոլաքոս Էվանկելոսին, պրն. Ստամաթաքիս Արկիրիսին, պրն. Ֆերետինոս Փանայոթիին, որոնց համախումբ ճիգերուն շնորհիւ հնարաւոր եղաւ արդիւնաւոր տարի մը բոլորել: