Հ.Կ.Խաչի Շրջանային վարչութիւնը Կիրակի՝ 21 Մարտ 2021-ին, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ իրագործեց իր յայտարարած արիւնատուութեան արշաւի առաջին փուլը:
Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիները ներկայ գտնուեցան Գոքինիոյ ակումբը, օգտակար հանդիսանալով կամաւոր արիւնատուներուն, բժիշկին եւ հիւանդապահներուն՝ զգուշաւորութեամբ եւ առողջապահական անհրաժեշտ բոլոր միջոցները կիրարկելով:
«Քորոնա» ժահրի տագնապին հետեւանքով, որ վերջին շաբաթներուն զգալի յաւելում արձանագրած է Ատտիկէի մէջ, շրջագայութեան կանոնները հետեւելով, մեր հայրենակիցները ընդառաջեցին Հ.Կ.Խաչի կոչին եւ ներկայացան Գոքինիոյ ակումբը, խորապէս գիտակցելով, թէ իրենց նուիրաբերումով կեանք մը պիտի փրկուի:
Ամբողջ գործընթացը եղաւ նախատեսուած ձեւով, ապահովութեամբ եւ կարգ ու կանոնով: Նշենք, որ պատասխանատու բժիշկները խիստ քննութիւններէ կ’անցընէին կամաւոր արիւնատուներուն, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին:
Այս անգամ, կարելի եղաւ 42 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մաս մը մերժուեցաւ:
Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի պահեստանոցներուն՝ հարստացնելով Հ. Կ. Խաչի անունով պահ դրուած արեան պահեստը:
Բոլոր անոնք, որոնք կարելիութիւնը չունեցան ներկայանալու Գոքինիոյ ակումբը, կը տեղեկացնենք, թէ արիւնատուութեան Բ. փուլը պիտի կատարուի Կիրակի՝ 4 Ապրիլ 2021-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս, առաւօտեան ժամը 10:00-14:00:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայ Կապոյտ Խաչի արիւնատուութեան արշաւի Ա. փուլը՝ Գոքինիոյ մէջ