Վերջին շաբաթներուն, «Քորոնա» ժահրի համաշխարհային տագնապի հետեւանքով, Յունաստանի հիւանդանոցներէն ներս արեան պահեստի զգալի նուազում արձանագրուած է։ Կամաւոր արիւնատուներ կարելիութիւնը չունին այցելելու պետական հիւանդանոցները արիւն տալու:
Այս պատճառով, Հ.Կ.Խաչը ընդառաջելով արեան պահեստի պետական ծառայութեան կոչերուն, «Էվանկեիլզմոս» հիւանդանոցին հետ գործակցաբար եւ զգուշաւորութեան անհրաժեշտ միջոցները կիրարկելով, իրագործեց իր յայտարարած արիւնատուութիւնը որ տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 29 Մարտ 2020ին, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ։
Շրջագայութեան ամբողջական արգիլումի կիրարումին հանդերձ ու գործադրելով շրջագայութեան օրէնքի անհրաժեշտ քայլերը, մեր հայրենակիցները ընդառաջեցին Հ.Կ.Խաչի կոչին եւ ներկայացան Ֆիքսի ակումբը, խորապէս գիտակցելով, թէ իրենց նուիրաբերումով կեանք մը պիտի փրկուի:
Ամբողջ գործընթացը եղաւ նախատեսուած ձեւով, ապահովութեամբ եւ կարգ ու կանոնով:
Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիները ներկայ գտնուեցան Ֆիքսի ակումբը, օգտակար հանդիսանալով կամաւոր արիւնատուներուն, բժիշկին եւ հիւանդապահներուն: Նշենք, որ պատասխանատու բժիշկները խիստ քննութիւններէ կ’անցընէին կամաւոր արիւնատուներուն, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին: Այս անգամ, կարելի եղաւ 43 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մաս մը մերժուեցաւ: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի պահեստանոցներուն՝ հարստացնելով Հ. Կ. Խաչի անունով պահ դրուած արեան պահեստը: Բոլոր անոնք, որոնք կարելիութիւնը չունեցան ներկայանալու Ֆիքսի ակումբը, կը տեղեկացնենք, թէ արիւնատուութեան երկրորդ փուլը պիտի կատարուի Կիրակի՝ 12 Ապրիլ 2020ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, առաւօտեան ժամը 10:00-14:00: