Հայոց ցեղասպանութեան 105ամեակին նուիրուած Հ.Կ. Խաչի արիւնատուութեան երկրորդ փուլը տեղի ունեցաւ երէկ, Կիրակի՝ 12 Ապրիլ 2020ին, առաւօտեան ժամը 10:00էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 14:00, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ։
Հակառակ «Քորոնա» ժահրի պատճառով շրջագայութեան ամբողջական արգիլումի կիրառումին, գործադրելով շրջագայութեան օրէնքի անհրաժեշտ քայլերը, մեր հայրենակիցները ընդառաջեցին Հ.Կ.Խաչի կոչին եւ ներկայացան արիւնատուութեան վայրը, խորապէս գիտակցելով, թէ իրենց նուիրաբերումով կեանք մը պիտի փրկուի:
Ամբողջ գործընթացը եղաւ նախատեսուած ձեւով, ապահովութեամբ եւ կարգ ու կանոնով:
Հ.Կ.Խաչի ընկերուհիները ներկայ գտնուեցան «Զաւարեան» կեդրոն, օգտակար հանդիսանալու համար կամաւոր արիւնատուներուն, բժիշկին եւ հիւանդապահներուն: Նշենք, որ պատասխանատու բժիշկները խիստ քննութիւններէ կ՚անցընէին կամաւոր արիւնատուներուն, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին: Այս անգամ, կարելի եղաւ 39 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մաս մը մերժուեցաւ: Ստացուած արեան քանակը տրամադրուեցաւ «Էվանկելիզմոս» հիւանդանոցի համակարգի պահեստանոցներուն։
Հայ Կապոյտ Խաչի ընկերուհիները իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին՝ մեր հայրենակիցներուն կողմէ ցոյց տրուած պատրաստակամութեան եւ կամաւոր ներկայութեան համար, որով այս տարի եւս, երկու ակումբներուն մէջ յաջողապէս իրականացած արիւնատուութեան շնորհիւ, Միութեան արեան պահեստը հարստացաւ նկատառելի քանակով մը։