Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչական ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Կիրակի՝ 15 Ապրիլ 2018ին առաւօտեան ժամը 10-2, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած արիւնատուութեան առաջին փուլը:
Կարիքաւոր մեր հայրենակիցներուն օգտակար ըլլալու նպատակով, ամէն տարի իրագործուող այս նախաձեռնութիւնը, միշտ իր շուրջ կը համախմբէ արիւն տալու պատրաստ հայրենակիցներ, որոնցմէ շատեր ամէն տարի ներկայ կ’ըլլան արիւնատուութեան արշաւին, հոգեկան բարձր գոհունակութիւն ստանալով իրենց կատարած մատուցումով։
Այս անգամ, կարելի եղաւ 13 հոգիէ արիւն ստանալ, հակառակ որ ներկաներու թիւը աւելի բարձր էր, սակայն առողջապահական տարբեր պատճառներով՝ մեծ մասը մերժուեցաւ:
Նշենք, որ պատասխանատու բժիշկները տարուէ տարի ալ աւելի խիստ քննութիւններէ կ’անցընեն կամաւոր արիւնատուներուն, որպէսզի բոլոր առողջապահական օրէնքները յարգուին:
Ստացուած արեան քանակութիւնը, այս տարի դարձեալ, տրամադրուեցաւ Էվանկելիզմոս հիւանդանոցի համակարգի պահեստանոցներուն՝ հարստացնելով Հ. Կ. Խաչի անունով պահ դրուած արեան քանակը:
Գոքինիոյ մէջ արիւնատուութեան օրուան պատասխանատուները՝ Հ. Կ. Խաչի ընկերուհիները ներկայ գտնուեցան, օգտակար հանդիսանալով կամաւորներուն, բժիշկներուն ու հիւանդապահներուն՝ հսկելով արիւնատուութեան լաւագոյն կազմակերպման։
Հարկ է նշել, թէ Յունաստանի Հայ Կապոյտ Խաչի տուեալ նախաձեռնութիւնը՝ մարդասիրական մատուցում մըն է մեր բոլոր հայրենակիցներու օգտին:
Արիւնատուութեան երկրորդ փուլը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի՝ 29 Ապրիլ 2018ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս:
Նկատի ունենալով բոլոր ցուցմունքները, որ կատարուեցան պատասխանատու բժիշկներուն կողմէ կը ներկայացնենք զանոնք, որպէսզի յառաջիկային նկատի առնուին կամաւոր արիւնատուներէն: Արիւնատուութեան ներկայանալէ առաջ նկատի ունենանք հետեւեալ պայմանները.-
• Արիւնատուները իրենց հետ պէտք է ունենան ինքնութեան թուղթ եւ Ընկերային Ապահովագրութեան իրենց թիւը (ΑΜΚΑ):
• Արեան մատուցումը պէտք չէ կատարուի անօթի ստամոքսով. անհրաժեշտ է թեթեւ նախաճաշ մը ըրած ըլլալ եւ մանաւանդ առատ ջուր կամ հիւթեր խմել: Անշուշտ ակումբին մէջ միշտ կը տրամադրուի անհրաժեշտ սնունդը արիւն տալէն անմիջապէս առաջ եւ յետոյ:
• Նախորդ գիշերը նուազագոյնը 5-6 ժամ լաւ քնացած ըլլալ:
• Նախորդ իրիկուն խմիչք սպառած պէտք չէ ըլլալ (մէկ գաւաթ խմիչքը խնդիր չէ):
• Չենք կրնար արիւն տալ եթէ անթիպիոթիք դեղ կ՛առնենք:
• Եթէ դաջուածք (tattoo) ունիք ձեր մարմնին վրայ, նուազագոյնը վեց ամիս պէտք է անցած ըլլայ այն օրէն որ դաջուածքը ըրած էք:
• Արիւն տալու թուականէն նուազագոյնը 24 ժամ առաջ որեւէ դեղօրայք չգործածել, նոյնիսկ ասփիրին, որպէսզի արիւն ներարկուողին առողջութիւնը չվտանգուի:
• Ձեր հետ ունեցէք անձնագիր եւ արիւնատուի գարդը:
• Ուրախ տրամադրութիւն ունենալ, որովհետեւ արեան նուիրաբերումը կեանքի թանկագին նուէր է՝ անոր կարիքը ունեցող հայրենակիցի մը համար:
Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութիւն