Չորեքշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2022-ի երեկոյեան, Հ.Կ.Խաչի Գոքինիոյ «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը կազմակերպեց անդամական ժողով «Զաւարեան» կեդրոնէն ներս, ներկայութեամբ մասնաճիւղի անդամներուն եւ Շրջ. վարչութեան ներկայացուցիչներուն։
Հաւաքի բացումը կատարեց ատենապետուհի ընկ. Արմենուհի Սիմոնեան, որ յայտնեց, թէ համավարակի տարածման երկար ժամանակաշրջանէ մը ետք, կարելի կ՚ըլլայ դարձեալ անդամական հաւաքներ կատարել ակումբէն ներս, Հ.Կ.Խաչի գործունէութիւնը աւելի աժխուժացնելու միտումով։ Ան յոյս յայտնեց, որ բարենպաստ պայմանները առիթ պիտի ընծայեն յառաջիկային նոր եւ ընդարձակ աշխատանքներ կատարել։
Յաջորդաբար, վարչութեան քարտուղարուհի ընկ. Նէլլի Աբիկեան կարդաց անցնող շրջանի գործունէութեան մանրամասն տեղեկագիրը, որմէ ի յայտ եկաւ, թէ հակառակ դժուար պայմաններուն, միութիւնը եւ անոր կարգին մասնաճիւղը նկատառելի գործունէութիւն ցուցաբերած են։ Կատարուած հարցումներուն կապակցութեամբ տրուեցան անհրաժեշտ բացատրութիւններ։
Հանդիպումի գլխաւոր նիւթն էր «Ազատ Օր օրաթերթի հրատարակութիւնը եւ անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները», որ ներկայացուց ընկ. Քերոբ Էքիզեան։
Առաջին հերթին հակիրճ կերպով ներկայացուեցաւ հայ մամուլի պատմութիւնը Յունաստանի մէջ, ապա ընկերը յատուկ նշում ըրաւ «Նոր Օր» օրաթերթի հիմնումին (1923), որու 100-ամեակը պիտի նշուի յաջորդ տարի։ Ընկերը մէկ առ մէկ թուեց հիմնադիրներու անունները, թերթի վայելած ժողովրդային ընդունելութիւնը, գաղութի իրավիճակը ու անոր մէջ թերթի առանցքային ներկայութիւնը, ոչ միայն որպէս արձագանգողը հաւաքական կեանքին, այլեւ խիզախօրէն մատնանշելով դրական եւ բացասական բոլոր երեւոյթները, որոնք յատկանշեցին յունահայ կեանքի կազմաւորման տարիները։
Յաջորդաբար, ներկայացումը ծանրացաւ «Ազատ Օր» օրաթերթին վրայ, որ 1945-էն ի վեր կը նկատուի գաղութի ողնաշարը, իր անհամար էջերուն մէջ պարփակելով թանկագին պատմութիւն մը եւ մինչեւ այսօր կը շարունակուի իր անխափան հրատարակութեամբ։
Ան նախապէս ընդգծեց Հ.Յ.Դաշնակցութեան գաղափարական եւ քաղաքական խօսքը ներկայացնելու հանգամանքը, որ բացի կուսակցական թերթ մը ըլլալէ, ան բոլորին կողմէ գրկուեցաւ որպէս յունահայ իրականութեան հարազատ հայելին ըլլալու իր բարձր դերով։
Ընկերը մանրամասնօրէն տուաւ թերթի պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու մթնոլորտը ու զանազան հանգրուաններուն ընթացքին գլխաւոր դերակատարներու՝ խմբագիր, գրաշար, վարչական պատասխանատու, գործակից դերակատարութիւնը թերթի յարատեւման, արհեստագիտական ու բովանդակային զարգացման մէջ։
Վերջին բաժինին մէջ, ընկերը ներկայացուց այսօրուան ու ապագայ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները, որոնք մասնաւորապէս կապ ունին լեզուի նահանջի, դասական մամուլի դժուարութիւններուն, ընթերցասիրութեան պակասին եւ այլ պատճառներու հետ։ Հպանցիկ կերպով տուաւ ապագայ ծրագիրներու շրջագիծը՝ թերթը աշխուժ պահելու եւ տարածումը արդիւնաւորելու ջանքերու առնչութեամբ։ Իր խօսքի աւարտին, ան կարեւորելով այն բոլոր ազդակները, որոնց հիման վրայ հայ մամուլին՝ ու մանաւանդ դաշնակցական մամուլին գլխաւոր դեր վերապահուած է հայագաղութներուն մէջ, կոչ ուղղեց բոլորին զարկ տալ երիտասարդ սերունդին եւ նորակազմ ընտանիքներուն մէջ ապրումի վերածել հայ մամուլի ներկայութիւնն ու «Ազատ Օր»-ի տարածումը։
Յաջորդեց լայն զրոյց, հարցումներու եւ կարծիքներու փոխանակումով, որոնք աւելի հետաքրքական դարձուցին օրուայ նիւթի ներկայացումը եւ թերթին հետ ծանօթացման առիթը։
Ժողովը վերջ գտաւ ատենապետուհիի խօսքով, որ անդրադարձ կատարեց յառաջիկայ շրջանին կազմակերպուելիք աշխատանքներուն։
Յաջորդեց հիւրասիրութիւն եւ մտերմիկ խօսակցութիւն։
ԹՂԹԱԿԻՑ