Յ. Պ.
Ուրբաթ՝ 22 Մարտի կէսօրուան ժամերուն, Հայ Կապոյտ Խաչի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ բոլոր մասնաճիւղներու մօտ 40 ընկերուհիներու մասնակցութեամբ, չափազանց հետաքրքրական այցելութիւն մը տրուեցաւ հելլէն խորհրդարանին:
Մեր ընկերուհիները առիթ ունեցան վայելելու խորհրդարանի տարբեր բաժանմունքներ եւ ծանօթանալու անոր շէնքային կառոյցներուն (պալատ, թանգարան, ցուցասրահ, պատկերասրահ, գրասենեակներ, ժողովասրահ, եւայլն):
Այս այցելութեան բուն նպատակը սակայն, այցելել ու մօտէն ծանօթանալն էր Յունաստանի՝ Օսմանեան Կայսրութենէն անկախանալէն առաջ (1821), երկրէն ներս, բայց մանաւանդ երկրէն դուրս կազմակերպուած Յունաստանի ազգային-ազատագրական զարթօնքի ռահվիրայ Ռիղա Ֆերէոս-Վելեսթինլիի կեանքին ու գործին նուիրուած մեծ ցուցահանդէսին, տրամադրուած՝ յատուկ թարգմանով ու համապատասխան անհրաժեշտ եւ լուսաբանիչ բացատրութիւններով ու թարգմանական առաւելութիւններու ժամանակագրական քաղուածքներով:
Հ. Կ. Խաչի այս այցելութիւնը ընդառաջուեցաւ խորհրդարանի փոխ-նախագահ, երեսփոխան պրն. Նիքիթաս Գաքլամանիսի հրաւէրին ու մասնակի դասաւորման հիմամբ:
Այցելութեան աւարտին, խաչուհի ընկերուհիները խորհրդարանի ճաշասրահին մէջ կէսօրուան ճաշի հիւրը եղան խորհրդարանի նախագահական դիւանին:
Իրականութիւնը այն է սակայն, որ Հ. Կ. Խաչի շահագրգռական գիտելիքներու այս նախաձեռնութիւնը ձեւով մը կը տարբերի միութեան բազմակողմանի ու բազմատեսակ գործունէութեան ընթացիկ նախաձեռնութիւններէն, եւ միջանկեալ տարբեր համեմատութիւն ու ծաւալ մը կը ստանայ իր խորքային յաւելեալ տարողութեամբ, քանի խորհրդարանը իբրեւ երկրի մը պետա-վարչակարգային ժողովրդավարութեան թելադրական արտայայտութիւն, կառոյց ու խորհրդանշական իմաստ, իւրայատուկ տարողութիւն կը ստանայ եւ տարբեր դիմագիծով կ՚ազդէ ժողովուրդի հասարակաց առօրեայ կեանքի ըմբռնումին վրայ: Իսկ «ժողովրդավարութեան տան» մէջ, ազատագրական ու արդարամարտի բովանդակութեամբ ցուցահանդէսի մը ներայացումը ինքնաբերաբար կը բազմապատկէ անոր նպատակն ու խորհուրդը, յատկապէս մեզի պէս բազմաչարչար ժողովուրդի մը համար, որ գերեվարութեան ու ազատագրութեան մեկնակէտային միեւնոյն ճանապարհէն անցած է, որքան ցաւակից ու ճակատագրակից յոյն եղբայրակից ժողովուրդը իր յեղափոխաշունչ ազատագրական փոխադարձ պայքարներով, մինչեւ ազատ ու անկախ պետականութեան տիրանալը, նախ՝ օսմանեան, ապա նաեւ՝ թրքական տիրապետութեան տակ դարերով ապրած ըլլալու մեզի վիճակուած իրողութեամբ:
Երկու ժողովուրդները իրարու կապուած են պատմական, քաղաքական, գաղափարական, ազատագրական ու ընկերային, կրօնական, մշակութային կապերով եւ այս է պատճառը, որ այս թղթակցութեան քիչ մը աւելի կարեւորութիւն տուինք, կարկինը աւելի լայնցնելով ու յարակից նիւթերու ըմբռնողութեամբ բացուելու հարկը զգալով: Տեսնենք՝ շարունակութիւնը:
Ո՞վ է Ռիղաս Ֆերէոս
Քանի մը խօսք՝ Ռիղաս Ֆերէոսի կեանքին ու գործին ծանօթանալու համար:
Բուն անունով՝ Անտոնիս Քիրիազիս, սակայն ծանօթ է որպէս Ռիղաս Վելէսթինլիս, Յունաստանի Թեսալիա շրջանի Վելէսթինօ-Ֆերէս գիւղին մէջ ծնած ըլլալու անուանական որդեգրումին պատճառով:
Ծնած էր 1757 թուականին, երբ Յունաստանը գերեվարուած էր Օսմանեան Կայսրութեան կողմէ, մինչեւ 1821 թուականի յեղափոխութիւնն ու ազատագրումը:
Մահացած էր 1798ին, 41 տարեկանին, այդ օրերու օսմանեան Պելկրատի մէջ, որ իր անկախութենէն յետոյ ծանօթ եղաւ որպէս ազատագրուած Սերպիա: Իր մահը տեղի ունեցաւ դաւադրական մատնութենէ մը ետք, Թրիէսթէի (Սերպիոյ եւ Իտալիոյ սահմանը) մէջ 1797ին, ուրկէ փոխադրուեցաւ Պելկրատի Նիպոյսա ամրոցը, ուր եւ խոշտանգումի հետեւանքով մահացաւ: Օտար պետութիւններու կողմէ անոր կեանքը շնորհելու ու ներման արժանացնելու պահանջով դիմումներ կատարուեցան Օսմանեան այսրութեան սուլթան Սելիմ Գ.ի, որ անզիջողօրէն մերժեց տեղի տալ խնդրագիրներուն, ենթական վտանգաւոր ապստամբ համարելով, Պալքանեան թերակղզիին մէջ կայսրութիւնը տապալելու եւ նոր ու ազատագրուած երկիրներու իշխանութիւն մը հաստատելու ծանր յանցանքով:
Ռիղաս Ֆերէոս գործեց Պոլսոյ, Ռուսիոյ, Աւստրիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Մոլտավիոյ ու Վլախիայի մէջ: Կը խօսէր ֆրանսերէն, իտալերէն եւ գերմաներէն:
Դաստիարակութիւն ստացած էր Խալքիտիքիի (Թեսաղոնիկէ) թերակղզիներէն մէկուն մէջ գտնուող Այոն Օրոս (Սուրբ Լեռ) պատմահոգեւոր կեդրոնին մէջ: Գործակցած էր Յունաստանի ազատագրութեան համար արտասահմանի մէջ հիմնուած Φιλική Εταιρείαին հետ, որ մտաւորականներ, յեղափոխականներ, բարերարներ, հոգեւորականներ ու սուլթանի ծառայութեան տակ գտնուող եւրոպական զգեստաւորումով Φαναριώτες (սուլթանի պալատին մէջ իբրեւ թարգման օգտագործուող յոյներ) զօրակոչի կ՚ենթարկէր՝ յեղափոխական գաղտնի շարժում-կուսակցութիւն մը հիմնելով ամբողջ Եւրոպայի, Թուրքիոյ եւ բռնադատուած Յունաստանի տարածքին, երկրին մէջ ազատագրական զինեալ համատարած պայքարը կազմակերպելով:
Ուսմամբ, քաղաքացիական պատրաստութեամբ, գրական ստեղծագործութեամբ ու կրթութեամբ կը համարուէր իր ժամանակի յայտնի գրագէտ, բանաստեղծ, մտաւորական, քաղաքագէտ, յեղափոխական, դիւանագէտ, լրագրող, թարգմանիչ, փիլիսոփայ, իսկ 1821ի յեղափոխութենէն յետոյ՝ իր յատկանշական ներդրումին համար որպէս ապստամբ ռահվիրայ ու յեղափոխական շարժման առաջամարտիկ:
Գրական հարուստ գործ մը ձգած է իր ետին, որմէ ընդհանրապէս կը յիշատակուի իր «Խարթան» (տեսակ մը յեղափոխական մանիֆեսթ) ազդուած եւրոպական յառաջդիմութեան ազատագրական զարթօնքէն եւ ընկերային արդարութեան ու հաւասարութեան սկզբունքային գաղափարներու վերաբերումէն, ինչ որ իր ատենին համար յատկանշուեցաւ իբրեւ ոգեւորող ներշնչման աղբիւր գերեվարուած ժողովուրդները ազատագրումի ապստամբութեան մղելու եւ ձերբազատելու համար օսմանեան բռնալուծէն: Հրատարակուած «Խարթա»ն կը փրկուի ու կը ցուցադրուի թանգարանային իմաստով. անոր ծաւալն է 2,07Χ2,07 տրամագիծով:
Իր երկորդ յատկանշական ու յեղափոխաշունչ բանաստեղծական գործը «Θούριο»ն է (ռազմական քայլերգ), որ ոտքի կը հանէր ստրկացած ամբոխները ազատութեան ու անկախութեան մղելով ըմբոստացած ու ապստամբած յեղափոխաշունչ ժողովուրդները:
Ռազմական այս քայլերգին մէջ, բանաստեղծական տաղաչափեալ քառեակի 15րդ տան մէջ, նշում կայ նաեւ գերեվարուած հայերու ապստամբութեան մասին:
Ռիղա Ֆերէոսի եռուն կենսագրութիւնը ծանօթ է բոլոր յոյներուն, քանի իր բանաստեղծութենէն ոգեշունչ բաժին մը տեղ գտած է նախակրթարաններու դասագիրքերուն մէջ, յեղափոխաշունչ այդ մարտագոչը փոխանցելով փոքր տարիքէն բոլոր հայրենասէր յոյներուն: Կուտամ թարգմանաբար յատկանշական հատուած մը.
«Իցի՜ւ թէ մէկ ժամուան ազատ կեանք, քան թէ
քառասունտարի գերութիւն ու բանտ»
Ռիղաս Ֆերէոսի արձանը կանգնեցուած է Աթէնքի համալսարանի մուտքին, 1871էն ի վեր, որպէս յարգանք ազատագրական մարտնչումներու նուիրեալ անձի մը, որ ազգային ինքնագիտակութեամբ եւ դժբախտ հանգամանքներու տակ, առանց փառասիրութիւններու մինչեւ իր վերջին շունչը պայքարեցաւ իր սիրած հայրենիքի եւ ժողովուրդի հոգեփոխութեան, ազատագրական պայքարի ինքնագիտակցութեան ու բարեկարգութեան համար:
Ռիղաս Ֆերէոսի դամբարանը այսօր կը գտնուի Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի յունական դեսպանատան շէնքային կառոյցի շրջափակի յառաջամասի տարածքին մէջ:
Հայ եւ յոյն ժողովուրդներու յեղափոխական զարթօնքի նմանութիւններ
Եթէ պահու մը ուզենք պատմական բաղդատական մը կատարել Ռիղայի «Θούριο»ի (ռազմական քայլերգ), 19րդ դարու հելլէն եւ հայկական ազատագրական-յեղափոխական-սահմանադրական-ընկերային ու ժողովրդական-ժողովրդավարական մեծապետական օրուան տիրող պայմաններուն վրայ, բազմաթիւ քաղաքական ու գաղափարական նմանութիւններ պիտի գտնենք հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ազատագրական պայքարներուն միջեւ, անոր նախապատրաստող պայմաններուն եւ վերածնունդի շարժման համեմատական ազդակներու եւ զարգացումներու վրայ:
Նմանութիւններ պիտի գտնենք 18րդ դարէն սկսեալ հայ կեանքին մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցող վերնախաւի մը՝ պատրիարքներու եւ ամիրաներու դասակարգին եւ Պոլսոյ սուլթանական վարչախաւին վրայ իրենց ունեցած ազդեցութեան, ինչպէս էին յոյներու պարագային, որպէս սուլթանական վարչակարգին մէջ յատուկ տեղ գրաւող «ֆանարիոթի»ները, իրենց թարգմանական ու այլ կարեւոր գործով: Պէտք է նշել, թէ թարգմանական այս գործը ստանձնած էին նաեւ հայերը, որ սուլթանական պալատին մէջ առաջնակարգ այլ պաշտօններ ալ կը վարէին՝ վայելելով վստահութեան մենաշնորհներ, հակառակ սուլթանական խստաբարոյ վարչակարգներու տիրող մանրակրկիտ գրաքննութեան, որ տեւեց մինչեւ 1908 թուական, այսինքն՝ սուլթանի տապալումը Երիտ-Թուրքերու իշխանութեան հաստատումով:
Նմանութիւններ պիտի գտնենք ցարական պալատի եւ Ռուսիոյ քաղաքական բեմին վրայ Մեծն Պետրոսի (1700ական թուականներուն) եւ անոր յաջորդ Կատարինէ Բ. թագուհիի 1670ական թուականներուն) քաղաքական թատերաբեմի, հայկական հարցի զարգացումներու, ռուս-թրքական պատերազմներու, «Պոլոժենիա»ի եւ Իսրայէլ Օրիի ուղեւորութիւններու Ֆրանսայի, Գերմանիոյ Եւրոպական երկիրներու, Ռուսիոյ, մինչեւ Դաւիթ Բէկի, Յովսէփ Էմինի, Խաչատուր Աբովեանի գաղափարախօսական ու քարոզչական շարժումը մարմնաւորող պայքարի անձնուէր արտայայտութեամբ:
Նմանութիւններ պիտի գտնենք արտասահման ապրող յոյն մեծահարուստ բարերարներու հետ, որոնք օգտակար կ՚ըլլային բռնագրաւեալ իրենց հայրենիքի ազատագրման համար ամէն տեսակի օգնութիւն հասցնելով, ինչպէս զինամթերք, իսկ մեր պարագային, ոմանց շարքին կրնանք յիշատակել Մանթաշովը, Լազարեան եղբայրները Մոսկուայի մէջ, եւ ռուսական բանակին մէջ զօրավարի աստիճան զբաղեցուցած հայազգի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ:
«Ֆիլիքի Էթէրիա»ն նման է մեր ազատագրական պայքարի ներշնչող, կազմակերպող ու մեր պայքարը գործնականացնող հայկական յեղափոխական կուսակցութիւններուն, որոնք՝ ինչպէս յոյներու պարագային, հայերու պարագային ալ 19րդ դարուն հիմնուեցան արտասահմանի մէջ հայ ժողովուրդին օգտակար ըլլալու հեռանկարով, ինչպէս՝ Վանի մէջ «Արմենական» կուսակցութիւնը 1885ին, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը 1887ին, Հայ Յեղափոխատան Դաշնակցութիւնը 1890ին Թիֆլիսի մէջ:
Նմանութիւններ պիտի գտնենք նաեւ Եւրոպայի մէջ յոյներու՝ ազատագրական բովանդակութեամբ հրատարակութիւններու, մեր պարագային՝ «Արեւելք» օրաթերթի հրատարակութիւնը 1884ին, «Մասիս» կիսամեայ հանդէսին 1898ին, «Բիւզանդիոն» օրաթերթին, «Նոր Կեանք»ին 1898ին, «Հիւսիսափայլ»ին 1858ին, «Դրօշակ»ին Ժընեւի մէջ, եւ աւելի վերջ՝ «Ազատամարտ»ին եւ յեղափոխական բովանդակութեամբ այլ թերթերու:
Ազգային Զարթօնքը՝ այդ ճանապարհէն անցած պայքարող բոլոր ժողովուրդներու ամենակարեւոր պատմական հանգրուաններէն կը հանդիսանայ, եւ այդ իմաստով ալ անոր պէտք է տրուի համապատասխան դաստիարակչական խորք, բովանդակութիւն, իմաստ:
Ազգային Զարթօնքի նախապատրաստական խմորումներու հանգրուանին մէջ հասարակական գործիչները եւ կուսակցութիւնները մեծ դեր խաղցան տուեալ երկիրներու ազատագրական պայքարի հասունացման գործին մէջ, ինչպէս ունեցանք մենք հայերս, գրական, կուսակցական, ֆետայական ու այլ մարկարդակներու վրայ, ինչպէս՝ Իսրայէլ Օրի, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, նահապետ Ռուսինեան, Խաչատուր Աբովեան, Միքայէլ Նալպանդեան, Ռաֆֆի, Քամառ Քաթիպա, Գրիգոր Արծրունի, Մկրտիչ Խրիմեան, Գարեգին Եպիսկ. Սրուանձտեան, Մխիթարեաններ եւայլն:
Գալով Ռիղաս Ֆերէոսի Այոն Օրոսի մէջ ստանձնած դաստիարակութեան, մենք հայերս ալ ունեցած ենք հոգեւոր կեդրոններ, ուր ազգային շունչով թրծուեցան երիտասարդ ուսանողներ, յատկապէս երկրորդական ուսման մակարդակով, Էջմիածնի «Գէորգեան Ճեմարան»ը 1870ական թուականներէն ետք, մտաւորական ու պատրաստուած ուսուցիչներու ներշնչող դաստիարակչական դասաւանդութեան ներքոյ, Թիֆլիսի «Ներսիսեան», Կարինի «Սանասարեան», Մոսկուայի «Լազարեան» ուսումնարանները, Վիեննայի Մխիթարեանները, Վենետիկի Ս. Ղազարը, Իտալիոյ «Մուրատ Ռափայելեան» վարժարանը, եւայլն:
Իբրեւ եզրակացութիւն այս գրութեան՝ կ՚ուզենք նշել, թէ Հ. Կ. Խաչի Յունաստանի խորհրդարան այցելելու առիթով՝ օգտագործեցինք պատմական արագ անդրադարձ մը կատարելու յոյն եւ հայ ժողովուրդներու պայքարներու պատմական մասնակի առնչութիւններ կատարելու իմաստով:
Այս առիթները կը յատկանշուին իրենց ազգային, ի հարկին վերլուծական թելադրականութեան ու բաղդատական յիշատակութեան միջամտութիւններ, որպէսզի նոր սերունդը իմանայ իր ժամանակակից պատմութեան մաս կազմող ազգային ու քաղաքական հանգամանքները, եւ օղակելու համար հինը նորին, եւ ժողովուրդներու անժխտելի ճշմարտութեան փաստը ընդունելու իբրեւ պատմական առարկայական իրականութեան մը ճշգրիտ չափանիշներու տուեալ եղելութիւններու հաստատում:
Մենք նորերս, շատ բան կը պարտինք հայ եւ հելլէն զարթօնքի համահաւասար սերունդի ազգասիրական պայքարներուն, գաղափարական տեսլականներուն, տենչերուն ու ոգեշնչող խանդավառութեան՝ ազգային, գրական, յեղափոխական, մշակութային, լեզուական ու իմացական իրապաշտ աշխարհայեացքներուն ու վաստակին:
Չսահմանափակուինք միայն նեղ իմաստով բաներու վրայ: Գաղափարական գիտակցութեամբ արժեւորենք անցեալը, որպէսզի արժեւորուած տեսնենք ներկան ու մեր ապագան: