­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը կը հրա­ւի­րէ բո­լորդ մեր միու­թեան խում­բին միա­նա­լու եւ մաս­նակ­ցե­լու Greece Race for the Cure® քայ­լար­շա­ւին, որ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի ա­մէն տա­րի կուրծ­քի քաղց­կե­ղի դէմ, հի­ւան­դու­թե­նէն տա­րա­պող կի­նե­րու «Ալ­մա ­Զոիս» հա­մա­հել­լե­նա­կան միու­թեան կող­մէ:
Այս տա­րի քայ­լար­շա­ւը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ­Կի­րա­կի, 2 ­Հոկ­տեմ­բեր 2022-ին եւ 2 քի­լո­մեթր ճամ­բայ պի­տի ըլ­լայ:
­Մեր խում­բին կրնան մաս­նակ­ցիլ բո­լո՛ր փա­փա­քող­նե­րը, ե­րի­տա­սարդ կամ ե­րեց, այր, կին, ըն­տա­նիք­ներ ի­րենց ե­րե­խա­նե­րով:
Ար­ձա­նագ­րո­ւե­լու հա­մար պէտք է ձեր տո­ւեալ­նե­րը փո­խան­ձէք մին­չեւ ­Հինգ­շաբ­թի, 15 ­Սեպ­տեմ­բեր, կա­պի մէջ մտնե­լով հե­տե­ւեալ ըն­կե­րու­հի­նէ­րէն մէ­կուն հետ.-
Ար­մե­նու­հի ­Սի­մո­նեան 6944115222
­Լի­զէթ ­Քի­րա­զեան 6937147293
Ատ­րի­նէ Գ­նու­նի 6945900999
­Նա­յի­րի ­Գու­յում­ճեան 6937167552
­Ծա­ղիկ ­Ճա­մու­զեան 6944243794
­Մաս­նակ­ցու­թեան սակ 8€ ­քայ­լար­շա­ւին հա­մար կամ 10€ ­վազ­քի մրցու­մին հա­մար։
­Վե­րոն­շեալ գու­մա­րը կը տրա­մադ­րո­ւի «Ալ­մա ­Զոիս» հա­մա­հել­լե­նա­կան ­Միու­թեան, օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար՝ կուրծ­քի քաղց­կե­ղէ տա­րա­պող կի­նե­րուն օգ­նու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն: Ար­ձա­նագ­րո­ւե­լով կը ստա­նաք Greece Race for the Cure® քայ­լար­շա­ւի շա­պի­կը:
­Քայ­լար­շա­ւին նպա­տակն է կուրծ­քի քաղց­կե­ղի մա­սին տե­ղե­կաց­նել ու զգաս­տաց­նել քա­ղա­քա­ցի­նե­րը, նաեւ՝ օգ­տա­կար հան­դի­սա­նալ կուրծ­քի քաղց­կե­ղի դէմ պայ­քա­րող բո­լոր կի­նե­րուն ու ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րուն:
­Միա­ցի՛ր մե­զի, միա­սին քա­լենք կուրծ­քի քաղց­կե­ղին դէմ։

ՀԱՅ ԿԱՊՈՅՏ ԽԱՉԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ