­Լի­բա­նա­նը իր հա­զա­րա­մեայ պատ­մու­թեամբ ստէպ յա­տուկ տեղ մը գրա­ւած է ­Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի եր­կիր­նե­րուն մէջ։ ­Վեր­ջին դա­րե­րուն եր­կի­րը հիւ­րըն­կա­լած է հա­յազ­գի­ներ եւ նոյ­նիսկ ե­կե­ղե­ցա­կան հաս­տա­տու­թիւն­ներ, ինչ­պէս Ան­տո­նեան եւ Զմ­մա­ռեան ­Միա­բա­նու­թիւն­նե­րը՝ սկսեալ ԺԷ. դա­րէն։ ­Յատ­կա­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թեան յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն ­Լի­բա­նա­նը լայն բա­նա­լով իր դռնե­րը բիւ­րա­ւոր հա­յե­րու հա­մար դար­ձած է երկ­րորդ հայ­րե­նիք մը, ո­րոնք ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ, Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հո­վա­նիին տակ, ի­րենց հո­գե­ւոր կա­ռոյց­նե­րով, դպրոց­նե­րով, մշա­կու­թա­յին, մար­զա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րով վա­յե­լած են հիւ­րըն­կալ երկ­րին բա­րիք­նե­րը։
­Հա­մաշ­խար­հա­յին պա­տե­րազ­մին յա­ջոր­դող տա­րի­նե­րուն դէ­պի ­Հա­յաս­տան ներ­գաղ­թը, ա­պա ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը, պատ­ճառ դար­ձան երկ­րի հայ գա­ղու­թի նօս­րա­ցու­մին։ ­Թէեւ մօտ ե­րե­սուն տա­րի­ներ ա­ռաջ կ­՚ա­ւար­տէր ­Լի­բա­նա­նի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մը, սա­կայն քա­ղա­քա­կան վի­ճա­կը կը մնար լա­րո­ւած եւ տնտե­սու­թիւ­նը վատ­թար։ ­Վեր­ջին մօտ մէկ ու կէս տա­րի­նե­րու քա­ղա­քա­կան եւ տնտե­սա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րը, ո­րոնք տխուր գա­գաթ­նա­կէտ մը ու­նե­ցան օ­գոս­տոս 4-ի ­Պէյ­րու­թի նա­ւա­հան­գիս­տի մէջ ե­ղած պայ­թու­մով որ ա­ռա­ւել եւս սրեց լա­րո­ւա­ծու­թեան աս­տի­ճա­նը, օ­րէ օր ծան­րա­ցու­ցին ժո­ղո­վուր­դին վի­ճա­կը։ ­Լի­բա­նա­նը տո­ւաւ բազ­մա­թիւ զո­հեր, սու­գի եւ թա­խի­ծի մէջ թող­լով ա­նոնց ըն­տա­նիք­նե­րը։ ­Շա­տեր կորսն­ցու­ցին ի­րենց բնա­կա­րան­նե­րը եւ ի­րենց ապ­րուս­տի աղ­բիւ­րը։ ­Մեծ վնաս­նե­րու են­թար­կո­ւե­ցան նաեւ հո­գե­ւոր, մշա­կու­թա­յին եւ դաս­տիա­րակ­չա­կան կա­ռոյց­նե­րը, եւ կաշ­կան­դո­ւե­ցաւ ա­նոնց ա­ռա­քե­լու­թեան թա­փը։
Աշ­խար­հի ա­մէն կող­մէ կը հաս­նին օգ­նող ձեռ­քեր եւ օգ­նու­թիւն­ներ. ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը, Ար­ցա­խը, հայ ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը կը փու­թան ա­մո­քել մեր ժո­ղո­վուր­դի ցա­ւը, փոր­ձե­լով հաս­նիլ ա­նոր նիւ­թա­կան կա­րիք­նե­րուն, տալ մխի­թա­րու­թիւն եւ ներշն­չել յոյս։
Աշ­խար­հի ա­մէն կողմ մա­տու­ցո­ւե­ցան եւ կը մա­տու­ցո­ւին ա­ղօթք­ներ եւ ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ­ներ յի­շեալ ա­ղէ­տի զո­հե­րուն հա­մար՝ հայ­ցե­լով Աս­տու­ծոյ ո­ղոր­մա­ծու­թիւ­նը զո­հե­րուն հա­մար, եւ օգ­նու­թիւնն ու մխի­թա­րու­թեան Ս. ­Հո­գին՝ տա­ռա­պող ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, որ կրկին ան­գամ կը բարձ­րա­նայ ­Գող­գո­թա, սա­կայն միշտ անն­կուն՝ յա­րու­թեան յոյ­սով։ ­Զո­հե­րու հոգ­ւոյն հան­գիս­տին եւ ­Լի­բա­նա­նի ժո­ղո­վուր­դի մխի­թա­րու­թեան եւ երկ­րի խա­ղա­ղու­թեան հա­մար Ա­թէն­քի ­Նէոս ­Գոս­մո­սի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, ­Շա­բաթ՝ 19 ­Սեպ­տեմ­բե­րի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7-ին Ս. ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցա­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ­նե­րու Ա­ռա­քե­լա­կան ­կա­ռա­վա­րիչ ­Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. ­Պէ­զա­զեան։
­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ­Լի­բա­նա­նի դես­պա­նու­թե­նէն տի­կին ­Ռա­նիա Ապ­տալ­լա եւ ­տիար Անտ­րէ ­Խազ­զում։ ­Սուրբ Ա­թո­ռի Ա­ռա­քե­լա­կան ­Նո­ւի­րակ ար­քե­պիս­կո­պոս ­Սա­ւիօ ­Հօն ­Թաի-­Ֆաի, Ա­թէն­քի ­Լա­տին Ե­կե­ղեց­ւոյ ար­քե­պիս­կո­պոս ­Սե­ւաս­թիա­նօս ­Րոս­սո­լա­թօս, ­Յու­նաս­տա­նի յու­նա­ծէս կա­թո­ղի­կէ­նե­րու ե­պիս­կո­պոս ­Գերպ. Էմ­մա­նո­ւէլ ­Նին եւ «Verbo Incarnato» հո­գե­ւոր ըն­տա­նի­քի մայ­րա­պետ­ներ ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի ա­րա­րո­ղու­թեան։ ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու կող­քին ներ­կայ էին նաեւ Ա­թէնք գտնո­ւող լի­բա­նան­ցի ինչ­պէս նաեւ սու­րիա­ցի, ի­րաք­ցի եւ ե­գիպ­տա­ցի հա­ւա­տա­ցեալ­ներ։
Սր­տա­ռուչ էր ­Գերպ. Ա­ռաջ­նոր­դի պատ­գա­մը, որ յի­շեց 4 Օ­գոս­տո­սի ա­ղէ­տի զո­հե­րը։ ­Գե­րա­պայ­ծա­ռը, դես­պա­նա­տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մի­ջո­ցաւ ­Լի­բա­նա­նին եւ լի­բա­նան­ցի ժո­ղո­վուր­դին յայտ­նեց իր եւ իր հօ­տի զօ­րակ­ցու­թեան հա­ւաս­տի­քը։
­Քա­րո­զէն ետք ­Գերպ. ­Պե­զա­զեան կա­տա­րեց հե­տե­ւեալ ա­ղօթ­քը ­Լի­բա­նա­նի խա­ղա­ղու­թեան եւ բա­րօ­րու­թեան հա­մար։
«Շ­նոր­հէ՛ մե­զի, ո՛վ ­Տէր, ըլ­լա­լու ճշմա­րիտ վկա­ներ, ըն­թա­նա­լու հա­մար աշ­խար­հի մութ ու վտան­գա­ւոր ճամ­բուն վրայ։
­Դու՛ն ես մեր ոյ­ժը եւ խա­րիս­խը՝ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րու մէջ ։
Ո՛վ ­Տէր, քե­զի՛ կու գանք տխուր ու խոր­տա­կո­ւած սրտե­րով, ահ­րե­լի ա­ղէ­տէն ետք ո­րուն են­թար­կո­ւե­ցաւ սի­րա­ցեալ ­Պէյ­րութ քա­ղա­քը։
­Դու՛ն ը­սիր մե­զի. «Ես ե­կայ իմ խա­ղա­ղու­թիւնս տա­լու ձե­զի»։ ­Տու՛ր ­Լի­բա­նա­նին քու ճշմա­րիտ խա­ղա­ղու­թիւնդ։
Ո՛վ ­Տէր, քե­զի՛ կ­՚ա­ղօ­թենք ու կը նո­ւի­րենք բո­լոր մեր սի­րե­լի­նե­րու հո­գի­նե­րը ո­րոնք մեզ­մէ բաժ­նո­ւե­ցան այդ ահ­րե­լի օ­րը, պա­րու­րէ զի­րենք քու սի­րովդ եւ շնոր­հէ ի­րենց ծնող­նե­րուն մխի­թա­րու­թիւն։ ­Բու­ժէ՛ վի­րա­ւոր­նե­րը որ­պէս զի խա­ղա­ղու­թեամբ վե­րա­դառ­նան ի­րենց հա­րա­զատ­նե­րուն։
Ո՛վ ­Տէր, օգ­նէ՛ որ ըլ­լանք միջ­նորդ­ներ խա­ղա­ղու­թեան՝ այս դա­ժան օ­րե­րուն մէջ, որ կ­՚ապ­րի ­Լի­բա­նա­նի ժո­ղո­վուր­դը։
­Տու՛ր ի­մաս­տու­թեանդ լոյ­սի ճա­ռա­գայ­թը, որ­պէս զի ու­րիշ­նե­րուն հա­մար կա­րե­նանք ըլ­լալ նշան սփո­փան­քի ու յոյ­սի։
Ո՛վ ­Տէր, ա­րե­ւել­քի մէջ քրիս­տո­նեա­նե­րը լոյս են եւ աղ, օգ­նէ ի­րենց որ­պէս զի յաղ­թա­հա­րեն ա­մէն դժո­ւա­րու­թիւն որ ի­րենց ար­գելք կը հան­դի­սա­նայ մնա­լու ի­րենց սե­փա­կան հո­ղին վրայ եւ շա­րու­նա­կեն ըլ­լալ հաշ­տու­թեան վկա­ներ։
Ո՛վ ­Սուրբ ­Կոյս մա­րիամ, ­Մայր Աս­տու­ծոյ, օգ­նէ բո­լոր զո­հե­րու մայ­րե­րուն, որ­պէս զի կա­րե­նան տո­կալ այս դժո­ւա­րու­թեան մէջ, եւ զի­րենք մխիր­թա­րէ իւ­րա­քան­չիւր սի­րե­լիին հա­մար որ ի­րենց­մէ բաժ­նո­ւե­ցաւ։
­Դու՛ն ե­ղիր յոյ­սը ան­հետ կոր­սո­ւած­նե­րուն եւ ի­րենց ծնող­նե­րուն, ժո­ղո­վէ ­Լի­բա­նա­նի զա­ւակ­նե­րը քու սի­րոյդ մէջ եւ ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի ու­ղիղ ճամ­բան, ո­րով­հե­տեւ մօր­մէն զատ ու­րիշ ոչ մէ­կը կա­րո­ղու­թիւ­նը ու­նի հա­ւա­քե­լու վէ­ճի մէջ գտնո­ւող զա­ւակ­նե­րը։
Ո՛վ ­Տէր, ­Դուն կեն­սա­տու ես եւ ­Տէրն ես յա­րու­թեան։ ա­հա­ւա­սիկ միաս­նա­բար ­Քե­զի կ­՚ա­ղօ­թենք սրտանց ու հա­ւատ­քով, շնոր­հէ բո­լոր լի­բա­նան­ցի­նե­րուն պէտք ե­ղած շնորհք­նե­րը որ­պէս զի վերս­տին ըլ­լան կեր­տող­ներ ­Նոր ­Պէյ­րու­թի եւ վկա­ներ յա­րու­թեան. Ա­մէն։»
Ա­ղօթ­քի ա­ւար­տին, ­Գերպ. Ա­ռաջ­նոր­դը ­Լի­բա­նա­նի դրօ­շին վրայ զե­տե­ղեց ­Սուրբ ­Վար­դա­րա­նը, նշե­լու հա­մար թէ ­Լի­բա­նա­նը կը մնայ ­Սուրբ ­Կոյս ­Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծած­նի պաշտ­պա­նու­թեան տակ։
Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք մտեր­միկ ըն­դու­նե­լու­թեան մը ըն­թաց­քին, ներ­կա­նե­րը ա­ռիթ ու­նե­ցան շփո­ւե­լու ­Լի­բա­նա­նի դես­պա­նա­տան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ յայտ­նե­լով ա­նոնց ցա­ւակ­ցու­թիւն­ներ ­Լի­բա­նա­նի զո­հե­րուն հա­մար եւ մաղ­թե­լով երկ­րին խա­ղա­ղու­թիւն եւ բա­րօ­րու­թիւն։

Ռ.Ս.