Չորեքշաբթի, 25 Յունուար 2023–ին, Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաքելական կառավարիչ՝ Գերպ. Հ. Յովսէփ Ծ.Թ.Վ Պէզազեան պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Յունաստանի Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանին, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։
Գերապայծառ հայրը իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան հօր¸ նշելով որ տօնական օրերուն Առաջնորդի ու իր պատուիրակութեան շնորհաւորական այցելութիւնը եւ տօնական բարեմաղթութիւնները, քրիստոնէական սիրոյ եւ եղբայրական մտերմիկ հաղորդակցութեանց գեղեցիկ պահեր հանդիսացան։ Յունահայ համայնքին աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն կարգին, Գերապայծառ հայրը հաղորդեց, թէ այս տարի Հայ Կաթողիկէ համայնքին 100-ամեակը պիտի նշուի, նաեւ յայտնեց, թէ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տէր Տ. Ռաֆայէլ Մինասեան Պատրիարքը հովուական այցելութիւն պիտի կատարէ Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ համայնքին։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց եւ ուրախութիւնը յայտնեց Գերապայծառ հօր՝ այցելութեան եւ բարեմաղթութիւններուն համար։ Նաեւ, իր կարգին Առաջնորդ Սրբազան հայրը տեղեկացուց Գերապայծառին, թէ ընթացիկ տարուոյս Մարտ ամսուան ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս հովուապետական այցելութիւն պիտի կատարէ Յունաստանի Թեմին։
ԹՂԹԱԿԻՑ