Հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշման մէջ որեւէ փոփոխութիւն չէ եղած: Այս մասին՝ ըստ «Արմէնփրես»ի՝ ըսած է Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութեան (Ա.Գ.Ն.) մամլոյ խօսնակ Տիգրան Բալայեան` մեկնաբանելով Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններու վերաբերեալ Թուրքիոյ Ա.Գ.Ն. վերջին յայտարարութիւնը:
«Հայաստանի դիրքորոշումը հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերեալ բազմիցս արտայայտուած է, իսկ վերջին անգամ` երկու օր առաջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանի Աթէնքի մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին: Անիկա որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած»,- ըսած է Բալայեան:
Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան՝ խօսելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մասին, յիշեցուցած էր, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց մեկնարկած էր, որ յանգեցուց 2009ի Հոկտեմբերին Ցիւրիխի Արձանագրութիւններու ստորագրման: Այնուամենայնիւ, նախարարը ընդգծած էր, որ մինչեւ այսօր այս փաստաթուղթերը չեն վաւերացուած, քանի որ Թուրքիա առաջ քաշեց անհիմն նախապայմաններ, որոնք կը հակասէին Արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին: «Այս փաստաթուղթերը չեն կրնար ընդմիշտ պատանդ մնալ եւ այդ է պատճառը, որ Հայաստանի նախագահը Սեպտեմբերին Մ.Ա.Կ.ի Գլխաւոր Վեհաժողովի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստան Արձանագրութիւնները չեղեալ կը յայտարարէ, քանի որ չկայ որեւէ դրական յառաջընթաց անոնց իրականացման համար, եւ մենք 2018ի գարունը պիտի դիմաւորենք առանց այդ Արձանագրութիւններուն»,- յայտարարած էր Նալպանտեան:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին` Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններու վերաբերեալ յայտարարութեան: Թուրքիոյ Ա.Գ.Ն.էն նշած էին, թէ Արձանագրութիւններու չվաւերացման համար մեղաւորը ոչ թէ իրենք են, այլ՝ հայկական կողմը: «Հակառակ Հայաստանի բացասական դիրքորոշման` Թուրքիա հաւատարիմ է Արձանագրութիւններու հիմնական դրոյթներուն:
Արձանագրութիւնները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի օրակարգին վրայ, անոնց վաւերացման համար կարեւոր է Հարաւային Կովկասի մէջ բարենպաստ քաղաքական մթնոլորտի եւ խաղաղութեան առկայութիւնը»,- նշած էին Թուրքիոյ Ա.Գ.Ն.էն` հերթական անգամ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը անհիմն կերպով պայմանաւորելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմամբ:
Հայ-Թրքական Արձանագրութիւններ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան անդրադարձը` Թուրքիոյ հակազդեցութեան