­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ­Հա­յաս­տան-­Յու­նաս­տան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի ան­դամ­ներ Վ­լա­դի­միր ­Վար­դա­նեան, Ա­րու­սեակ ­Ջուլ­հա­կեան եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի Եւ­րո­պա­կան հա­մարկ­ման հար­ցե­րու մնա­յուն յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ար­ման Ե­ղո­յեան 29 ­Նո­յեմ­բե­րին հան­դի­պում ու­նե­ցան ­Յու­նաս­տա­նի խորհրդա­րա­նի ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի նա­խա­գահ ­Տի­միթ­րիոս ­Մար­քո­փու­լո­սի եւ ա­նոր գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րուն հետ: Ող­ջու­նե­լով հիւ­րե­րը՝ հայ խորհրդա­րա­նա­կան­նե­րը բարձր գնա­հա­տե­ցին հայ-յու­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, կա­րե­ւոր սե­պե­ցին եր­կու խորհր­դա­րան­նե­րու փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­տա­գայ զար­գա­ցու­մը, բա­րե­կա­մա­կան խում­բե­րու սերտ աշ­խա­տան­քը: ­Միջ­խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդման ա­ռու­մով կա­րե­ւոր նկա­տո­ւե­ցաւ մի­ջազ­գա­յին խորհրդա­րա­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն մէջ հա­մա­տեղ աշ­խա­տան­քը: Զ­րու­ցա­կից­նե­րը ար­ժե­ւո­րե­ցին խորհր­դա­րան­նե­րու վե­րահս­կո­ղա­կան եւ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան գոր­ծա­ռոյթ­նե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը: Ա­նոնք խօ­սե­ցան հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու՝ դա­րե­րու պատ­մու­թիւն ու­նե­ցող բա­րե­կա­մու­թեան եւ ընդ­հա­նուր մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու մա­սին:
Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ յետ-պա­տե­րազ­մեան ի­րադրու­թեան, շեշ­տը դրո­ւե­ցաւ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ անվ­տան­գու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման վրայ: ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը նաեւ ընդգ­ծե­ցին տնտե­սու­թեան եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան ո­լորտ­նե­րուն մէջ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը:

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի
պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը այ­ցե­լե­ցին
­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան
յու­շա­հա­մա­լիր

­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր, ­Յու­նաս­տան-­Հա­յաս­տան բա­րե­կա­մա­կան խում­բի ղե­կա­վար ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քո­փու­լո­սի գլխա­ւո­րած պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը 30 ­Նո­յեմ­բե­րին այ­ցե­լեց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­հա­մա­լիր՝ ­Հա­յաս­տա­նի Ա.Ժ. եւ­րո­պա­կան ամ­բող­ջաց­ման հար­ցե­րու մշտա­կան յանձ­նա­խում­բի նա­խա­գահ Ար­ման Ե­ղո­յեա­նի ու­ղեկ­ցու­թեամբ: ­Հիւ­րե­րուն դի­մա­ւո­րեց եւ յու­շա­հա­մա­լի­րի ստեղ­ծու­մի պատ­մու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցուց ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան-ինս­թի­թու­թի տնօ­րէն ­Յա­րու­թիւն ­Մա­րու­թեան: Ան հիւ­րե­րուն ներ­կա­յա­ցուց նաեւ ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի տա­րած­քին տե­ղադ­րո­ւած ե­րեք խաչ­քա­րե­րու պատ­մու­թիւ­նը, ո­րոնք նո­ւի­րո­ւած են ան­ցեալ դա­րա­վեր­ջին Ատր­պէյ­ճա­նի մէջ հայ բնակ­չու­թեան նկատ­մամբ ի­րա­կա­նա­ցած ցե­ղա­յին զտում­նե­րու ըն­թաց­քին զո­հո­ւած հա­յե­րու յի­շա­տա­կին: ­Յու­նաս­տա­նէն ժա­մա­նած պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը ծա­ղիկ­ներ դրին ան­մար կրա­կին առ­ջեւ եւ մէկ վայր­կեա­նի լռու­թեամբ յար­գե­ցին ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան սրբա­դա­սո­ւած նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կը: Ա­նոնք շրջե­ցան նաեւ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նէն ներս եւ ծա­նօ­թա­ցան մշտա­կան եւ ժա­մա­նա­կա­ւոր ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րուն:
Այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին ­Տի­միթ­րիս ­Մար­քո­փու­լո­սը գրա­ռում կա­տա­րեց ­Պա­տո­ւա­ւոր հիւ­րե­րու յու­շա­մա­տեա­նին մէջ: Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով յու­նա­կան պա­տո­ւի­րա­կու­թեան այ­ցե­լու­թեան եւ ցու­ցա­բե­րած հե­տաքրք­րու­թեան հա­մար՝ ­Յա­րու­թիւն ­Մա­րու­թեան պա­տո­ւա­ւոր հիւ­րին նո­ւի­րեց Հ.Ց.Թ.-Ի վեր­ջին հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն օ­րի­նակ­ներ: