Իր յղա­ցու­մով եւ կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ե­զա­կի ե­լոյթ մը ե­ղաւ հայ եր­գի ու պա­րի փա­ռա­տօ­նը ­Գո­մո­թի­նիի մէջ, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ՝ 26 եւ ­Շա­բաթ՝ 27 Օ­գոս­տոս 2022-ին։ ­Քա­ղա­քի հայ­կա­կան հա­մայն­քէն ներս գոր­ծող ­Հայ մշա­կու­թա­յին միու­թեան եր­կա­րա­մեայ ա­տե­նա­պե­տու­հիին, վա­ղա­մե­րիկ ­Ճէ­նի ­Գա­սա­պեա­նին կող­մէ յղա­ցո­ւած եւ միու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ ի­րա­գոր­ծո­ւած տպա­ւո­րիչ եր­կօ­րեակ մըն էր, որ հրամ­ցո­ւե­ցաւ ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի հա­յու­թեան՝ ­Թե­սա­ղո­նի­կէէն մին­չեւ ­Տի­տի­մո­թի­քօ։ Եր­կու օ­րե­րու վրայ ծա­ւա­լած հա­մոյ­թի ըն­թաց­քին հայ երգն ու պա­րը ան­մա­հա­ցան բե­մին վրայ, պար­գե­ւե­լով ազ­գա­յին զգա­ցում­նե­րու եւ հայ մշա­կոյ­թի վե­րել­քի պա­հեր՝ նախ մաս­նա­կից ե­րի­տա­սար­դու­թեան, ա­պա հայ եւ յոյն բազ­մու­թեան, ո­րոնց խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը անն­կա­րագ­րե­լի էր։ Իս­կա­պէս, հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան փա­ռա­տօն մըն էր, հայ նոր սե­րուն­դի ա­ւե­լի քան 200 հա­յոր­դի­նե­րու մշա­կու­թա­յին հա­ւաք մը, զար­դա­րո­ւած ու լից­քա­ւո­րո­ւած ե­րի­տա­սար­դա­կան խան­դով, ո­գե­ւո­րու­թեամբ, ազ­գա­յին ո­գիով ու հայ մշա­կոյ­թին նո­ւի­րո­ւած յար­գան­քի խո­նար­հու­մով։

­Մինչ ա­մա­ռո­ւան մէջ կազ­մա­կեր­պա­կան բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը հա­սած էին ի­րենց գա­գաթ­նա­կէ­տին, վրայ կը հաս­նէր ­Ճէ­նի ­Գա­սա­պեա­նի դառ­նա­ղէտ մա­հը ար­կա­ծի հե­տե­ւան­քով, որ խոր սու­գի եւ մտա­հո­գու­թեան մէջ մատ­նեց կազ­մա­կեր­պիչ միու­թիւ­նը, այ­լեւ մաս­նակ­ցող միա­ւոր­նե­րը։ ­Սա­կայն, վա­ղա­մե­րիկ ­Ճէ­նիի վար­չա­կան գոր­ծա­կից­նե­րը, ­Գո­մո­թի­նիի հա­մայն­քի ազ­գա­յին ու կրօ­նա­կան գոր­ծօն­նե­րու լիա­կա­տար ներդ­րու­մով, յա­ռաջ տա­րին սկսած աշ­խա­տան­քը եւ ա­մե­նայն յա­ջո­ղու­թեամբ զայն իր ա­ւար­տին հաս­ցու­ցին։

Եր­կօ­րեայ եր­գի ու պա­րի փա­ռա­տօ­նին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին ­Յու­նաս­տա­նէն եւ զա­նա­զան գա­ղութ­նե­րէն երգ­չա­խում­բեր եւ պա­րա­խում­բեր, ո­րոնք ի­րենց լա­ւա­գոյ­նը տո­ւին բե­մին վրայ, մինչ իւ­րա­քան­չիւր խում­բի եր­կա­րա­մեայ փոր­ձա­ռու­թիւ­նը, պա­րե­լու յատ­կու­թիւ­նը, պա­րե­րու ձե­ւերն ու ձե­ւա­կեր­պում­նե­րը ի­րար փո­խա­նա­կե­լու, մէկ խում­բը միւ­սին հետ շա­ղո­ւե­լու ու պա­րե­րու նրբու­թիւնն ու ու­ժա­կա­նու­թիւ­նը բաժ­նե­լու իս­կա­կան ա­ռիթ մը ե­ղաւ այս հա­մախմ­բու­մը։

­Փա­ռա­տօ­նին մաս­նակ­ցե­ցան ­Գո­մո­թի­նիի «Է­րե­բու­նի» երգ­չա­խում­բը եւ «Ու­րար­տու» պա­րա­խում­բը, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեան տակ գտնո­ւող «­Նա­յի­րի» պա­րա­խում­բը, ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Թե­սա­ղո­նի­կէի «Ղ. ­Սա­րեան» մաս­նա­ճիւ­ղի «­Մա­սիս» պա­րա­խում­բը, ­Պուլ­կա­րիոյ Փ­լով­տիւ քա­ղա­քի «Ե­րե­ւան» պա­րա­խում­բը, ­Վար­նա քա­ղա­քէն «­Գա­յեա­նէ ­Մա­րաշ­լեան» պա­րա­խում­բը, ­Ռու­մա­նիոյ ­Պուք­րէշ մայ­րա­քա­ղա­քէն «­Վար­դա­վառ» պա­րա­խում­բը, ­Կիպ­րո­սի ­Նի­կո­սիա մայ­րա­քա­ղա­քի ­Հա­մազ­գա­յի­նի «­Սի­փան» պա­րա­խում­բը, ­Լի­բա­նա­նի ­Հա­մազ­գա­յի­նի «Ք­նար պա­րա­խում­բը», Ի­րա­նէն Իս­ֆա­հան քա­ղա­քի «Է­րե­բու­նի» պա­րա­խում­բը եւ ­Պո­լի­սէն ար­դէն մե­զի ծա­նօթ «­Վար­դա­նանց» երգ­չա­խում­բը։

Եր­կու օ­րո­ւան ըն­թաց­քին, պա­րա­խում­բե­րը եւ երգ­չա­խում­բե­րը քա­նիցս բեմ բարձ­րա­ցան եւ աղ­ջիկ­նե­րու հե­զաճ­կուն շար­ժում­նե­րով ու տղոց ա­ռոյգ շար­ժու­ձե­ւե­րով, ինչ­պէս նաեւ երգ­չա­խում­բե­րու կող­մէ խան­դա­վառ ո­գիով մեկ­նա­բա­նո­ւած ազ­գա­յին եւ ժո­ղովր­դա­յին եր­գե­րու շա­րա­նով, ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի յատ­կանշ­կա­կան նմուշ­ներ, խլե­լով ան­թիւ ծա­փա­հա­րու­թիւն­ներ ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ, որ քա­ջա­լե­րեց եր­կօ­րեայ ե­լոյթ­նե­րը եւ գնա­հա­տեց հայ եր­գի ու պա­րի մա­տու­ցու­մը։

Ե­լոյթ­նե­րու երկ­րորդ օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան, նախ­քան յայ­տա­գի­րի ներ­կա­յա­ցու­մը, բո­լոր խում­բե­րը ի­րենց ա­ւան­դա­կան տա­րազ­նե­րով տո­ղան­ցե­ցին ­Գո­մո­թի­նի քա­ղա­քի կեդ­րո­նա­կան ճամ­բա­նե­րէն, մինչ յոյն ժո­ղո­վուր­դը գնա­հա­տան­քի բա­ցա­գան­չու­թիւն­նե­րով եւ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով խրա­խու­սեց հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը։

Ա­ռա­ջին օ­րո­ւան ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց ­Գո­մո­թի­նիի մշա­կու­թա­յին միու­թեան կող­մէ ­Վա­հէ ­Կիւ­միւ­շեան, իսկ երկ­րորդ օ­րո­ւան ե­լոյ­թին յա­տուկ բա­նա­խօ­սու­թեամբ հան­դէս ե­կաւ Ար­տա ­Ճէ­լա­լեան, որ խօ­սե­ցաւ հայ­կա­կան պա­րե­րուն մա­սին, յե­նո­ւած իր հօր՝ ­Յա­կոբ ­Ճէ­լա­լեա­նի ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րուն վրայ հայ­կա­կան պա­րե­րու կա­պակ­ցու­թեամբ։ Իր հայ­րա­կան խօս­քը փո­խան­ցեց ­Յու­նա­հա­յոց Ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեան, որ մե­ծա­պէս գնա­հա­տեց կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, մաս­նակ­ցող խում­բե­րը եւ ժո­ղո­վուր­դը, մատ­նան­շե­լով, թէ հայ մշա­կոյ­թը պէտք է կան­գուն մնայ սփիւռ­քի տա­րած­քին եւ դառ­նայ խթան՝ ազ­գա­յին ո­գիի պահ­պան­ման հա­մար հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան մէջ։ ­Նաեւ խօսք ա­ռին Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ հայր սուր­բը, ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը, ­Գո­մո­թի­նիի քա­ղա­քա­պե­տը եւ քա­ղա­քի այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ յու­շա­նո­ւէր­նե­րու տու­չու­թիւն եւ իւ­րա­քան­չիւր խումբ ստա­ցաւ յի­շա­տա­կի պար­գեւ մը։

­Նոյն գի­շեր տե­ղի ու­նե­ցաւ  ճաշ­կե­րոյթ, ուր տի­րեց խան­դա­վառ մթնո­լորտ, մինչ գի­շե­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու պա­րա­հա­ւա­քոյ­թով, եր­գե­րով եւ պա­րե­րով։

­Կի­րա­կի ա­ռա­ւօտ, բո­լոր մաս­նակ­ցող խում­բե­րը եւ շրջա­նի հա­յու­թիւ­նը ուղ­ղո­ւե­ցան դէ­պի «Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ» ե­կե­ղե­ցին, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան յա­տուկ ա­րա­րո­ղու­թիւն հան­գու­ցեալ ­Ճէ­նի ­Գա­սա­պեա­նի յի­շա­տա­կին։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րեց ­Պոլ­սոյ «­Վար­դա­նանց» երգ­չա­խում­բը, իսկ ­Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նոր­դը իր քա­րո­զին մէջ վեր ա­ռաւ հան­գու­ցեա­լի ար­ժա­նիք­նե­րը եւ ու­նե­ցած ներդ­րու­մը ազ­գա­յին ու մշա­կու­թա­յին կեան­քէն ներս։

Եր­կօ­րեայ փա­ռա­տօ­նին յատ­կան­շա­կան ե­ղաւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի Ա­թէն­քի, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի, ­Նի­կո­սիոյ եւ ­Պէյ­րու­թի պա­րա­յին միա­ւոր խում­բե­րու մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ո­րոնք ի­րենց փոր­ձա­ռու­թեամբ եւ ան­թե­րի ներ­կա­յա­ցում­նե­րով մե­ծա­պէս գնա­հա­տո­ւե­ցան բո­լո­րին կող­մէ։ Այս հա­մախմ­բու­մին ա­ռի­թով, ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. ­Զա­քար ­Քէ­շի­շեան տե­սա­կա­պով խօ­սե­ցաւ չորս խում­բե­րու պա­րող­նե­րուն, պա­րու­սոյց­նե­րուն եւ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, շնոր­հա­ւո­րեց ա­նոնց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ յոր­դո­րեց բո­լո­րին անն­կուն կամ­քով շա­րու­նա­կել հայ պա­րա­րո­ւես­տի տա­րած­ման աշ­խա­տան­քը գա­ղութ­նե­րուն մէջ։

­Հայ­կա­կան այս իւ­րա­յա­տուկ փա­ռա­տօ­նը, որ ա­ռա­ջին ան­գամ կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի մէջ, լա­ւա­գոյն ա­ռի­թը ե­ղաւ պան­ծաց­նե­լու հայ պարն ու եր­գը, ի­րար քով բե­րե­լով հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ստո­ւար թիւ մը։ Ա­ռա­ւել, ­Հիւ­սի­սա­յին ­Յու­նաս­տա­նի մէջ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ հա­յա­բոյր մթնո­լորտ մը, ո­րուն կա­րօ­տը եւ պա­հան­ջը ու­նէին շրջա­նին մէջ ապ­րող մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը։

­Կը մնայ շնոր­հա­ւո­րել ­Գո­մո­թի­նիի հայ մշա­կու­թա­յին միու­թեան ան­դամ­նե­րը, հա­մայն­քի գոր­ծօն­նե­րը եւ ­Հա­մազ­գա­յի­նի վար­չու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք ճիգ չխնա­յե­ցին փա­ռա­տօ­նի յա­ջող կազ­մա­կերպ­ման հա­մար։

Վս­տա­հա­բար, փա­ռա­տօ­նի յա­ջո­ղու­թիւ­նը սկիզբ մը կը դնէ, որ­պէս­զի մշա­կու­թա­յին այս կազ­մա­կեր­պու­մը ու­նե­նայ շա­րու­նա­կու­թիւն եւ դար­ձեալ հա­մախմ­բէ նոր սե­րուն­դը հայ մշա­կոյ­թի հո­վա­նիին տակ։