Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը համացանցային նորարարական արշաւի մը սկսած է, Արցախի ի նպաստ քարոզչութիւն կատարելու ու անոր ապագային եւ բարգաւաճման համար դրամահաւաք կատարելու նպատակով։
«Anca.org/Artsakh» կայքէջին միջոցաւ ճամբայ ելած եւ «Արօտում» անունով մկրտուած այս արշաւին գլխաւոր երեք նպատակներն են՝
-Կարիքաւորներու ի նպաստ սպասարկութեանց ապահովում.
-Վերջ տալ ականներու պայթումին իբրեւ հետեւանք պատահած արկածներուն.
-Ատրպէյճանի յարձակողապաշտ քայլերը բացայայտող համակարգի մը հաստատումը։
Արշաւին կարելի է միանալ նաեւ «Facebook»ի, «Twitter»ի եւ «Tumblr»ի միջոցաւ՝ նպատակ ունենալով առաւելագոյն թիւով մասնակցութիւն ապահովել մինչեւ Օգոստոս 2, առաւօտեան ժամ 9 (Խաղաղականի ժամով), արշաւը համացանցին մէջ տիրապետող դարձնելու համար։
Հայ Դատի կայքի «Quick Connect» բաժինին մէջ պատրաստուած են նամակներու պատճէններ, որոնք արձանագրուողներուն անունով պիտի առաքուին քոնկրէսականներուն։
Արշաւը ձեւաւորուած է Ամերիկայի Հայ Դատի Լէօ Սարգիսեանի եւ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան վարժողական ծրագիրներու մասնակիցներուն կողմէ, որոնք այս նպատակով նաեւ տեսանիւթ մը պատրաստած են (https://youtu.be/SL7orWQjnRo)։
Հայ Դատ
Արցախի ի նպաստ Հայ Դատի արշաւը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ