Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատիլ Եւրոպացի գործիչներու` Արցախ այցելութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ:
Այս մասին «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսի մը ընթացքին նշեց Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան: Կարապետեանի համաձայն, Ազրպէյճանը Լափշինի դէպքով կը փորձէր խաթարել այդ հոլովոյթը, սակայն տեսաւ, որ անիկա ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ:
«Լափշինի դէպքը ազդեցութիւն չունեցաւ, այդ պատճառով ալ Ազրպէյճանը խօսեցաւ Արցախ այցելած եւրոպացի երեսփոխաններու նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարելու մասին: Իրականութիւնը այն է, որ եւրոպացի երեսփոխանները եկած են, կու գան եւ պիտի շարունակեն գալ Արցախ: Այդ մասին իրենք նոյնպէս յայտարարած են», ըսաւ Գասպար Կարապետեան: Անոր խօսքով, ընթացիկ տարուան մէջ նոյնպէս պիտի ըլլայ եւրոպացի գործիչներու պատուիրակութիւններու այցելութիւնը Արցախ: Եւրոպացի գործիչները պէտք է անձամբ տեղւոյն վրայ հասկնան խնդիրը:
«Տարիներ շարունակ Արցախի հարցը եւրոպացի գործիչները կ՛ընկալէին այսպէս` պատերազմ, տարածքի խնդիր: Վերջին տարիներուն զգալի աշխատանքի շնորհիւ իրողութիւնը փոխուած է, հասարակութեան տարբեր շերտերու կը հասնի Արցախի իրական խնդիրը: Ասկէ բացի, եւրոպացի գործիչները, անձամբ այցելելով Արցախ, կարելիութիւն կ՛ունենան տեղւոյն վրայ յարաբերելու բնակիչներուն հետ, հասկնալու, թէ անոնք ինչպէ՛ս կը պատկերացնեն իրենց ապագան», աւելցուց Գասպար Կարապետեան: Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբը կը նախատեսէ ընթացիկ տարուան մէջ աշխուժացնել աշխատանքը Եւրոպայի զբօսաշրջային կազմակերպութիւններուն հետ: Նպատակն է աշխուժացնել եւրոպացի զբօսաշրջիկներու Արցախ այցելութիւնը: «Յառաջիկային կը նախատեսեմ հանդիպումներ զբօսաշրջութեան մարզի մեծ ընկերութեան հետ: Այդ ընկերութիւնը մեծ թիւով զբօսաշրջային ծրարներ կը վաճառէ: Նախնական պայմանաւորուածութիւն կայ, որ այդ ընկերութեան ներկայացուցիչները այցելեն Հայաստան, Արցախ, գնահատեն զբօսաշրջային կարելիութիւնները», ըսաւ Գասպար Կարապետեան: Ան ընդգծեց, որ Արցախը զբօսաշրջային մեծ կարելիութիւններ ունի, յատկապէս կրօնական շեշտադրումով:
2016-ին Պելճիքայի մէջ կազմակերպուած են ձեռնարկներ, որոնց ընթացքին ներկայացուած են Արցախի զբօսաշրջային, տնտեսական կարելիութիւնները: Թուրքիան հետզհետէ միապետական երկիր կը դառնայ, զրոյցին ընթացքին ըսաւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան` նշելով, որ Թուրքիան կը հեռանայ Եւրոպայէն: «Մենք կ՛աշխատինք, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, հատուցման հարցը կը բարձրացնենք: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ընթացքի մէջ մտած է: Պէտք է հետամուտ ըլլանք, որպէսզի Թուրքիոյ մէջ ալ տարածուի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցն ու հատուցման հարցը բարձրացուի: Բայց Թուրքիան հետզհետէ աւելի միապետական երկիր կը դառնայ», ըսաւ ան: Գասպար Կարապետեան նշեց, որ Յունիսին եւ Հոկտեմբերին կը նախատեսեն կազմակերպել կլոր սեղան մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցը:
Հայ Դատի Յանձնախումբ
Հայ Դատի Յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատիլ Եւրոպացիներու` Արցախ այցելութիւնը ապահովելու ուղղութեամբ