Ուր­բաթ, 24 ­Փետ­րո­ւար 2023-ի ե­րե­կո­յեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­լոյթ, նո­ւի­րո­ւած ­Յու­նաս­տա­նի խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Պոն­տա­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման 29-ա­մեա­կին։ Ե­րե­կոն կազ­մա­կեր­պո­ւած էր պոն­տա­կան «­Նի­քոս ­Քա­փե­թա­նի­տիս» միու­թեան կող­մէ, ո­րուն յա­տուկ բա­նա­խօ­սու­թեամբ իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի կող­մէ ընկ. ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան։
Ե­լոյ­թին ներ­կայ ե­ղան եւ ող­ջոյ­նի խօսք ուղ­ղե­ցին մեծ թի­ւով յոյն ե­րես­փո­խան­ներ, քա­ղա­քա­պետ­ներ եւ քա­ղա­պե­տու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Գ. զօ­րա­բա­նա­կի ընդհ. հրա­մա­նա­տա­րի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը, ­Կիպ­րո­սի ընդ­հա­նուր հիւ­պա­տո­սը, պոն­տա­կան միու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ եւ այլ պաշ­տօ­նա­տար­ներ։ ­Հայ­կա­կան կող­մէն ներ­կայ ե­ղան Հ.Յ.Դ. ­Կեդր. կո­մի­տէի ան­դամ ընկ. ­Կա­րօ ­Նա­տեան, ­Հա­յաս­տա­նի պա­տո­ւոյ հիւ­պա­տոս ­Սար­գիս ­Տա­կա­զեան եւ տեղ­ւոյն Հ.Յ.Դ. «­Գա­սա­պեան» կո­մի­տէին կող­մէ ընկ. ­Տիգ­րան Պ­լէ­ճեան։
Գլ­խա­ւոր խօ­սողն էր պատ­մա­բան Ք. ­Սա­մուր­քա­սի­տիս, որ ման­րա­մասն ներ­կա­յա­ցուց պոն­տա­կան ող­բեր­գու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թա­ցը խոհր­դա­րա­նին կող­մէ։
­Խօ­սող­նե­րու շար­քին էր նաեւ ընկ. ­Պետ­րոս ­Հա­լա­ճեան, որ նա­խա­պէս ող­ջու­նեց ե­լոյ­թը ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ա­նու­նով, ա­պա անդ­րա­դար­ձաւ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին կող­մէ պոն­տա­ցի­նե­րու ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ի­րո­ղու­թեան։ Ան յա­տուկ անդ­րա­դարձ ը­րաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ջան­քե­րուն, Ար­ցա­խի հիմ­նա­հար­ցի մի­ջազ­գայ­նաց­ման, ար­ցա­խեան վեր­ջին պա­տե­րազ­մին՝ յա­տուկ շեշտ դնե­լով թուրք-ատր­պէյ­ճա­նա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան վրայ։
Ըն­կե­րը մատ­նան­շեց թրքա­կան ռազ­մա­տենչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը, որ ան­ցեալ դա­րու սկիզ­բին պատ­ճառ դար­ձաւ հայ եւ յոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րու դէմ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան, իսկ ծան­րա­ցաւ ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նէն ներս նո­րօս­մա­նա­կան ա­ռա­ւե­լա­պաշ­տու­թեան վրայ։ ­Հայ դա­տի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ Ար­ցա­խի ներ­կայ շրջա­փակ­ման մա­սին, նշե­լով մար­դա­սի­րա­կան մեծ ա­ղէ­տի հե­տե­ւանք­նե­րը, ո­րոնք կը սպառ­նան Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դին վրայ։ Ան նաեւ նշեց, թէ հայ ժո­ղո­վուր­դը, հա­կա­ռակ թրքա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան վտան­գին եւ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ ­Բեր­ձո­րի մի­ջացն­քի ար­գե­լա­փակ­ման, ցոյց տո­ւաւ իր մար­դա­սի­րա­կան զգա­ցում­նե­րը, շտապ օգ­նու­թիւն ղրկե­լով երկ­րա­շար­ժէն տու­ժած դրա­ցի ժո­ղո­վուր­դին։ ­Վեր­ջա­պէս, ընկ. Պ. ­Հա­լա­ճեան յա­տուկ նշում ը­րաւ ­Լա ­Հէ­յի մի­ջազ­գա­յին դա­տա­րա­նի ո­րո­շու­մին, որ կը ստի­պէ Ատր­պէյ­ճա­նը ան­յա­պաղ բա­նալ ­Բեր­ձո­րի մի­ջանց­քը։
­Յա­ջոր­դեց գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գիր, ո­րուն՝ ա­ւան­դա­կան եր­գե­րով, իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ ­Մա­րի­նա ­Տօ­նի­կեան։