Շարունակելով հանդիպումներու իր շարքը Եւրոպական Խորհրդարանի յառաջիկայ ընտրութիւններու թեկնածուներուն հետ, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ընկերներուն եւ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ ընկ. Գասպար Կարապետեանի եւ Եւրոպական Խորհրդարանի թեկնածու տիկին Աննա Միսէլ Ասիմաքոփուլուի միջեւ, անոր գրասենեակէն ներս։ Հայ Դատի Յանձնախումբին ընկերները տիկին Ասիմաքոփուլուին ներկայացուցին յունահայ գաղութի եւ հայութեան դիմագրաւած հարցերու լայն շրջագիծը, եւ զրոյց ծաւալեցաւ Եւրոպայի հետ կապուած Յունաստանն ու Հայաստանը հետաքրքրող տարբեր բնագաւառներու շուրջ։
Տիկին Ասիմաքոփուլու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց զօրավիգ կանգնելու հայութեան ու Հայ Դատի աշխատանքներուն։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հայ Դատի Յանձնախումբին հանդիպումը՝ Աննա Միսէլ Ասիմաքոփուլուի հետ
Հայ Դատի Յանձնախումբին հանդիպումը՝ Աննա Միսէլ Ասիմաքոփուլուի հետ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբին հանդիպումը՝ Աննա Միսէլ Ասիմաքոփուլուի հետ