Յունաստանի Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան առաջարկին ընդառաջելով, Աթէնքի քաղաքապետարանի մշակութային բաժանմունքը կազմակերպեց հայ աշխարհահռչակ դասական յօրինողներու նուիրուած համերգային ելոյթ մը։
Շաբաթ, 29 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, դասական երաժշտութեան սիրահարներու ժամադրավայրը եղաւ Աթէնքի օփերայի քաղաքապետական «Մարիա Քալլաս» շքեղ համերգասրահը, ուր հնչեցին հայ երգի ու նուագի յատկանշական նմուշներ եւ ոգեւորեցին ներկայ բազմութիւնը։ Հայ երաժշտութեան փառատօն մըն էր կատարուածը, որուն դերակատարները՝ Աթէնքի սիմֆոնիկ նուագախումբը, հայազգի անուանի ջութակահար Եաննիս Եորղիատիս եւ տաղանդաւոր երգչուհի Սիրան Չալըքեան անմահացուցին հայկական երաժշտական աշխարհը եւ սրահի ամէն մէկ անկիւնը լեցուցին հայրենի հողի քաղցրահնչիւն մեղեդիով։
Ելոյթը կը վայելէր ներկայութիւնը Յունաստանի Հայոց թեմակալ Առաջնորդին, Ազգային վարչութեան անդամներուն, Համազգայինի մշակութասէր շրջանակին, գաղութային կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ յոյն երաժիշտ մասնագէտներու ու հասարակութեան, որոնք բերնէ բերան լեցուն սրահին մէջ ջերմօրէն ծափահարեցին հայ մշակոյթի մատուցումը։
Աթէնքի սիմֆոնիկ նուագախումբը, ղեկավարութեամբ ծանօթ խմբավար Անտրէաս Ցելիքասի, ներդաշնակ եւ համակարգուած ներկայացումներ ունեցաւ։
Յայտնի էր, որ մաեսթրոյի ճպոտին տակ, համբաւ տիրացած նուագախումբը կատարելապէս իւրացուցած էր հայկական երաժշտութեան իւրայատուկ ծալքերը, հրամցնելով անթերի եւ ներկաներուն սիրտին խօսող կատարումներ։
Համերգը սկսաւ Արամ Խաչատուրեանի ջութակի սուիթի ներկայացումով, որ այլեւս անբաժան մասնիկ մըն է միջազգային երաժշտական գանձարանին։
Նուագախումբը տպաւորեց երաժշտասէր հանրութիւնը, խլելով բուռն ծափահարութիւններ։
Հայ մօրմէ սեռած համբաւաւոր ջութակահար Եաննիս Եորղիատիս հրապուրիչ եւ տիրական ներկայութիւն մըն էր բեմին վրայ։ Ան, իր երիտասարդ տարիքէն արդէն գրաւած էր միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը, իսկ այժմ, իր կեանքի հասուն հանգրուանին, մատներու ճկունութիւնն ու երաժշտական կատարման բարձր հմտութիւնը կախարդիչ հոգեզուարճութիւն մը եղաւ հանդիսասրահէն ներս։
Աւարտին, շարունակական ծափողջոյններով ներկաները քանիցս բեմ հրաւիրեցին տաղանդաւոր երաժիշտը, որպէսզի ստանայ ժողովուրդի գոհունակ արտայայտութիւնները։
Այլեւս ինչպէս խօսիլ յունահայ գաղութի աննման սոխակին՝ սոփրանօ Սիրան Չալըքեանի բարձրորակ ձայնային տաղանդին մասին։ Մեր գաղութին ծոցէն ծնած ազնուափայլ երգչուհին, արժանաւորապէս իր տաղանդին փայլքը տարածեց բեմին վրայ ու համերգասրահին մէջ։ Առնօ Պապաճանեանի «Արիան», Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայի «Ասում են ուրին» մեղեդին եւ Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Բ.» օփերայէն Ողիմպիայի մեներգը, Չալըքեանի ձայնի տաղանդին շնորհիւ տեղ գրաւեցին յոյն երաժշտասէր հասարակութեան սիրտին մէջ։ Ինքնավստահ, մեղեդիի իւրաքանչիւր տառին լաւապէս տիրացած եւ եղանակին քնքուշութիւն տալու իր քաղցրաձայն ճարտարութեամբ, մեր սիրելի երգչուհին խլեց ջերմ ծափահարութիւններ։
Ելոյթի երկրորդ մասը նուիրուած էր հայ հանրածանօթ յօրինող եւ նուագախումբի ղեկավար Լորիս Ճգնաւորեանի «Արարատ» ստեղծագործութեան։ Երկը առաջին անգամ լսուեցաւ Յունաստանի մէջ, տպաւորելով հայ եւ յոյն ներկաները։ Հինգ մասերէ բաղկացած յօրինումը, փառաբանութիւն մըն է առ երկիրն Հայաստան, որ մշակութային գանձարանի հարազատ նմուշներու, ոգեշնչող պատմութեան հերոսական օրերու, արհաւիրքի կամ ստեղծագործութեան մեծութեան արտայայտութիւնն էր ներկայացուած երաժշտական գոհարը։ Ճգնաւորեանի համաշխարհային տաղանդը որպէս երաժիշտ եւ յօրինող անգնահատելի է, եւ այս անգամ, իր ստեղծագործած սուիթը արժանաւորապէս գնահատուեցաւ յոյն երաժշտասէր աշխարհին կողմէ։
Կ՚արժէ գնահատանքի խօսք արտայայտել Համազգայինի պատասխանատուներուն, որոնք յղացումը ունեցան կնքելու նման գործակցութիւն Աթէնքի քաղաքապետարանի մշակութային բաժինին հետ։
Օփերայի թատերասրահի ընտրութիւնն ու մանաւանդ յայտագիրի բովանդակութիւնը ըստ արժանւոյն գովերգուեցան բոլորին կողմէ, իրենց դրոշմը տալով հայ երաժշտութեան բարձրորակ համերգին վրայ։