­Հայ Ա­ւետ. Հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի Ս. Զատ­կո­ւայ պատ­գա­մը

0
59

Ս. Յա­րու­թեան ներ­գոր­ծու­թիւ­նը

Ս. Զա­տի­կը, որ նաեւ Ս. Յա­րու­թեան Տօն կը կո­չո­ւի, Ք­րիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մե­ծա­գոյն տօնն է: Ք­րիս­տո­սի մե­ռել­նե­րէն յա­րու­թիւն ա­ռած ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը ու­ժեղ հա­ւաս­տիք է ան­մա­հու­թեան եւ յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի, ինչ­պէս նաեւ ա­պա­ցոյ­ցը՝ Ք­րիս­տո­սի բե­րած յաղ­թա­կան կեան­քին:
Ս. Յա­րու­թեան նշա­նա­կու­թիւ­նը այն է, թէ Ք­րիս­տոս վճռա­կան յաղ­թա­նակ մը տա­րած է մեղ­քի, խա­ւա­րի եւ մա­հո­ւան ու­ժե­րուն դէմ եւ հաս­տա­տած է իր Փր­կիչ, Մե­սիա եւ Տէր ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թիւ­նը:
Երբ Յի­սու­սի Յա­րու­թեան մա­սին կը խօ­սինք ե­րեք յատ­կան­շա­կան մշմար­ներ կը պար­զո­ւին մեր մտքե­րուն մէջ.-
Ա­ռա­ջին. Յի­սու­սի Յա­րու­թիւ­նը պատ­մա­կան ա­նու­րա­նա­լի ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է: Ան­տա­րա­կոյս, մարդ­կօ­րէն Յի­սու­սի մե­ռել­նե­րէն յա­րու­թիւ­նը կրնայ ան­հա­ւա­տա­լի թո­ւիլ: Ինչ­պէ՞ս մե­ռած մարդ մը կրնայ ողջն­նալ, մարդ­կօ­րէն դժո­ւար է ա­սոր հա­ւա­տալ: Բայց Ա­մե­նա­կա­րող եւ հրա­շա­գործ Աս­տու­ծոյ հա­մար ո­չինչ ան­կա­րե­լի է: Ե­թէ Ան տիե­զեր­քը ո­չին­չէն ստեղ­ծեց՝ մի­թէ կա­րող չէ՞ր որ իր Միա­ծին Որ­դին մե­ռել­նե­րէն յա­րու­ցա­նէր:
Ար­դա­րեւ, Աս­տու­ծոյ փրկա­գոր­ծու­թիւ­նը ան­կա­տար պի­տի մնար, ե­թէ մարդ­կու­թեան փրկու­թեան հա­մար մեռ­նող Յի­սուս Ք­րիս­տոս գե­րեզ­մա­նին մէջ մնար: Յի­սու­սի Յա­րու­թիւ­նը բա­ցար­ձակ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն մըն էր: Ք­րիս­տոս պէտք էր յաղ­թա­նա­կէր մեղ­քի եւ մա­հո­ւան վրայ՝ մար­դոց փրկու­թեան գոր­ծը լիո­վին կա­տա­րե­լու հա­մար: Եւ ան ինչ­պէս յայ­տա­րա­րած էր իր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ իր մա­հո­ւը­նէ ե­րեք օր յե­տոյ յա­րու­թիւն ա­ռաւ: Ա­յո՛, Ք­րիս­տո­սի Յա­րու­թիւ­նը պատ­մա­կան ա­նու­րա­նա­լի ի­րա­կա­նու­թիւն մըն է:
Երկ­րորդ. Այն հրա­շա­լի եւ ան­բա­ցատ­րե­լի կեան­քի ու կեն­ցա­ղի փո­փո­խու­թիւ­նը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ իր ա­ռա­ջին հե­տե­ւորդ­նե­րուն մէջ, ա­պա­ցոյց մըն էր, որ ա­նոնք դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցան յա­րու­ցեալ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի: Յի­սու­սի Յա­րու­թեան նա­խոր­դող շրջա­նին եւ Յի­սու­սի Յա­րու­թեան յա­ջոր­դող շրջա­նին պատ­կե­րը դի­տե­ցէ՛ք: Յա­րու­թեան նա­խօ­րեա­կին Յի­սու­սի հե­տե­ւորդ­նե­րը մեղկ, վախ­կոտ, ա­նող­նա­յար մար­դիկ էին: Ա­նոնք ի­րենց շու­քէն իսկ վախ­ցող երկ­չոտ ա­րա­րած­ներ էին: Իսկ Յի­սու­սի Յա­րու­թե­նէն ետք Ա­նոր հե­տե­ւորդ­նե­րը դար­ձան ան­վախ, ա­րի եւ անն­կուն էակ­ներ: Ա­նոնց պար­տուո­ղա­պաշտ դիր­քը փո­խո­ւե­ցաւ ինք­նավս­տահ քա­ջու­թեան, վիշ­տը փոխուե­ցաւ ու­րա­խու­թեան, մա­հո­ւան հան­դէպ կաս­կա­ծը փո­խո­ւե­ցաւ մար­տահ­րա­ւէ­րի: Այս հիմ­նա­կան շրջա­դար­ձու­թիւ­նը պա­տա­հա­կան ե­րե­ւոյթ մը չէ եւ ոչ ալ շին­ծու փո­փո­խու­թիւն մը՝ կեղ­ծիք մը յա­ւեր­ժաց­նե­լու հա­մար: Ա­նոնք յօ­ժա­րե­ցան ի­րենց կեան­քը զո­հե­լու յա­րու­ցեալ Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի հա­մար:
Ար­դա­րեւ, յետ-խա­չե­լու­թեան եւ յետ-­Յա­րու­թեան այս զոյգ ե­րե­ւոյթ­նե­րը պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւն­նե­րը կը դառ­նան այն չնաշ­խար­հիկ ի­րա­կա­նու­թեան, որ խա­չեա­լը հի­մա Յա­րու­ցեալ Տէր էր եւ Ա­նոր ա­շա­կերտ­ներն ու հե­տե­ւորդ­նե­րը զգա­ցած էին Ա­նոր «­Յա­րու­թեան զօ­րու­թիւ­նը» ի­րենց կեան­քին մէջ: Ա­նոնք ա­կա­նա­տես ե­ղած էին Յա­րու­ցեա­լին ա­ռանձ­նա­պէս եւ հա­ւա­քա­բար, ինչ­պէս թա­փուր գե­րեզ­մա­նին քով, Էմ­մա­ւու­սի ճամ­բուն վրայ, Գա­լի­լիա­յի ծո­վա­փին եւ համ­բարձ­ման լե­րան վրայ:
Եր­րորդ, այն ինչ որ պա­տա­հե­ցաւ Յի­սու­սի ա­շա­կերտ­նե­րու կեան­քին մէջ, պի­տի կրկնո­ւէր շա­րու­նա­կա­բար ա­մէն դա­րու ըն­թաց­քին Ք­րիս­տո­սի նոր հե­տե­ւորդ­նե­րու կեան­քե­րուն մէջ: Այս մա­սին պեր­ճա­խօս վկա­յու­թիւն­ներ հայ­թայ­թած են մե­զի տար­բեր դա­րե­րու մէջ ապ­րող եւ ծա­ռա­յող քրիս­տո­նեա­ներ: Ա­սոր մե­ծա­գոյն եւ պեր­ճա­խօս ա­պա­ցոյ­ցը կը տես­նենք Պօ­ղոս Ա­ռա­քեա­լի կեան­քին մէջ: Հա­լա­ծիչ Տար­սոն­ցի Սօ­ղո­սը պի­տի դառ­նար Ք­րիս­տո­սի հա­մար հա­լա­ծո­ւող սուրբ Պօ­ղո­սը: Եւ նոյ­նինքն Պօ­ղո­սը պի­տի յայ­տա­րա­րէր. «Ո՛չ թէ ես կեն­դա­նի եմ, այլ Ք­րիս­տոս Յի­սուս իմ մէջս կեն­դա­նի է» (­Գաղ. 2.30):
Թէեւ Պօ­ղոս, Յի­սու­սի ա­շա­կերտ­նե­րուն նման, չտե­սաւ յա­րու­ցեալ Ք­րիս­տո­սը իր երկ­րա­ւոր կեան­քի օ­րե­րուն, սա­կայն Ա­նոր յա­րու­թեան զօ­րու­թիւ­նը զգաց իր կեան­քին մէջ: Այդ պատ­ճա­ռով էր, որ ան վկա­յեց, «Ա­մէն բա­նի կա­րող եմ Ա­նով (Ք­րիս­տո­սով) որ զիս զօ­րա­ցուց».
Ն­մա­նօ­րի­նակ փոր­ձա­ռու­թիւն կ’ու­նե­նան բո­լոր ա­նոնք, ո­րոնք ճա­շա­կած են Ք­րիս­տո­սի բե­րած նոր կեան­քը, զգա­ցած են Ա­նոր Յա­րու­թեան զօ­րու­թիւ­նը ի­րենց կեան­քին մէջ եւ բա­նիւ եւ գոր­ծով, կեան­քով ու կեն­ցա­ղով կրնան վկա­յել՝ «­Յի­րա­ւի, Ան յա­րու­թիւն ա­ռած է»: Յա­րու­թեան զօ­րու­թիւ­նը զի­րենք ներշն­չած է քրիս­տո­նէա­կան յոյ­սով, եւ ամ­րապն­դած է ի­րենց հա­ւատ­քը, թէ այս կեան­քի ա­ռօ­րեայ պայ­քա­րին մէջ՝ ի­րենց մթագ­նած ձմրան օ­րե­րուն պի­տի յա­ջոր­դեն կեն­սա­տու գար­նան օ­րեր, ո­րով­հե­տեւ Գող­գո­թա­յէն ան­դին կայ հրա­շա­փառ յա­րու­թիւն, Ա­ւագ Ուր­բա­թին կը յա­ջոր­դէ յաղ­թա­կան յա­րու­թեան Կի­րա­կի ա­ռա­ւօ­տը:
Անց­նող քա­նի մը ա­միս­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ե­ղաւ տագ­նա­պա­լի եւ խռո­վա­յոյզ շրջան մը՝ ի տես Դեկ­տեմ­բեր 6, 2022-էն ի­ վեր Ար­ցա­խը կա­պող միակ ճա­նա­պար­հին (­Լա­չի­նի մի­ջանց­քի) փակ­ման հար­ցին, ինչ­պէս նաեւ Փետ­րո­ւար 6, 2023-ի հա­րա­ւա­յին Թուր­քիոյ եւ հիւ­սի­սա­յին Սու­րիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող երկ­րա­շար­ժին հե­տե­ւան­քով մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րու կրած կո­րուստ­նե­րուն:
Ար­դա­րեւ, այս եր­կու տագ­նապ­ներն ալ կը շա­րու­նա­կեն մտա­հո­գել մեզ՝ հա­կա­ռակ զա­նոնք լու­ծե­լու մեր ան­խոնջ եւ սրտցաւ ջան­քե­րուն: Գու­ցէ յա­ճախ կը մտա­ծենք, թէ ան­յոյս են մեր ջան­քե­րը: Սա­կայն, Ս. Զատ­կո­ւան մե­զի հա­ղոր­դած պատ­գա­մը բո­լո­րո­վին տար­բեր է: Իր յաղ­թա­կան յա­րու­թեամբ Ք­րիս­տոս կը պատ­գա­մէ մե­զի որ յու­սա­հա­տե­լու եւ վհա­տե­լու չենք, ե­թէ եր­բեք ի­րօք կը հա­ւա­տանք Ա­նոր յա­րու­թեան զօ­րու­թեան: Հա­յոց պատ­մու­թիւնն ալ վկայ է ա­սոր, քա­նի որ ա­մե­նէն դա­ժան ու դժխեմ պա­րա­գա­նե­րու մէջ իսկ հայ ազ­գը չէ յու­սալ­քո­ւած:
Արդ, այս հա­ւատ­քով զի­նո­ւած, մեր աշ­խա­տան­քը շա­րու­նա­կե­լու ենք, մեր օգ­նու­թեան ձեռ­քե­րը եր­կա­րե­լու ենք ուր որ կա­րիք կայ, եւ եր­բեք վհա­տե­լու չենք՝ գիտ­նա­լով որ հզօր Աս­տո­ւած Իր գա­հին վրայ նստած՝ կը շա­րու­նա­կէ գա­հա­կա­լել, եւ տնօ­րի­նել ա­մէն բան:

Ք­րիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց
Օրհ­նեալ է յա­րու­թիւնն Ք­րիս­տո­սի:

Վեր. Դոկտ. Վա­հան Յ. Թու­թի­կեան, Գոր­ծա­դիր Տ­նօ­րէն
Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան Հա­մաշ­խար­հա­յին Խոր­հուր­դի