­Հա­մա­վա­րա­կի ստեղ­ծած պայ­ման­նե­րուն տակ, եր­կու տա­րո­ւան ընդ­հա­տու­մէն ետք, ­Կի­րա­կի, 19 ­Յու­նիս 2022-ի ե­րե­կո­յեան, մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ ­Յու­նաս­տա­նի հայ ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ քեր­մէ­սը։
Ա­ւե­լի քան 120 հո­գի, ըն­տա­նիք­ներ եւ բա­րե­կամ­ներ, ըն­դա­ռա­ջե­ցին մա­մու­լէն ե­ղած հրա­ւէ­րին եւ քա­նի մը ժա­մո­ւան հա­մար ներ­կայ ե­ղան ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ըն­դար­ձակ դաշ­տը, միաս­նա­բար հա­ճե­լի ժա­մա­նակ ան­ցը­նե­լու եւ վա­յե­լե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ վար­չու­թեան ու տիկ­նանց մար­մի­նի տա­քուկ հիւ­րա­սի­րու­թիւ­նը։
­Փոք­րե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցան զա­նա­զան խա­ղեր, ուր ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հսկե­ցին ման­կա­հա­սակ­նե­րու խա­ղար­կու­թեան, ի­րենց հետ կա­տա­րե­ցին գծագ­րու­թեան եւ այլ զա­նա­զան զբա­ղում­նե­րու աշ­խա­տանք­ներ։
Ե­կե­ղեց­ւոյ ժրա­ջան ան­դամ­նե­րը կազ­մա­կեր­պե­ցին ճա­շի պատ­րաս­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ կազ­մա­կեր­պած էին փոքր պա­զար մը, տրա­մադ­րե­լով հայ­կա­կան ճա­շե­րու նմուշ­ներ եւ այլ հա­մեղ պատ­րաս­տու­թիւն­ներ։
Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան ա­ռի­թը ու­նե­ցաւ շրջե­լու բո­լոր սե­ղան­նե­րը եւ բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լու ներ­կա­նե­րուն, նաեւ զան զրոյ­ցի յար­մար ա­ռիթ ու­նե­ցաւ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րուն հետ, ո­րոնք ի­րենց շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը եւ գո­հու­նա­կու­թիւ­նը յայտ­նե­ցին կազ­մա­կեր­պո­ւած ե­լոյ­թին հա­մար։
Ն­շենք, որ քեր­մէ­սը եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր կազ­մա­կեր­պո­ւած ա­մառ­նա­յին գե­ղե­ցիկ հա­ւաք մըն է, ուր կը տի­րէ հայ­կա­կան մթնո­լորտ՝ ըն­տա­նե­կան եւ բա­րե­կա­մա­կան կա­պե­րով, խա­ղե­րով եւ զբա­ղում­նե­րով, իսկ այս ամ­բող­ջին մէջ ե­կե­ղեց­ւոյ ան­դամ­նե­րու կող­մէ պատ­րաս­տո­ւած հա­մեղ ճա­շե­րը ա­ռի­թը կը ստեղ­ծեն ու­րախ մի­ջա­վայ­րին մէջ քա­նի մը ժամ վա­յե­լե­լու եւ մտեր­միկ բա­րե­կա­մա­կան զրոյց­ներ ու­նե­նա­լու ի­րա­րու մէջ։
­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր աշ­խա­տող­նե­րուն եւ քեր­մէ­սի յա­ջո­ղու­թեան սա­տա­րող­նե­րուն։

ԹՂԹԱԿԻՑ