­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ եր­կար տա­րի­նե­րու գե­ղե­ցիկ սո­վո­րու­թիւ­նը այս ան­գամ եւս մատ­չե­լի դար­ձաւ ժո­ղո­վուր­դին։ Ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած տօ­նա­կան պա­զա­րը իր դռնե­րը բա­ցաւ ­Շա­բաթ, 8 ­Նո­յեմ­բեր 2025-ի ե­րե­կո­յեան, ­Գո­քի­նիոյ ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ։
Եր­կար ա­միս­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տան­քին ըն­թաց­քին, ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ վար­չա­կան­նե­րը եւ օ­ժան­դակ տի­կին­ներ, մե­ղո­ւափե­թա­կի մը նման պատ­րաս­տե­ցին հայ­կա­կան հա­մեղ ճա­շեր ու ա­նու­շե­ղէն­ներ, ո­րոնք ճո­խա­ցու­ցին պատ­րաս­տո­ւած սե­ղան­նե­րը եւ տրա­մադ­րո­ւե­ցան այ­ցե­լու­նե­րուն։
­Մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ, Ա­թէն­քի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն ժա­մա­նած այ­ցե­լու­ներ, ա­ռիթ ու­նե­ցան վա­յե­լե­լու լե­ցուն սե­ղան­նե­րը, տես­նե­լու եւ համ­տե­սե­լու զա­նա­զան ճա­շեր, բնա­կա­նա­բար նաեւ քա­ջա­լե­րե­լու կա­տա­րո­ւած գոր­ծը, գրե­թէ սպա­ռե­լով բո­լոր ու­տես­տե­ղէն­նե­րը։ Ե­կե­ղեց­ւոյ սե­ղան­նե­րուն կող­քին, հայ­կա­կան այլ ըն­կե­րու­թիւն­ներ եւս ցու­ցադ­րե­ցին զա­նա­զան ապ­րանք­ներ ու ըմ­պե­լի­ներ, ի­րենց շուրջ եւս հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծե­լով։
Այ­ցե­լու­նե­րուն կը դի­մա­ւո­րէր ­Հայ Ա­ւե­տա­րա­նա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ վե­րա­պա­տուե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, որ բա­րի գալս­տեան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով ա­ռիթ ու­նե­ցաւ զրու­ցե­լու ներ­կա­նե­րուն հետ, ա­պա ա­ղօթ­քով բա­ցո­ւած հա­մա­րեց հա­ւա­քը, օրհ­նե­լով սե­ղան­ներն ու այ­ցե­լու հայ­րե­նա­կից­նե­րը։ ­Սե­ղան­նե­րու ե­տին կանգ­նած տի­կին­նե­րը ի­րենց ժպի­տով եւ ու­րախ տրա­մադ­րու­թեամբ հա­սան բո­լոր այ­ցե­լու­նե­րու սպա­սարկ­ման աշ­խա­տան­քին։
Իս­կա­պէս գնա­հա­տե­լի եւ գո­վե­լի աշ­խա­տանք մըն էր, ո­րուն նիւ­թա­կան ար­դիւն­քը կը տրա­մադ­րո­ւի կա­րի­քա­ւոր ըն­տա­նիք­նե­րու օգ­նու­թեան։ Ն­ման ե­լոյթ­ներ, բա­ցի ստեղ­ծած ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տէն, բա­րե­գոր­ծա­կան նպա­տակ­նե­րու հաս­նող ազ­նիւ մա­տու­ցում­ներ են։

ԹՂԹԱԿԻՑ