Ազգային Առաջնորդարանի դիւանը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ Հինգշաբթի՝ 7 Սեպտեմբեր 2017ին, Յունահայոց նորընտիր առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան ընդառաջեց Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքապետ Վեր. Վիգէն Չոլաքեանի եւ համայնքի ատենապետ պրն. Յովիկ Ներսէսեանի ընթրիքի հրաւէրին:
Առաջնորդ Սրբազանին հետ միասին հրաւիրեալ հիւր էին Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան։
Առաջնորդ Սրբազանին յունահայոց առաջնորդ ընտրութեան առթիւ շնորհաւորական եւ յաջողութեան բարեմաղթութեամբ եւ եղբայրական ազնիւ տրամադրութեամբ եղած այս հրաւէրը, միաժամանակ, բարեպատեհ առիթ մը եղաւ յօգուտ Յունաստանի մէջ հայ առաքելական եւ հայ աւետարանական համայնքներու փոխադարձ աջակցութեան եւ գործակցութեան տրամադրութիւններու ամրապնդման։ Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետը շնորհակալական խօսքերով յաջողութեան բարեմաղթութիւններ կատարեցին Յունաստանի հայ աւետարանական համայնքի Վեր. Վիգէն Չոլաքեանին եւ ատենապետին:
Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պ. Չոլաքեան
մասնակցեցաւ Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութեան
զոհերու յիշատակին հոգեհանգիստին
Ազգային Առաջնորդարանի դիւանը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ Աթէնքի մարզպետարանի եւ Յունաստանի «գաղթականաց միութեանց» ատենապետի հրաւէրին ընդառաջելով՝ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան Կիրակի՝ 17 Սեպտեմբեր 2017ի առաւօտեան ժամը 11ին ներկայ գտնուեցաւ յունաց առաջնորդարանիստ մայր Տաճար, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն՝ Փոքր Ասիոյ յոյներու ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին։
Պաշտպանութեան փոխ-նախարար պրն. Տիմիթրիս Վիցաս, իր խօսքի ընթացքին, մայր Տաճարին մէջ բաւական անգամ յղումներ կատարեց Հայոց Ցեղասպանութեան մասին։
Պաշտօնական հիւրերու առաջին կարգին՝ յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետը, յանուն Յունաստանի հայութեան՝ դափնեպսակ զետեղեց Անծանօթ Զինուորի դամբանին։
Նաեւ՝ պրն. Չոլաքեան մտերմիկ զրոյց ունեցաւ պաշտօնական անձնաւորութեանց հետ։