­Յու­նաց ­Մարտ 25ի ան­կա­խու­թեան տօ­նին ա­ռի­թով տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­շա­կեր­տա­կան տո­ղանցք Այ. Իոան­նի ­Ռեն­տիի շրջա­նին մէջ։ Տո­ղանց­քին՝ ­Ռեն­տիի 5րդ ­նա­խակր­թա­րան դպրո­ցի 6րդ ­դա­սա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­հի՝ ­Մա­րի ­Յով­սէ­փեան, ­Մի­սա­կի՝ իր դպրո­ցի դրօ­շա­կա­կի­րը ե­ղաւ։ ­Տո­ղանց­քին ներ­կայ էր ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան հիւ­պա­տոս՝ Ան­նա ­Խա­չատ­րեան, որ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Հ. ար­տա­կարգ եւ լիա­զօր դես­պան ­Ֆա­դէյ ­Չար­չօղ­լեա­նի ա­նու­նով՝ պա­տո­ւոյ գիր մը յանձ­նեց ­Մա­րի ­Յով­սէ­փեա­նին, մաղ­թե­լով նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ իր ուս­ման մէջ: