­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող «CIS Ար­մե­նիա» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը փայ­լուն յա­ջո­ղու­թիւն ձեռք ձգե­ցին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին դպրո­ցա­կան մրցոյ­թին, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ­Հոկ­տեմ­բե­րին, հե­ռա­ւոր Ա­րե­ւել­քի ­Պանգ­կոկ քա­ղա­քին մէջ։
Իսկ որ­պէս շա­րու­նա­կու­թիւն ա­նոնց ու­նե­ցած յա­ջո­ղու­թեան, կա­րո­ղա­ցան մաս­նակ­ցու­թեան ի­րա­ւունք ստա­նալ Մ. ­Նա­հանգ­նե­րու հան­րա­ծա­նօթ Եէյլ հա­մալ­սա­րա­նին մէջ կա­յա­նա­լիք Ա­խո­յեան­նե­րու շրջա­գա­յու­թեան ծրա­գի­րին։
Ն­շենք, որ ամ­բողջ աշ­խար­հի 50000 մաս­նա­կից­նե­րէն, միայն 3000 ա­շա­կերտ կը ստա­նան սոյն պա­տի­ւը, որ հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տան­քի, մտա­յին ան­խոնջ մար­զան­քի, գի­տե­լիք­նե­րու ան­բար­ման եւ ա­մա­ռո­ւան ե­ղա­նա­կին եր­կար պատ­րաս­տու­թեան ար­դիւնք է։ ­
Պանգ­կո­կի մշա­կու­թա­յին ցու­ցա­հան­դէ­սին ա­նոնք տա­րա­ծե­լով հայ մշա­կոյ­թը, ա­ւան­դու­թիւն­ներն ու պատ­մու­թիւ­նը աշ­խար­հի բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րէ ե­կած ի­րենց հա­սա­կա­կից­նե­րուն, ծա­նօթ դար­ձու­ցին հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան եւ մշա­կու­թա­յին հա­րուստ գան­ձա­րա­նը։