ՄԻՀՐԱՆ Ք.
Ներկայ տարին կը զուգադիպի հայակրթական հաստատութիւններէն՝ Հայ Կապոյտ Խաչի Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան ազգային վարժարանի հիմնադրութեան 60-ամեակին: Նշանակալի իրագործում մը, որ կարելի եղաւ յաջողցնել շնորհիւ այդ օրերու կուսակցական-միութենական մարմիններու ձեռներեցութեան ու ի գործ դրած ճիգերուն, ինչպէս նաեւ Հ.Օ.Մ.-ի մեծ բարերարուհի՝ մայր Սոֆիա Յակոբեանի կողմէ 50.000 տոլարի դրամական օգնութեան, իր ատենին պատկառելի գումար, որ դպրոցաշինութեան ձեռնարկելու աշխատանքին հիմնական ատաղձը կազմեց, որու վրայ աւելնալով ազգայիններու լիաբուռն նուիրատուութիւնները շէնքին կառուցումը ամբողջացաւ եւ հայորդիներու նախակրթութեան համար դպրոցը իր դռները բացաւ 1962-ին…:
Ուրեմն, հայակրթական ճակատի վրայ 60 տարիներու անխափան եւ յաղթական երթ մը, որու համար արդար է եւ իրաւունք, որ յունահայութիւնը տօնէ յաղթականի իր հպարտութիւնը:
Քանի-քանի՜ սերունդներ 60 երկարաձիգ տարիներու ընթացքին ամէն առտու, եթէ ոչ բառացի, բայց անպայման լռելեայն ու ներքնապէս իմանալի՝ բանաստեղծին պէս կրկնեցին՝
«…Ու ես կ՚երթամ դէպի աղբիւրը լոյսին…»:
Նախակրթութեան մակարդակի վրայ իսկ հայկական դպրոցը հայ աշակերտին համար տարրական գիտութեան լոյսի աղբիւր է եւ ուսման զուգահեռ՝ դարբնոց մըն է նաեւ, ուր կը կերտուի ազգային ու ազնիւ նկարագրով հայ պատանին: Հոն է, որ փոքր տարիքին՝ անհատի կազմաւորման առաջին քայլերուն հետ հայ աշակերտին առջեւ կը բացուին ոսկեղնիք հայերէն գիրերը: Հոն է, որ ան կը ծանօթանայ մեր աւանդութիւններուն, մեր ազգի պատմութեան, անոր հոգին ու միտքը կը դրոշմուին ազգի հերոսներու սխրանքներով, հոն է նաեւ, որ ան նախաճաշակը կ’առնէ մշակութային մեր արժէքներուն եւ կ’ընտելանայ հայ մտքի ու հոգիի ստեղծագործութիւններուն: Եւ վերջապէս, այս բոլորին շաղախովն ալ կ’ամրանան առաջին ծիլերը պատանիի գիտակցութեան ու անհատականութեան:
Այո՝. շատ բան ըսուած ու գրուած է հայ դպրոցի մասին: Շատ բան պիտի ըսուի ու գրուի տակաւին՝ շեշտելու համար անոր ու հայակրթութեան անփոխարինելի տեղն ու դերը մեր կեանքին մէջ:
Հաւանական շփոթի առաջքն առնելու համար ըսենք, որ յունահայ գաղութի հայակրթութեան պատմութիւնը շատ աւելի հին է: 1922-ի Փոքր Ասիոյ աղետէն ետք, գաղթակայաններու մէջ պատսպարուած յունահայութիւնը առաջին տասնամեակին մէջ իսկ կառուցած է եկեղեցիներ եւ բացած դպրոցներ՝ շատ աղքատիկ պայմաններու տակ՝ թիթեղածածկ եւ յաճախ վարագոյրներով իրարմէ բաժնուած դասարաններու պատկերով…:
Ուստի յստակացնենք, որ 60-ամեակը կը վերաբերի հինէն գործող հայկական դպրոցի մը՝ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան նոր անունով եւ արդիական կառոյցով նորովի շարունակուող վարժարանի հիմնադրութեան:
Անցնող 60 տարիներուն դպրոցի պահպանումն ու անոր անխափան գործունէութիւնը երբեք դիւրին չեղաւ թէ անձնակազմի եւ թէ յատկապէս պիւտճէական դժուարութեանց պատճառով: Երկրորդ պատերազմին՝ սովի ու անօթութեան մատնուած երկիր, ապա ահաւոր անգործութիւն, որու հետեւանքով ալ արտագաղթ: Հայագաղութը կը նօսրանայ եւ կը մնայ փոքրաթիւ հայութիւն, բայց կուսակցական ու ազգային մարմիններ սրբազան խենթութեամբ մը կը յամառին հոծ գաղութի մը բոլոր գործօնները պահել ու անոնց կարիքներուն հասնիլ: Եկեղեցիներ, առաջնորդարան, քահանայական դաս, երկու դպրոցներ՝ ուսուցչական կազմերով, օրաթերթ ու անձնակազմ, ակումբներ իրենց աշխուժութիւններով եւ այլն:
Այս բոլոր գործօններուն մէջ առաջնահերթութիւն տրուած է միշտ ու յատուկ գուրգուրանքի արժանացած է հայ դպրոցը այն գիտակցութեամբ, որ ան է հիմնաքարը գաղութի եւ ինչու չէ, նաեւ ազգի տեւելիութեան:
Յիշենք դժուար տարիները, երբ վարժարաններու տարեկան պիւտճէն կարենալ հաւասարակշռելու ճիգով եւ ըստ սովորութեան, շրջաններու մէջ ինչպիսի հանգանակիչ յանձնախումբեր կը կազմուէին, որոնք օրերով ու շաբաթներով կ՚այցելէին ազգայիններու տուները դրամական օգնութիւն ստանալու համար:
Հայ դպրոցը ուսումի եւ հայակրթական ջերմանոց մը ըլլալէ ետք, կը հանդիսանայ նաեւ այն հանգոյցը, որուն փոքր տարիքէն կը կապուի ազգին պատկանելու ենթակային գիտակցութիւնը: Ամէն օր, որ ծնողքը իր զաւակին դասերուն կը հետեւի, անոր պայուսակը կը պատրաստէ կամ առաւօտուն դպրոցական ինքնաշարժին կը սպասէ, բնականաբար իր ենթագիտակցութեան մէջ անզգալաբար կը դրոշմուի, թէ զաւակը կ’երթայ հայկական դպրոց, հայերէ բաղկացած ընկերներու մօտ եւ նովին բանիւ՝ անզգալաբար ու անգիտակից կը միանայ հանգոյցին, այսինքն ազգի պատկանելիութեան:…:
Իսկապէս, հայկական դպրոցը ազգային անփոխարինելի դարբնոց է, ուր աշակերտը կը զինուի բարոյապէս ու գիտութեան լոյսով, որպէսզի չընկրկի կեանքի պայքարին մէջ:
Այդ զէնքն է ազգի ապաւէնը եւ հայտեւումի երաշխիքը:
Այդպէս եղած է անցեալին, այդպէս է նաեւ այսօր։
Նոյնպէս, տարին կը զուգադիպի Ճենազեան միջնակարգի հիմնադրութեան 30-ամեակին: 1991-1992 ուսումնական տարեշրջանին էր, որ միջնակարգի առաջին դասարանը սկսաւ գործել եւ յաջորդող տարիներուն համալրուեցաւ անոր եռամեայ ընթացքը:
Որով, սպասելի է եւ աղուոր առիթ, որ վերամուտին՝ Սեպտեմբեր կամ Հոկտեմբեր ամսուն, պատկան մարմինները ոգտուելով համավարակի սեղմումներու վերացումէն, կարգ մը նախաձեռնութիւններով գէթ նշեն երկու կարեւոր ամեակները, շեշտադրեն հայակրթութեան անյետաձգելի կարեւորութիւնը եւ ազգայիններուն ու յատկապէս հայ երիտասարդին ուշադրութիւնը սեւեռեն հայ դպրոցի կենսական նշանակութեան վրայ…:
Աթէնք, 8 Յունիս 2022