Չորեքշաբթի, 25 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կից գտնուող «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյս թաղային խորհուրդին կողմէ կազմակերպուած մեծարանքի հանդիսութիւն, ի պատիւ Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմի մասնակից քաջարի հերոսներուն՝ Վարազդատ եւ Վարդան Սանէեաններուն, Մանուէլ Յակոբեանին եւ Հենրիկ Գրիգորեանին, որոնք ժամանակաւոր կերպով կը գտնուին Թեսաղոնիկէ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ընկ. Յովիկ Գասապեան, որ ողջունեց եւ վեր առաւ մեր քաջորդիներուն սխրանքները, ապա հրաւիրեց Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եղիա աբղ. Մալխասեանը, որպէսզի իր եւ եկեղեցւոյս թաղային խորհուրդին կողմէ սիրտի խօսքը փոխանցէ: Յետոյ, բեմ հրաւիրուեցաւ Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տակազեան, որպէսզի իր խօսքը փոխանցէ յունարէն լեզուով: Հանդէս եկան նաեւ մեր հերոսները, որոնք քառասունչորսօրեայ պատերազմէն դէպքեր, վկայութիւններ, եւ ապրումներ փոխանցեցին ներկաներուն: Մանուէլ Յակոբեանին հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սփիւռքահայութեան, որ պատերազմի ընթացքին Արցախին, մեր նուիրեալ զինուորներուն ու արցախահայութեան զօրակցեցաւ ու նեցուկ կանգնեցաւ:
Գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին, Պարոյր Սեւակի «Խաղաղութիւն» բանաստեղծութիւնը ասմունքեց Աստղիկ Կարապետեան։ Յաջորդաբար, Էդուարդ Պաղտասարեանի «Գիշերային Ռոմանս», Ռոմանոս Մելիքեանի «Վարդ» եւ Ալեքսանդր Յարութիւնեանի «Ինքնաստեղծում» ստեղծագործութիւնները կատարեցին Նունէ Տօնիկեան (դաշնամուր) ու Ռոզա Թէրզեան (թաւջութակ): Աւետիս Ահարոնեանի «Յարգա՛նք Քեզ» բանաստեղծութիւնը՝ յունարէն թարգմանութեամբ, ասմունքեց Մարի Հեքիմեան: Գեղարուեստական ելոյթը իր աւարտին հասաւ սոփրանօ Սիրան Չալըքեանի՝ Պ. Վ. Նաթանեանի «Ա՜խ, Հայաստան» երգին մեկնաբանութեամբ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ յուշանուէրներու փոխանցում: Առաջին հերթին, Սարգիս Մնացականեան իր կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները յանձնեց հերոսներուն, ապա Հ.Օ.Մ.-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները հերոսներուն փոխանցեցին շրջանիս հոգեւոր հովիւը, Հ.Գ.Խ.-ի ատենապետուհի ընկ. Նուարդ Ղալիլէա-Գալֆայեան եւ Հ.Հ. պատուոյ հիւպատոս Սարգիս Տակազեան:
Աւարտին, տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։
ԹՂԹԱԿԻՑ